Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Որպէս Հայ Ապրիլ Կարելի՞ Է, Թէ՞ Ան Ժամանակավրէպ Ցանկութիւն Է

Օգոստոս 1, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Սփիւռք(ներ)ի հայերը մոլորակային տարտղնումի մէջ են: Աղէտալի հետեւանքներով նօսրացում: Հրոյ Երկրէն մինչեւ Ալասքա, Վալտիվոսթոքէն մինչեւ Սպանիա, Հարաւային Ափրիկէէն մինչեւ Շուէտ եւ Նորվեկիա` հայեր հասած են: Ապահովաբար` որպէս մարդ լաւ ապրելու նպատակով:

Անոնք պիտի կարենա՞ն, եթէ ուզեն անգամ, ապրիլ որպէս հայ: Մինչեւ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս:

Նոյնիսկ անցեալ ունեցող բազմանդամ գաղութներու մէջ ժամանակակից քաղաքակրթութիւնը, արհեստագիտութիւնը, բարքերու միօրինականացումը, հեռաւորութիւններու ջնջումը, համաշխարհայնացման պատճառով ամերիկերէնի ողողումը իր բերած արժէքներով եւ կենցաղին ազդեցութեամբ, ստեղծած են խճճուած եւ անելանելի կացութիւն: Հայաստանէն դուրս, միշտ եւ ամէնուրեք փոքրամասնութիւն կազմող հայերը ինչպէ՞ս կրնան հայկական նկարագրով գոյութիւն պահել եւ դիմադրել: Եթէ հրաժարինք Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի ղեկավարական շրջանակներէ հնչող զգացական ճառէն, որպէս հայ ապրիլը անկարելիութիւն կը թուի` երկարաժամկէտ դատումով: Գործնապաշտներ կ’ըսեն, որ Կաղանդ պապային պէտք չէ հաւատալ:

Մեծ ոստաններու մէջ, ուր աշխատանքի պայմանները եւ հեռաւորութիւնները արգելք են խմբուելու, լաւագոյն զգացումներն անգամ պատին կը զարնուին, եթէ ոչ այսօր, վաղը` անպայման: Հաւատք եւ յանձնառութիւն ունեցող հայը, առանձին եւ անհատաբար, պարտաւոր է դիմագրաւելու զինք իր արմատներէն հեռացնող բազմաթիւ խոչընդոտները, որոնք կը փոխուին երկրէ երկիր, քաղաքէ քաղաք: Կամ` զէնքերը վար դնելու:

Հարկ է չօրօրուիլ բարոյախօսական ճառով: Կրնա՞նք գնահատել տոկոսը այն հայերուն, որոնք օրուան ընթացքին ոչ իսկ մէկ բառ կ’արտասանեն եւ կամ կը լսեն: Գործնական պատճառներով հայերէն բառ ու խօսք չլսելու տխրութիւնը կը շարունակուի տան մէջ: Ժամանակ մըն ալ կը մնայ յիշատակի եւ կարգախօսային հայութիւն: Մինչեւ ե՞րբ…Անցեալին միայն քաղքենի եւ քաղքենիացող մարդիկ կ’ըսէին, որ «հայերէնը փոր չի կշտացներ», գործնապաշտութիւն, որ վարակ էր եւ է սփիւռք(ներ)ի պարագային, նաեւ է Հայաստան: Յիշել ռուսական վարժարան յաճախողները, որոնք բախտաւոր պարագային, հայերէնը կը սորվէին օտար լեզուի պէս: Սփիւռք(ներ)ի մէջ, լաւագոյն պարագային, հայերէնը կ’ուսուցուի օտար լեզուի պէս: Առարկութիւն են քննութիւնները եւ համալսարան մուտքի յաջողութիւնը:

Միջինարեւելեան գաղութներէն դուրս, սփիւռքները ընդհանրապէս չունեցան կրթական-մշակութային ծրագրում եւ նախաձեռնութիւններ: Միացեալ Նահանգներու հայկական վարժարանները ունին միայն կէս դարու անցեալ, Ֆրանսա կային երկու անցեալ ունեցող վարժարաններ, որոնցմէ մին փակուեցաւ, միւսները քառորդ դարու պատմութիւն ունին: Անխուսափելիօրէն հիւրընկալ երկիրներու լեզուն կը դառնայ մայրենի լեզու:

Ինչպէս յաճախ կ’ըսեմ թիւերու լեզուն վիճելի չէ: Առանց նկատի առնելու հայկական վարժարաններու հայեցի կրթութեան որակը` հարկ է բաղդատել անոնց մէջ գտնուող հայ աշակերտներու տոկոսը` սերունդի տոկոսին, մտածելու եւ եզրակացութիւններու յանգելու համար, ոչ միայն Եւրոպա կամ Ամերիկաներ, այլ նաեւ` միջինարեւելեան գօտիներ, օրինակ` Լիբանան:

Ըսել, թէ սփիւռք(ներ)ի հայութիւնը տոկալու, տեւելու եւ հայացման պայքար ունի, սոսկ բաժակաճառի պէս կը հնչէ, եթէ հաւատաւորներու եւ յանձնառուներու զանգուած չկայ: Սփիւռք(ներ)ի միլիոնաւոր հայերը այդ գիտակցութիւնը ունի՞ն, կամ կրնա՞ն խմբուիլ այդ նպատակին շուրջ: Կրցա՞ծ ենք այդ գիտակցութիւնը զարգացնել եւ արմատացնել: Պիտի հասկնանք, որ եթէ այս հայացման պայքարին չձեռնարկուի, եւ եթէ ան չյաջողի, մեր բոլոր փառասիրութիւնները եւ վէճերը կը դառնան փուչիկ: Պարզ պէտք է ըլլայ. համայնքը կղզիացում է, ազգ չէ: Իսկ հայացման պայքարը բազմերանգ մեկնաբանութիւններ ունի:

Անորոշ դիմագծերով եւ զանազանութեամբ յատկանշուող հայկական խմբաւորումներուն, պիտի կարենան՞ք տալ, եւ անոնք պիտի ընդունի՞ն, ընթացիկէն, եւ շրջապատէն տեւաբար սրսկուող ՀԱԿՈՒՄՆԵՐէն տարբեր ընկերային եւ մշակութային ընտրանքներ ունենալ, թեքուած` ինքնութեան պահպանման, երբ շրջապատի բազմապատիկ տարբերութիւններով քաղաքացի(ներ) ենք: Այսինքն հայկական համարուած զանգուածները ունի՞ն ինքնուրոյն ազգային ՀԱԿՈՒՄ, որ զիրենք զանազանէ շրջապատէն, եթէ ունին անգամ, ի՞նչ տոկոսով:

Ֆրանսացի մեծ գրող, իմաստասէր, ընկերային մտածող մեծ յեղափոխութեան հայրերէն մին է Ժան-Ժաք Ռուսօ: Անոր ուշադրութեան առանցքին գտնուած են` մարդը, մանկավարժութիւնը, արդարութիւնը, ժողովուրդը, պետութիւնը: Դասական մը: Ֆրանսական դպրոցներուն մէջ կ’ուսուցուին անոր գրութիւնները: Ան ներշնչած է նաեւ այլ ժողովուրդներ: Ան կը համարուի միշտ այժմէական նաեւ իր երկրի սահմաններէն դուրս:

Թարգմանաբար կ’արտագրեմ էջ մը, խիստ ուշագրաւ միջազգային ներկայ կացութեան համար, նաեւ`հայ ազգային քաղաքական միտքի ճամբան լուսաւորելու:Երեք դար հեռաւորութենէ ան կ’ըսէ.

«Այսօր այլեւս չկան ո՛չ ֆրանսացիներ, ո՛չ գերմանացիներ, ո՛չ սպանացիներ, նոյնիսկ` անգլիացիներ, ինչ որ ալ ըսեն. կան միայն եւրոպացիներ: Բոլորն ալ ունին նոյն ճաշակները, նոյն բարքերը, քանի անոնցմէ ոչ մէկը յատուկ հաստատութեան մը կողմէ չէ ստացած ազգային ձեւեր: Բոլորն ալ, նոյն դէպքերու դիմաց, նոյն բաները պիտի ընեն. բոլորն ալ անտարբեր պիտի ըլլան, եւ բոլորն ալ խայտառակ պիտի ըլլան, բոլորն ալ պիտի խօսին հանրային բարիքի մասին եւ պիտի մտածեն իրենք իրենց մասին, բոլորն ալ պիտի գովաբանեն միջակութիւնը (միջին պարզութեան իմաստով, Յ. Պ.) եւ պիտի ուզեն Կրեսոս (հռոմէացի հարուստ, Յ. Պ.) ըլլալ: Անոնց փառասիրութիւնը սոսկ պերճանքն է, իրենց միակ կիրքը ոսկիին համար է: Վստահ ըլլալով ունենալ իրենց համար այն, ինչ որ իրենք կը ցանկան, բոլորն ալ պատրաստ են ծախուելու առաջինին, որ յանձն կ’առնէ վճարել: Կարեւոր չէ իրենց համար, թէ ո՛ր տիրոջ կը ծառայեն, ո՞ր պետութեան օրէնքներուն կը հետեւին: Կը բաւէ, որ գողնալիք դրամ գտնեն եւ կիներ` անբարոյացնելու: Անոնք ամէն տեղ են երկրին մէջ:

«Լեհերու ցանկութիւններուն ուրիշ հակում մը տուէք, անոնց հոգիներուն ազգային այլ կերպարանք մը, որ զիրենք պիտի զատորոշէ միւս ժողովուրդներէն` թոյլ չտալով, որ լուծուին, հաճոյանան, միանան անոնց, ուժականութիւն մը, որ պիտի փոխարինէ դատարկ տարազները, որ զիրենք պիտի մղէ սիրով եւ խանդավառութեամբ ընելու այն, ինչ որ երբեք բաւարար չափով լաւ չենք ըներ, երբ կ’ընենք միայն պարտականութեան համար եւ շահախնդրութեամբ»*:

Այնքա՜ն այժմէական է ըսուածը, եւ բարացուցական` ֆրանսացիին, եւրոպացիին եւ բոլոր ժողովուրդներուն համար: Եթէ այսօր «լեհ» բառը փոխարինենք «հայ»-ով, կրնանք այլապէս լուսաւորել մեր ներկան եւ ապագան:

Համաշխարհայնացման պատճառով տարբերութիւնները կը ջնջուին: Ինքնութիւններու անհետացումը Ժան-Ժաք Ռուսօ տեսած էր երեք դար առաջ: Այնքա՜ն դիպուկ է մէջբերումի երկրորդ պարբերութիւնը: «Լեհերու ցանկութիւններուն ուրիշ հակում մը տուէք, անոնց հոգիներուն ազգային այլ կերպարանք մը…»: Այսինքն` զանգուածը դուրս բերել մէջբերումի առաջին պարբերութեամբ ներկայացուած միօրինականացման ընթացքէն, ճաշակներու եւ բարքերու նոյնացում, դուրս բերել կեղծիքէն (բոլորն ալ պիտի խօսին հանրային բարիքի մասին եւ պիտի մտածեն իրենք իրենց մասին), «Կրեսոս» ըլլալը փոխարինած է արժէքները: Համաշխարհայնացումը եւ քաղաքական կոչուած համակարգը մարդկայինի եւ բարոյականի աւերման դաշտ դաձած է: Կրկին լսել ըսուածը. «Վստահ ըլլալով ունենալ իրենց համար այն, ինչ որ իրենք կը ցանկան, բոլորն ալ պատրաստ են ծախուելու առաջինին, որ յանձն կ’առնէ վճարել: Կարեւոր չէ իրենց համար, թէ ո՛ր տիրոջ կը ծառայեն, որ պետութեան օրէնքներու կը հետեւին: Կը բաւէ, որ գողնալիք դրամ գտնեն»…Այս ընթացքը մկրտուած է «ապահովութեան» եւ «լաւ ապրելու իրաւունքի» եսասիրական  թութականութեամբ, ընդհանուր է, եւ հայը եւս մտած է այդ շուրջպարին մէջ:

Ինչպէ՞ս կարելի է շրջել դէպի անկումներ թաւալող անիւը:

Ժան-Ժաք Ռուսօ կը խօսի ցանկութիւններուն ուրիշ ՀԱԿՈՒՄ մը տալու մասին, հոգիներուն ազգային այլ կերպարանք մը տալու մասին:

Ի՞նչ է այսօր հայկական համարուած զանգուածներուն հասարակաց ՀԱԿՈՒՄը, երբ կ’արտագաղթենք, երբ ազգային վերականգնում եւ հայրենադարձութիւն իրաւ օրակարգ չեն, փոխարինուած են բարեսիրութեամբ, զբօսաշրջութեամբ, երգով եւ պարով, հիմնական կեցուածքներէ հրաժարումները վարագուրելու համար:

Ժան-Ժաք Ռուսոյի լեհերու համար առաջադրած ՀԱԿՈՒՄը ինչպէ՞ս կրնանք վերասահմանել եւ գործադրել հայերու համար: Կրկին եւ կրկին լսել տեսանողը. «Լեհերու ցանկութիւններուն ուրիշ հակում մը տուէք, անոնց հոգիներուն ազգային այլ կերպարանք մը, որ զիրենք պիտի զատորոշէ միւս ժողովուրդներէն…»:

Վերստին կարդալ խօսքը` «լեհեր» բառը փոխարինելով «հայեր»-ով: Տնանկի հոգեբանութեամբ, չենք ուզեր զատորոշուիլ միւս ժողովուրդներէն, եւ այս անձնատուութիւնը կը համարենք յաջողութիւն եւ ինքնաիրականացում: Եթէ լսած ըլլայինք Ժան-Ժաք Ռուսոյի իմաստութիւնը, ի հեճուկս հայերէնի օտարաբարբառ դառնալու` անձնատուութեան աղէտին մէջ ինկած չէինք ըլլար: Հայկական համարուած «էսթեպլիշմընթ»-ը ինքնագոհութեամբ չէր յանձնուեր այդ աղէտին, օրինակ չէր հանդիսանար զանգուածին: Այս բացասական ՀԱԿՈՒՄը կարելի կ’ըլլա՞յ փոխարինել, կասեցնել: Եւ այդ կրնա՞նք ընել ոչ միայն սոսկ պարտականութեան համար, կամ` շահախնդրութեամբ, այլ` սիրով, խանդավառութեամբ, ինչպէս կ’ըսէ Ժան-Ժաք Ռուսօ: Այսօր պիտի ըսէինք` գիտակից հաւաքական յանձնառութեամբ, փոխանակ տնտեսելու նահանջները, որոնք կ’առաջնորդեն անհետացման:

Այսօր կանգնած ենք ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՍԵԹԵՒԵԹ ՀԱԿՈՒՄ սահմանելու, փոխանցելու եւ իւրացնել տալու հիմնահարցին առջեւ: Անսեթեւեթ բառը ոչ զարդ է ոչ բանգիտութիւն: Նախ բոլոր մակարդակներու ղեկավարութիւնները պիտի ըմբռնեն, որ հայութիւն եւ Հայաստան երկու անջատ յղացքներ չեն, մէկ են: Ինչպէս չի կրնար Հայաստան գոյութիւն ունենալ առանց հայութեան, այդպէս ալ հայութիւն չի կրնար գոյութիւն ունենալ առանց Հայաստանի: Այս գիտակցուած ՀԱԿՈՒՄը առանցքը պէտք է ըլլայ «ազգային» համարուած բոլոր նախաձեռնութիւններուն, բանիւ եւ գործով: Ոչ ոք կը կասկածի, որ յաւերժական հայկական սփիւռք չի կրնար ըլլալ, նոյնիսկ երբ ճապկումներով այդ խոստովանութիւնը չենք ըներ, երբ «էսթեպլիշմընթ»-ը այդ հոգեպարար ինքնարդարացումներու ծխածածկոյթի ետին դիրքապաշտութիւն կը մշակէ:

Անկասկա՛ծ, հայապահպանում եւ սփիւռքի հզօրացում դրական են, պաշտպանելու համար մեր համրանքը եւ անոր ազգային որակը: Բայց ի՞նչ է ի վերջոյ վախճանական նպատակը (finalité) հետապնդուած հայապահպանման եւ սփիւռքի հզօրացման (դպրոց, թերթ, միութիւններ, ակումբներ, եկեղեցիներ, համայնքապատկան քարաշէն կառոյցներ, Ցեղասպանութեան ճանաչումներ, եւ այլն): Այդ բոլորին խորքային եւ որակականՀԱԿՈՒՄը ի՞նչ պիտի ըլլայ, ԱԶԳԻ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ համար, որ նահանջներու եւ պատշաճեցումներու հոլովումով եւ խոնարհումով չ’իրականանար:

Խորքային եւ որակական ՀԱԿՈՒՄը ինքնութեան անխաթար պաշտպանութիւնն է` համրանքի, ինքնութեան եւ հողի: Իսկ ինչպէ՞ս անխաթար կը պահպանուի ինքնութիւնը: Այս հարցումը կը նմանի Փանտորայի տուփին, որուն կափարիչը չեն ուզեր բանալ, քանի որ հաւասարկշռութիւններ խախտող խնդիրներ կը ստեղծուին:

Պահել լեզուն եւ զայն գործածել, որպէսզի ան ըլլայ կենդանի, հաղորդակցութեան եւ հաղորդութեան միջոց: Պահել հայրենիքը, զայն բնակեցնել եւ ըլլալ տէր:

Պահպանուած եւ հզօրացած սփիւռք(ներ)ի վախճանական նպատակը պիտի ըլլայ հայրենատիրութիւնը եւ հայրենադարձութիւնը, այս հիման վրայ պէտք է մշակուին կրթական, տնտեսական եւ քաղաքական ծրագիրները: Առանց այս հիմնական ծրագրին` մեր նախաձեռնութիւնները, տպաւորիչ կառոյցները եւ յաջողութիւնները պիտի ըլլան յիշատակներ կամ թանգարանային իրեր:

Կրկին ու կրկին կարդալ Ժան-Ժաք Ռուսոյի խօսքը. հայոց «… ցանկութիւններուն ուրիշ հակում մը տուէք, անոնց հոգիներուն ազգային այլ կերպարանք մը, որ զիրենք պիտի զատորոշէ միւս ժողովուրդներէն` թոյլ չտալով, որ լուծուին, հաճոյանան, միանան անոնց, ուժականութիւն մը, որ պիտի փոխարինէ դատարկ տարազները…»

Չբաւարարուելով աթոռներով եւ հրավառութիւններով, շահախնդրութիւններով եւ եսերու ցուցադրութեամբ, մերժելով հետեւիլ նահանջի հոսանքին` տա՛լ այդ ՀԱԿՈՒՄը, քանի թերեւս դեռ կարելի է…

3 յուլիս 2017, Պուրճ-Համուտ, Լիբանան

————————–

* ԺԱՆ-ԺԱՔ ՌՈՒՍՕ (1712-1778), Նկատողութիւններ Լեհաստանի կառավարութեան եւ անոր ծրագրուած բարեկարգութեան մասին, 1771-1772, Քաղաքական գրութիւններ:

Նախորդը

Ժագ Ս. Յակոբեան` 100 Տարեկան

Յաջորդը

Եղիշէ Չարենց Եւ Հանրապետութեան Հրապարակին Տէրը

RelatedPosts

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.   Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 30, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակ. «Չըսեմ Ըսի, Ամա Չպիտի Ըլլայ»

Մարտ 30, 2023
Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է
Անդրադարձ

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In