Շաբաթավերջին համացանցի ընկերային լուրերուն մէջ լայն տարածում գտաւ հայազգի օդաչու Ալեքսանտր Ակոբովի յաջող վայրէջքին լուրը: Արդարեւ, Պոլիսը ողողած հեղեղներուն եւ ուժեղ քամիին կողքին նաեւ վտանգուած էր օդանաւորդութեան մարզը` կլիմայական աննպաստ պայմաններուն բերումով: Սակայն թրքական «Կլոպըլ Աթլաս» ընկերութեան մէկ օդանաւի օդաչուն յաջողած էր 121 ճամբորդներն ու անձնակազմի վեց անդամները փոխադրող օդանաւին անվնաս վայրէջք կատարել Աթաթուրքի օդակայանը: Դէպի Հիւսիսային Կիպրոս թռիչքի պահուն օդանաւը խնձորի մեծութեամբ կարկուտի հարուածով մը կը վնասուի եւ անոր յառաջամասը մասնակիօրէն կը փշրուի: Այսուհանդերձ ծագումով հայ ուքրանացի օդաչուն կը վճռէ վերադառնալ Աթաթուրքի օդակայան եւ կը յաջողի անվնաս վայրէջք կատարել:
Մինչ այդ, վախով ու կասկածով օդանաւին հետեւող օդակայանի ճամբորդները կը նկարահանեն վայրէջքը եւ ջերմ ծափողջոյններով կը դիմաւորեն հայազգի օդաչուն` հիացման բացագանչութիւններ արձակելով:



