ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
«… Այս բոլորէն վեր ու այս բոլորին նպատակը
ճարտարապետող Արամ Մանուկեան իրաւ ու անվիճելի տէրը
Լենինի անուան կեդրոնական հրապարակին:
Ատենն է որ հայրենի ժողովուրդը տայ այդ ուշացած պատիւը իր
երախտաշատ զաւկին` հայ նոր պետականութեան անհերքելի
հիմնադրին, փոխելով հրապարակին ներկայ անունը:
ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
1989
Յիսունական թուականներու Յովակիմեան-Մանուկեանի տարիներուս ամառնային արձակուրդները կ՛անցընէինք Պիքֆայա, Պէյրութէն մօտ 18 քմ հեռաւորութեամբ գտնուող գիւղը: Հոն կ՛ըլլային նաեւ դասընկերներէս Ժիրայրն ու Յովհաննէսը, երկուքն ալ` ինձմէ դասարան մը բարձր: Ժիրոյին հետ մեր հանդիպումները յաճախակի կ՛ըլլային Այն Տիլպ կոչուող աղբիւրին մօտ, Սովորական մեր հանդիպումներէն մէկուն Ժիրոն յայտնեց.
– Մինչեւ երէկ կը կարդայի Չարենցի «Սոմա»-ն, «Լենինն ու Ալին», «Ամբոխները խելագարուած»-ը: Երէկ սկսայ կարդալ Մայակովսկիի գործերը: Հոյակապ է Մայակովսկին, Չարենցը անկէ ազդուած է:
– Չեմ կարծեր, թէ Մայակովսկին այդքան լաւ ըլլայ: Չարենցին չի հասնիր:
Ժիրոյինը ընթերցանութեան մը տպաւորութիւնն էր, իմ պատասխանս` բնազդական հակազդեցութիւն: Ո՞վ կրնար գերազանցել «Ես իմ անուշ»-ի հեղինակը, երբ մանաւանդ նոյն այդ օրերուն տարբեր հեղինակէ կարդացած մէկ գործիս հայրենական ջերմութեամբ պարուրուած տողերը տակաւին շատ թարմ էին մտքիս մէջ.
Քաջալանջ Հայկից թող մինչեւ
Տիգրան
Եւ պերճ Տիգրանից թող մինչեւ
Կարմիր Վարդան
Ու մինչեւ Գագիկ, ու մինչեւ
Թորոս,
Մինչեւ Դաւիթ Բէկ,
Եւ մինչեւ, մինչեւ Բաղրամեանն
Հերոս…
Ինչպէս եւ Շուշանեանի «Օրագիր»-ը իր անապական հայրենասիրութեամբ եւ Շահնուրի «Նահանջ»-ը հազիւ թէ արտօնէին որեւէ զիջում Չարենցի քերթողութեան տեսակարար կշռին մասին: Ութերորդ թէ իններորդ դասարանն էինք այդ ամառ: Քանի մը շաբաթ ետք կարդացի «Requiem Aeternam»-ը, եւ երբ ողբացեալ Սիմոն Սիմոնեանը հրատարակեց
«Գիրք Ճանապարհի»-ն արդէն Չարենցը անցած էր Վարուժանի, Սիամանթոյի, Օշականի, Թէքէեանի կարգին` ուսանողի իմ գրական երանգապնակին վրայ: Այդպէս ալ պիտի մնար առանց որեւէ… վերանայման: Կային անշուշտ տարբեր գրողներ եւս, առաջին հերթին Տէրեանը, նոյնքան ինքնուրոյն, նոյնքան նշանակալից ու ծանրակշիռ:
Ի՞նչն էր Չարենցը զատորոշողը միւսներէն, որ կ՛ընէր զինք կեդրոնական դէմքը խորհրդահայ գրականութեան: Ապրեցաւ միայն քառասուն տարի, Վարուժանէն տասը տարի աւելի: Բայց պատահեցաւ այնպէս, որ Չարենցը դադրի պարզ գրող մը ըլլալէ` նոյնանալու համար մեր ժողովուրդին ու մեր պատմութեան հետ: Ուրիշ ոեւէ մէկ գրողէ աւելի` Չարենցի կեանքն ու գործը կը միաձուլուին մեր ժողովուրդի ձգտումներուն, իտէալներուն եւ տառապանքին ինչպէս նաեւ մեր ազատագրական պայքարի շարժման հետ: Արդ, ուսումնասիրել անոր կեանքը` կը նշանակէ ուսումնասիրել մեր պատմութիւնը մեր գոյութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակին մէջ:
Պատանի հասակին կ՛արձանագրուի կամաւոր` հայկական 6-րդեւ 7-րդ կամաւորական միացեալ գունդին` Իշխան Արղութեանի հրամանատարութեան տակ եւ իբրեւ կամաւոր` կը մասնակցի Վանի կռիւներուն: Այդ փորձառութիւնը առիթ կու տայ մօտէն տեսնելու, վկայելու Արեւմտահայաստանի աւերումն ու կատարուած եղեռնագործութիւնը: Իր տպաւորութիւնները հետագային պիտի վերածուէին ջարդերը պատկերող իրապաշտ քերթուածին` «Տանթէական առասպել»-ին: Վանի անկումէն ետք կը մասնակցի ռուսական քաղաքացիական կռիւներուն, ու զինք կը տեսնենք Տիխորեցկի մէջ` Հիւսիսային Կովկաս: Այդ կռիւները կը կոփեն քաղաքական իր աշխարհայեացքը մինչեւ իր վերջնական հիասթափումը երեսնական թուականներուն: Տիխորեցկը պիտի հայթայթէր ամուր հիւսուածքը «Ամբոխները խելագարուած»-ին` Չարենցի ճկուն լեզուով ու առնական, կարշնեղ ոճով արասանուած: Հանրապետութեան օրով Երեւան է` Աղբալեանի կարգադրութեամբ պարենաբաշխման կոմիտէի անդամ: Համատարած սովը կը ստիպէ հրաժարիլ պաշտօնէն ոչ թէ թերացումի պատճառով, այլ պարզապէս` բաշխուելիք սնունդի չգոյութեան:
Մայիսեան կռիւներուն մասնակից է ու խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք գրական առաջին դիրքերու վրայ եւ խանդավառ տրուած խոստումներէն` կ՛ունենայ ստեղծագործական հրաշագեղ երկունք փաստովը այդ օրերուն զուգադիպող իր գործերուն: Միեւնոյն ատեն ուշադիր կը հետեւի ռուսեւթուրք բանակցութիւններուն: Իր առաջին հանդիպումը խորհրդային… վայրագօրէն անպաճոյճ իրականութեան հետ տեղի կ՛ունենայ Մոսկուայի ու Կարսի դաշնագրերու կնքումին, երբ Հայաստանի ներկայ սահմանները վերջնականութեան բնոյթ կը ստանան: Ստալինեան բռնութիւնները օրէ օր կը հասնին լայն չափերու, եւ հոն է Չարենցը` իբրեւ խիզախ քաղաքացի եւ պայքարող գրող: Զինք շրջապատողները քիչ մը ամէն օր իրենց գրիչը վարձու կը հանէին, ինք երբեք չզիջեցաւ հայ գրողի արժանապատուութիւնը աճուրդի հանել եւ անվթար պահեց հայ գրողի պատիւն ու փառքը եւ իր կեանքով վճարեց այդ հերոսութեան համար:
Իւրաքանչիւր բջիջով հայ` Չարենց իւրաքանչիւր խօսքով ու բառով գովերգեց հայ ժողովրդի ստեղծագործ ոգին եւ հայոց աշխարհի բարիքները: Ծառայեց իր ժողովրդին` առանց տատամսելու եւ առանց բան մը իսկ սպասելու, եւ երբ ժամանակը հասաւ, իր հայրենի երկրին մէջ բանտարկուած Հայաստանի մեծագոյն երգիչը հայ չեկիստներու մեղսակից ու անզօր նայուածքին տակ, Երեւանի բանտին մէջ 1937-ի նոյեմբեր 29-ին կը ջախջախէր իր գլուխը Հայաստանի քարերէն շինուած պատին դէմ` մերժելով հաճոյքը անոնց, որոնք վստահօրէն պիտի գնդակահարէին զինք: Իր վերջին նպաստը մեր պատմութեան եղաւ այն, որ ինք խնայեց թշուառական հայու մը` ըլլալու դահիճը հայ բանաստեղծութեան անզուգական քերթողին:
Ահաւասիկ կարճ սեւեռումով` Չարենցի կեանքը, որ եղաւ կեանքը մեր ժողովուրդին 1897-էն մինչեւ 1937 երկարող տարիներուն: Երբ կը վիճէի ընկերոջս հետ, այս բոլորէն տեղեակ չէի, բայց վստահօրէն մէկը կը մղէր զիս չզիջելու Չարենցի տաղանդը ոեւէ մէկուն եւ, վերջին հաշուով, ուրախ եմ, որ նման խենթութիւն մը արտօնեցի ինքզինքիս: Սխալ պիտի ըլլար նման… սխալ չգործելը տասնհինգ տարեկանին:
Քանակը գրականութեան, որ գոյութիւն ունի, Չարենցի մասին կը թելադրէ, այլ բաներու կարգին, նաեւ իր վիճելի ըլլալը, անհատականութիւնը: Քննադատած են զինք խստօրէն, մաղձով, կուրօրէն ու սփիւռքէն նաեւ տաղանդով շիլ կարեկցելիներ: Իր ժամանակակիցներու քինախնդրութիւնը եթէ որոշ չափով կարելի է բացատրել արհեստակցական նախանձով, ժամանակներուն պարտադրած վատութեամբ, ապա սփիւռքի պնակալէզներու մաղձը կը բացատրուի այդ անհատներու ժառանգական վատութեամբ: Միակ ուրախանալի կամ սփոփարար իրականութիւնը այդ մարդոց պարագային այն բարեբաստ իրականութիւնն է, որ իրենք չեղան ժամանակակիցները երեսնականներուն, այլապէս ոչ միայն Չարենցը, այլ տասնեակներով անմեղներու մահուան պատճառ պիտի ըլլային, որովհետեւ եթէ չեղան վաւերական գրող կամ քննադատ այդ օրերուն, վստահաբար պիտի ըլլային սքանչելի ու անմրցելի չեկիստներ: Ականջդ խօսի՛ Շահնուր, պիտի ըսէիր` չունինք քննադատութիւն, բայց ունինք հրաշալի խաֆիէներ:
Չարենցի նկարագրին ու խառնուածքին մասին հետաքրքրական է դէպքը 1955-ին «ՆԱՅԻՐԻ»-ի մէջ լոյս տեսած Հելէն Բիւզանդի յուշերը: Չարենց սկսած է յաճախել տիկին Անուշին վարժարանը:Նոր աշակերտ է եւ չար: Չարենցի չարութեան զոհ կ՛երթայ Հելէն Բիւզանդը, որ կը պատժուի: Միւս աշակերտները կը չարչարեն Հելէնը, եւ երբ բոլորը կը հեռանան, Չարենց կը մօտենայ, եւ որովհետեւ պատժուած էր իր պատճառով, իր ճաշը կու տայ Հելէնին: Տարիներ ետք նոյն այլասիրութիւնը կը դրսեւորուի մայիսեան խռովութիւններուն, երբ կը գրէր.
Թող դուրս ընկած իմ աչքերի մէջ
կախուածի
Նոքա տեսնեն պայծառ օրերդ
ապագայ:
Եթէ Հելէն Բիւզանդի հետ պատահածը մանկական չարութեան ու մանուկի մը խղճահարութիւնը ցոյց կու տայ, ապա վերի տողերը կը թելադրեն հայրենիքի համար պատարագուողի պատրաստակամութիւնը: Նման եզրակացութիւն յայտնատեսական ոստում չէ, հետագայ իր գործերուն ամբողջութիւնը եւ ոչ թէ իր եղերական մահը միայն պիտի փաստէր ճշգրտութիւնը անոր:
***
Տասնհինգ տարեկան հասակին իր գրած առաջին քերթուածին անմեղութիւնը հետեւեալ տողերը ցոյց կու տան.
Ծաղիկները հեզ թեքւում են
քամու օրօրի տակին-
Եւ լսում նրա հեռուիցը բերող
երգը տխրագին…
Իսկ նախորդ տողերուն թանձրացեալ իրապաշտութիւնը կը թելադրեն քերթողի հասունացման յառաջընթացը` Վանի այգիներէն մինչեւ Տիխորեցկ: Քսան տարեկանին շատ աւելին էր տեսած, քան ինչ որ այդ տարիքին ոեւէ մէկը պիտի տեսնէր, ճիշդ անոնց նման որոնք իրենց մանկութիւնը արաբական անապատներուն մէջ կորսնցուցին նոյն այդ տարիներուն: Չարենցը քսաներեք տարեկանին իր ինքնամփոփ հասունութեան հասած խոհական Խիղճն էր ու Ղօղանջը իր կառափնատուող ժողովրդին: Անոր հաղորդականութիւնը ժողովրդին հետ կու գայ իր ընթերցումներէն` հինգերորդ դարու մեր դասականներէն սկսած մինչեւ իր հօրենական տունը այցելող բարեկամները: Անոնցմէ կը լսէ ժողովրդական աւանդավէպերը` անոնցմէ ստանալու, տիրանալու մեր ժողովրդի բառ ու բանին ամրագրելու իր քերթողիանցագիրը մեր գրականութեան անդաստանին մէջ: Բնութիւնը կամ նախախնամութիւնը եղած էր անմնացորդ կերպով շռայլ այս պատանիին հանդէպ` իբրեւ տաղանդ, կամ գրեթէ հանճար, եղաւ նաեւ ժլատ, կեանքի տեւողութեան ժամկէտին տնօրինումով`շնորհեց միայն քառասուն տարի: Թերեւս քերթողը տեղեակ էր այդ ժամկէտէն, որպէսզի չվատնէր որեւէ վայրկեան ու ստեղծագործէր ճիշդ այնպէս, ինչպէս` միւս հանճարեղ երիտասարդը, որուն շնորհուեցաւ միայն երեսուն տարի «եղէգնեայ գրիչով» տաղերգելու իր ժողովրդի հեթանոսական փառքն ու «Հացին երգը»: Եթէ հանճարները յաճախ չեն ծնիր, կը թուի նաեւ, որ ծնածներուն ալ երկար ապրելու իրաւունքը կը զլացուի: Գոնէ` մեր հանճարներուն:
***
Չարենցի համայնավարութեան յարիլը խնդրոյ առարկայ չէ: Իր գործերէն «Լենինն ու Ալին», «Լենին», «Ռադիօ պոէմ», «Ամբոխները խելագարուած» եւ այլն, կը թելադրեն այդ ազդեցութիւններն ու քաղաքական թեքումները: Յարատեւ կերպով աշխատեցաւ գտնելու նոր ըսելաձեւ` նոր կարգերը ներբողելու համար: «Երեքի դեկլարացիան» փաստն է այդ փորձերուն: Եթէ իր ամբողջութեան մէջ նկատի առնուի անոր գործը, եւ երբ կը դիտենք այդ վաստակը աւելի քան վաթսուն տարուան հեռաւորութենէն ու կը գնահատենք իր գործը, տարբեր պատկեր կը պարզուի: Չարենցը հակառակ իր բոլոր փորձերուն միջազգայնական գրողը ըլլալու, հակառակ իր խանդավառ փարումին` համայնավար գաղափարախօսութեան, նախասահմանուած էր, նաւասարդեան աստուածները տրօնիներ էին իրեն ըլլալու գերազանցապէս ազգային քերթողը թէ՛ իր ժամանակին ու թէ՛ անկէ ետք: Երբ կը կարդանք իր գործերը` ժամանակակից կիրքերէն հեռու եւ զերծ, կարելի է եզրակացնել, որ Չարենցը այնքանով էր համայնավար, որքանով… Աղբալեանը սոցիալիստ: Այլ խօսքով, ո՛չ Աղբալեանը եւ ո՛չ ալ Չարենցը միջազգային վարդապետութիւնները կ՛ընդունին ինքնանպատակ իտէալներ, այլ անոնց մէջ կը տեսնեն հաւանական ելքը իրենց ժողովրդին քաղաքական անելին:
***
Անհատ գրողը բանաստեղծի վերածող ստորոգելիները` թեքնիքի տիրապետում, լեզուական սահուն ու ճկուն կառուցուածք, ոճի ինքնայատուկ սլացք ու քաշողական հաղորդականութիւն, պատկերներու ճամբով ըսել ուզուածին շունչ եւ ոգի տուող տաղանդ` բոլորը կան Չարենցի գործերուն մէջ, եւ բոլորը ի մի կու գան վերջին տարիներու, մանաւանդ վերջին ամիսներուն երկնած շարք մը գործերու մէջ, որոնք կը հանդիսանան Չարենցի գործին ազգային նկարագրի ու գաղափարախօսութեան ամրակուռ պատուանդանն ու ստուգութիւնը: Յատկապէս նկատի կ՛առնուին «Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ», «Ակսել Բակունցին», «Աւետիք Իսահակեանին», «SN-ի յիշատակին», «Տխուր կարուսել», «Լերան աղօթքը» եւ աւելի կանուխ գործերէն` «Կոմիտասին», «Պատմութեան քառուղիներով», եւ իր ծանօթագրութիւնը քառասնամեայ տարեդարձին առիթով գրի առնուած «Զուարթ գիտութիւն»-ը եւ «Մահուան տեսիլ»-ին: Յիշուած գործերը պիտի բաւէին Չարենցը դասականի վերածելու, բայց ինք դասականացած էր շատ կանուխ` քսանական կանաչ տարիներուն իր գովերգած շարք մը հոգեղբայրներուն նման, ինչպէս` Մեծարենցը, Տէրեանը եւ ուրիշներ:
Անհրաժե՞շտ է կամ տեղի՞ն գրողի մը մէջ ազգայինը փնտռել երբ գրող մը առաւելաբար իր արուեստով հետաքրքրական պիտի ըլլայ եւ իր տեղը ապահովէ որեւէ գրականութեան մէջ: Թերեւս, բայց այդ նեղ սահմանումը Չարենցի ուրուագծին` ազգային գործիչի նկարագիրը տալու, ազգ ճարտարապետելու իր ամեհի հանճարը բնութագրելու համար բաւարար չէ: Իր մէջ արուեստը կը հետեւի իրեն ու իր գործին` առանց արուեստական ծեքծեքուն ճիգերու, ինչպէս հայրենասիրութիւնը, երկրի ու ժողովրդի հանդէպ ունեցած պաշտամունքը ապսպրուած չեն, ինչպէս են մեր ժամանակներու էգ թէ արու կարգ մը գրականութիւն ընել յաւակնող վաւերական վարձկաններու մօտ: Արուեստ խաղալու, «արուեստը արուեստի սիրոյն» ըսուած յիմարութիւնը իրեն համար չեն անգոյ եւ իգացեալ կաղապարի մը յենած արուեստ պաշտպանելու համար:
Լոս Անճելըս 21, յուլիս 2017
(Շար. 1)