Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ներածականը

Յուլիս 29, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Հայկական մամուլը իր էջերուն վրայ տեղադրեց արդէն եւ համացանցի վրայ շրջագայեցաւ տեղեկատուութիւնը Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախաձեռնած այն խորհրդաժողովին, որ նուիրուած էր սփիւռքի այժմու եւ վաղուան սերունդներու ազգային ինքնութեան  քննարկման եւ ընդհանրապէս այն ստորոգելիներուն, որոնք յենասիւնը կը կազմեն  ինքնութեան մշակումին:

Այդ առիթով անդրադարձ մը` չորս կէտերու մէջ խտացուած.

1.- Առօրեայ-կենցաղային խօսակցութիւններու ընթացքին, յաճախ նաեւ մամուլի մէջ երեւցող գրառումներով շատեր հարցականի տակ կը դնեն նմանօրինակ խորհրդաժողովներու նպատակայարմարութիւնը` առարկելով, թէ քանի որ անոնք զուրկ ըլլալով ներկայացուցչական հանգամանքէ ու կառուցային խարիսխէ` որոշումներ տալու-գործադրելու ո՛չ լիազօրութիւնը ունին եւ ո՛չ ալ մեքենականութիւնը: Պարզապէս մասնակից ժողովականները  քով-քովի կու գան, կը մէկտեղուին  ժողովասրահի մէջ եւ մտածումներ կը փոխանակեն ու վերջ: Յետո՞յ…

Ներկայացուած իր այս պարզունակ դրուածքով թերեւս իրաւացի համարուի առարկութիւնը: Բայց…

Հոյակապ է այս իմաստով մեր աննման յեղափոխականին կարգախօսը, թէ` «խօսքը առանց գործի մեռեալ է»: Անդրադառնանք սակայն. ի զուր չէ, որ կարգախօսը կը շեշտէ «գործ»-ին կարեւորութիւնը, բայց անիկա կը պայմանաւորէ «խօսք»-ով: Որովհետեւ առաջ քան ամենայն ծնունդ կ՛առնէ մտածումը, այսինքն` խօսքը: Մտածումի բանաձեւումէն կը յառաջանայ գաղափարը, որու ընդհանրացումէն ու ժողովրդականացումէն ետքն է միայն, որ կը  յղացուի, կը ձեւաւորուի ու կը յաջողի գործը: Ուրեմն, նախ խօսքը, ապա` գործը:

Այսպէս եղած է բոլոր ժամանակներու մէջ, այսպէս է հիմա բոլոր մակարդակներու վրայ ու աշխատանքի բոլոր մարզերուն` անհատական թէ հաւաքական, միութենական թէ կուսակցական, ընկերային ու տնտեսական կամ պետական կեանքի մէջ:

Կը նշանակէ, որ խորհրդաժողովները տուեալ խնդիրներու մասին բազմակողմանի մտածումները ներդաշնակելով` գաղափարներ կը բիւրեղացնեն, եզրակացութիւններ կը բանաձեւեն եւ ատով իսկ  պատրաստած կ՛ըլլան գործին ենթահողը:

2.- Ընդգծելի է, որ Ցեղասպանութեան պատճառով գոյաւորուած հայկական սփիւռքի հայօճախներուն ազգային-եկեղեցական կեանքի իբրեւ ղեկավար ու կեդրոնական հաստատութիւն` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը թերեւս միակն է, որ իր գահակալին` Արամ Ա.ի նախաձեռնութեամբ տարբեր երկիրներէ, տարբեր տարիքի եւ տարբեր դաւանանքի ու գաղափարի պատկանող մտաւորականներ թէ հանրային գործիչներ իր հովանիին տակ համախմբելով` խորհրդաժողովներ կը կազմակերպէ քննութեան ենթարկելու համար սփիւռքեան  խնդիրներ, որոնք տարիներուն հետ  աւելի հրատապ կը դառնան` սպառնալով սփիւռքահայու տոկունութեան, որով եւ` նորահաս սերունդի  ազգային ինքնութեան:

Ազգային տեսակէտէ հետզհետէ ահագնացող  մարտահրաւէրներու մասին մօտաւոր գաղափար մը տալու համար կը բաւեն հետագայ մէջբերումները` Արամ Ա. կաթողիկոսի եօթը մեքենագիր էջերու տարածքով ներկայացուցած խորաթափանց, այլեւ ահազանգիչ  ներածականէն: Շեշտելէ ետք ինքնութեան  բարդ ու զգայուն  եւ այժմէական բնոյթը, կը դնէր հարցականը, թէ` «Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ, ի՞նչ են հայ մարդուն հա՛յ ըլլալու  ցուցանիշերն ու հայ նկատուելու չափանիշները…» : Ապա կ՛աւելցնէր, որ մօտաւոր անցեալին այս հարցադրումները տեսական, նոյնիսկ տարօրինակ պիտի նկատուէին, մինչդեռ այսօր այդպէս չէ: Կը  մատնանշէր «մնայուն գունաթափումի մէջ գտնուող սփիւռքի պարզած ներկայ մտահոգիչ պատկերը»  եւ քիչ անդին կը նշէ, թէ` «… հայու ինքնութիւնը կազմաւորող (երէկի) հնոցները եւ զայն պաշտպանող ամրոցները սկսած են կորսնցնել իրենց հմայքն ու ուժականութիւնը: Հայու ինքնութեան կերտման ու պահպանման մէջ կենսական դեր ունեցած մեր պատմական դէպքերն ու դէմքերը սկսած են սպառել իրենց ներուժը` հետզհետէ դուրս մնալով մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութենէն…»:  Այլ տեղ, հաստատելէ ետք «ազգի մը ինքնութեան ամուր կռուաններէն մէկը լեզո՛ւն է»,  հարց  կու տար.  «Հայ կեանքէն ներս օտար լեզուի աճող ներկայութեան դիմաց, արդեօք հայ լեզուն պէ՞տք է նկատել ինքնութեան էական յատկանիշ, թէ՞ որպէս հաղորդակցութեան միջոց…»:

Վեհափառին ներածականէն մէջբերուած վերի հաստատումները եւ իրենց մէջն իսկ պատասխանները պարփակող հարցադրումները մօտաւոր պատկերացումը  կու տան սփիւռքի ներկայ դժուար կացութեան, որու պայմաններու մէջ ի՞նչ միջոցներով  հնարաւոր պիտի ըլլայ (պիտի ըլլա՞յ ) մշակելու նորահաս սերունդին ազգային ինքնութիւնը: Ահա գերակայ խնդիրը եւ լրջագոյն մարտահրաւէրը:

3.- Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին հինգ մտաւորականներ` Հայաստանէն, ինչպէս նաեւ` սփիւռքի նախարարը: Աւարտին, անոնցմէ մէկը քաղած տպաւորութիւնը յայտնեց դիպուկ արտայայտութեամբ մը, որուն միտք բանին մօտաւորապէս  հետեւեալն էր. «Առաջին անգամն է, որ կը գտնուիմ սփիւռքի հարցեր քննարկող հաւաքի մը մէջ: Ես բոլորովին տարբեր ընկալում ունէի սփիւռքի մասին եւ ըստ այնմ նաեւ` ակնկալութիւններ: Կ՛ենթադրեմ, որ Հայաստանի մէջ  իմ գործընկերներուս ընկալումն ալ իմինէս տարբեր պիտի չըլլայ: Այս խորհրդաժողովէն ետք, սակայն,  կը գիտակցիմ, որ իմ ընկալումէս տարբեր ու մեծ չափերու վրայ կը գերակշռեն  սփիւռքի խնդիրները, տագնապները,  առաջնահերթութիւնները…»:

Կը մտածեմ. որքա՜ն բարենպաստ պայմաններ կ՛ունենայինք հայօճախներու մէջ, եթէ անոնց ղեկավար տարրին գիտակցութեան մէջ տիրապետէր եւ  առաջնորդող ուժ ըլլար առաջնահերթութեան ըմբռնումը:

4.- Թելադրական է Արամ Ա. կաթողիկոսին ներածականը, որ սփիւռքեան խնդիրներուն համար լուծումներ որոնելու ճիգին մէջ կը յանձնարարէ  հեռու մնալ «կացութիւնները վարդագոյն տեսնելու ռոմանթիք հակումներէ» եւ` «ըլլալ իրատես, թէկուզ` երբեմն յոռետես…»:

Հայօճախներու  (հայագաղութներու) ղեկավար տարրին  համար  իբրեւ անյետաձգելի ու այժմէական եւ առաջնորդող մտածումներ` կ՛արժէ, նոյնիսկ անհրաժեշտ է  քննութեան առարկայ դարձնել վեհափառին ներածական խօսքը եւ անոր հիմամբ տեղական մակարդակի խորհրդաժողովներ կազմակերպել ու աշխատանքի յայտագիր մշակել:

Աթէնք, 20  յուլիս  2017

 

 

Նախորդը

Առաջին Տարելից Նիսի Ահաբեկչութեան. Սէրը Միշտ Պիտի Յաղթէ

Յաջորդը

Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Ահաբեկչական Քաղաքականութեամբ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?