Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ` ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՈՉ ՄՆԱՅՈՒՆ ԱՆԴԱՄ ԴԱՌՆԱԼԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

October 26, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արմէն Ռուստամեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Ռուստամեան երէկ emedia.am կայքէջին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ազրպէյճանի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ դառնալու փաստը Հայաստանին նախաձեռնող չըլլալու հերթական հետեւանքն է:

Ըստ անոր, իշխանութիւնները շատ մեծ յաջողութիւն կը նկատէին կիրարկուած այն մարտավարութիւնը, որ Հայաստան չ՛առաջադրեր իր թեկնածութիւնը եւ անով աւելի պիտի դժուարացնէ Ազրպէյճանի անցնիլը: Ան նշեց, որ կար նաեւ հակառակ տեսակէտը. բոլոր անոնք, որոնք խնդիր ունէին եւ դժուարութիւնը` ընտրել Հայաստա՞ն, թէ՞ Ազրպէյճան, այդ դժուարութիւնը այլեւս չեն ունենար եւ Ազրպէյճանի ձայները կը շատնան: Արմէն Ռուստամեան աւելցուց, որ Ազրպէյճանի` Ապահովութեան խորհուրդին մէջ երկու տարի ըլլալը Հայաստանի համար շատ լուրջ փորձութիւններու ժամանակաշրջան մը պիտի ըլլայ, եւ բնական է, որ ազրպէյճանցիք պիտի ձգտին, որ Ապահովութեան խորհուրդը իրենց համար ձեռնտու հաստատումներով նոր բանաձեւ ընդունի:

Ա. Ռուստամեան այս ամէնը ձախողութիւն կը նկատէ` նշելով սակայն, որ իշխանութիւնները ասիկա անգամ մը եւս պիտի փորձեն իբրեւ մեծ յաջողութիւն ներկայացնել: «Ինչպէս մեր մօտ սովորաբար կը պատահի: Հայ-թրքականն ալ հիմա կը նկատեն մեծագոյն յաջողութիւն: Պաշտօնական քարոզչութեան ձեւերուն մենք ծանօթ ենք», նշեց Ա. Ռուստամեան:

Ըստ դաշնակցական գործիչին, Արցախի հարցին մէջ Ազրպէյճանի յաջողութիւնները ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ կախեալ են այն կէտէն, որ Ազրպէյճան ի՞նչ բանաձեւեր պիտի յաջողի այնտեղ անցընել: Ան շեշտեց, որ Ազրպէյճան ամէն ինչ պիտի ընէ այդ 2 տարին լիարժէքօրէն իր օգտին օգտագործելու համար, իսկ Հայաստան ընդհանրապէս խաղէն դուրս կը գտնուի եւ նախաձեռնութեան դարձեալ մեր հակառակորդը կը տիրէ:

 

Նախորդը

«ԹՈՒՐՔԻԱ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՄԻԱՍԻՆ ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ՊԱՅՔԱՐԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՄԱՐ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

Յաջորդը

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՌՈՒՍԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԵՐԿՈՒ ՊԱԼԱՏՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։