Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու թիւ 14 դատարանին մէջ սկսած է Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով հերթական դատական նիստը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»:
Թուրքիոյ Սամսոն քաղաքի կիսազինուորական ոստիկանութեան հետախուզական բաժանմունքի նախկին տնօրէն Պիրոլ Ուսթաօղլու պաշտպանական ճառի ընթացքին յայտնած է, որ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթ Սամսոնի մէջ իրենց կողմէ ձերբակալուելէ անմիջապէս ետք խոստովանած է կատարած յանցանքը, ապա խնդրած է արտօնել հանել ծոցի գրպանը գտնուող թրքական դրօշը:
«Դատախազի ցուցմունքներուն վրայ հիմնուելով` սկսայ հարցաքննութեան: Ըսի. «Ի՞նչպէս ես»: Ըսաւ. «Լաւ եմ: Պոլսոյ այդ լրագրողը ես սպաննած եմ: Դրօշը կրնա՞մ հանել»: Ես դուրս եկայ: Տնօրէնս ու վարչութեան միւս աշխատակիցներ կային այդտեղ, անոնք ալ գիտէին գլխաւոր դատախազին վերաբերմունքը հարցին նկատմամբ, եւ որոշում տրուեցաւ հանելու դրօշը: Կիսազինուորական ոստիկանութեան տեսախցիկները նկարած են ամէնը, յետոյ նկարները յայտնուեցան համացանցի վրայ», պատմած է Ուսթաօղլու:
«Ի՞նչ նպատակով կատարուած են այդ խայտառակ նկարները», հարցուցած է դատարանի նախագահը Ուսթաօղլուին, որ պատասխանած է. «Արխիւի համար»:
Նախապէս գործին առնչութեամբ վկայութիւն տուած Սամսոնի ոստիկանութեան մէկ այլ նախկին աշխատակից` Մեթին Պալթան դատարանին մէջ պատմած էր, որ տեղւոյն գլխաւոր դատախազը իրենց հրամայած էր Սամասթին լաւ վերաբերիլ: «Դատախազը եկաւ եւ պահանջեց, որ լաւ վերաբերմունք ցոյց տանք իրեն, որպէսզի ամէն բան դիւրին պատմէ: Մենք ալ սկսանք լաւ ոստիկանի դերին մէջ մտնել», ըսած էր Պալթան:
Հրանդ Տինք սպաննուած է 19 յունուար 2007-ին: Անոր սպանութեան գործով մեղադրեալներու թիւը հասած է 86-ի, որոնց շարքին` նաեւ Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիս 2016-ի յեղաշրջման փորձի կազմակերպիչը նկատուող կրօնական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը:
Յայտնի է, որ 86 մեղադրեալներէն 30-ը կը գտնուին կալանքի տակ: