ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ուրախ եւ յաջող օր մը պիտի ունենաք. ինչ որ ընէք, դիւրին պիտի ընթանայ: Զգացական գետնի վրայ, եթէ ամուրի էք, երազային եւ անսպասելի հանդիպում պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրը շատ նպաստաւոր չէ: Զգուշացէք եւ մի՛ ջղայնանաք: Նիւթական եւ աշխատանքի դժուարութիիւններ պիտի ունենաք, որոնք անցողակի են: Համբերութեամբ ամէն բան կը լուծուի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ արձակուրդի մէջ էք եւ ձեր միջավայրը փոխած էք, շատ հաճելի ժամանակ մը պիտի անցընէք: Հետաքրքրուեցէք տեսարժան վայրերով եւ թանգարաններով, որպէսզի ձեր գիտութիւնը զարգանայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այսօր ձեր ջիղերը խանգարուած են եւ ո՛չ մէկ բան ընել կ՛ուզէք: Հանգստացէք եւ անցած լաւ օրերուն մասին մտածեցէք, որպէսզի հանդարտիք: Վաղը ամէն բան կը փոխուի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր շրջապատին մէջ լարուածութիւն մը, գոյութիւն ունի, եւ ամէն անձ ջղային է: Հեռո՛ւ մնացէք, որպէսզի անոնց հարցերուն չմասնակցիք: Այլապէս կրնաք անհանգստանալ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրը շատ նպաստաւոր պիտի ըլլայ: Եթէ ծրագիրներ ունիք, կատարեցէք եւ ձեր այլազան պէտքերուն գոհացում տուէք: Առիթը մի՛ կորսնցնէք, միշտ նոյն բախտը չէք կրնար ունենալ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Խճողուած օր մը պիտի ունենաք` տօնախմբութիւն, երեկոյթներ, հրաւէրներ. ա՛լ պիտի չգիտնաք` ո՛ր մէկը ընդունիլ: Առիթէն օգտուեցէք, քանի որ նման օրեր միշտ չեն պատահիր:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Արձակուրդի մէջ նոյնիսկ ձեր աշխատանքին մասին կը մտածէք, ինչ որ ձեզ կը յոգնեցնէ: Ամէն բան` իր ժամանակին: Մոռցէք ձեր գործը եւ օրուան բարիքները վայելեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ըլլայ աշխատանք, անձնական գործեր եւ կամ անձնական կեանք` ամէնուն մէջէն դիւրութեամբ դուրս պիտի գաք: Օրը շատ պայծառ է: Ինչո՞ւ վիճակահանութեան տոմս մը չառնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պետական եւ պաշտօնական բոլոր գործերը վերջապէս կարգադրած էք. հիմա հանդարտ մտքով կրնաք ձեր ժամանցներուն մասին մտածել: Ձեր բարեկամներուն հետ կարելի է հաճելի երեկոյ մը անցընել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Տրամադրութիւնները շատ բարձր չեն այսօր. աւելի լաւ է, որ ձեր շրջապատէն հեռանաք, որպէսզի ոեւէ մէկը չվիրաւորէք: Նման օրեր անշուշտ անցողակի են:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կարգ մը կարեւոր գործեր մէկ կողմ ձգած էք եւ կարծէք` մոռցած էք: Ժամանակն է գործի լծուելու, որպէսզի աւելի չբարդանան, այլապէս նեղ կացութեան կրնաք մատնուիլ: