Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Ահաբեկչական Քաղաքականութեամբ

July 29, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Նոր չէ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը շահերու վրայ հիմնուած է, եւ այդ երկիրը մանաւանդ տնտեսական եւ զինուորական ձեռքբերումներու համար յարափոփոխ քաղաքականութիւն կը վարէ:

Նոր չէ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իւրաքանչիւր նոր նախագահ առաջին վեց ամիսները, գործ ընելու տեղ, քարոզչական ձեւեր կ՛որդեգրէ:

Սակայն նորութիւնը այն է, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը ահաբեկչական քաղաքականութեամբ կ՛ընթանայ:

Աշխարհը լուռ ականատես է եւ լռութեամբ մեղսակից` կատարուածին:

Աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր Քաթարի դէմ շղթայազերծուած պետական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ այլ պատժամիջոցներ որդեգրուած են Ծոցի երկիրներուն կողմէ:

Աւելի քան վեց տարիներէ ի վեր ամէն մարդ գիտէ եւ փաստուած է, որ Քաթարը առանձինը չէր, որ կը հովանաւորէր ահաբեկչական խմբաւորումները:

Թուրքիան իր սահմանով, զօրքով, ուղղակի եւ անուղղակի աջակցութիւններով եւ զօրակցութիւններով շատ աւելի մեծ դեր ունեցաւ ահաբեկչական այս խմբաւորումներու զարգացման, տարածման եւ հզօրացման մէջ:

Այսօր ինչո՞ւ Թուրքիոյ օրակարգը չ՛արծարծուիր:

Աւելի՛ն. Թուրքիոյ նախագահը հաշտութեան միջնորդութիւն կը կատարէ(՞):

Ի՞նչ տրամաբանութեամբ այս մէկը ընդունելի է:

Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը ահաբեկչութեան հովանաւոր երկրի մը նախագահի նախաձեռնութեամբ քայլեր կ՛առնուին:

Այս բոլորը` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օրհնութեամբ: Ինչպէ՞ս ընդունիլ եւ լուռ մնալ:

Դատաւորը, դատապարտեալը եւ զոհը բոլորն ալ ահաբեկիչներ են: Բոլորն ալ նոյն աղբիւրէ ջուր կը խմեն:

Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը ահաբեկչական քաղաքականութեամբ չ՛արդիւնաւորուիր:

Ժողովուրդներու կամքը եւ հաւատքը իրենց հայրենիքին հանդէպ` կը մնայ մնայունը, նոյնիսկ եթէ երկար ժամանակ առնէ:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ներածականը

Յաջորդը

Տերեւաթափ. Հայատրոփ Արուեստագէտը` Գալուստ Պապեան (1938-2017)

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.