Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջին Տարելից Նիսի Ահաբեկչութեան. Սէրը Միշտ Պիտի Յաղթէ

Յուլիս 29, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Տարի մը անցաւ 14 յուլիսի գիշերէն, երբ ծովափէն դիտեցինք երկնքին մէջ պայթող բազմերանգ հրապուրիչ աստղերուն փշրուիլը ծովուն սեւ ջուրերուն մէջ: Աւարտի ծաղկեփունջէն ետք, տունը, հեռատեսիլէն Փարիզինը դիտած ատեն, վայրկեաններ առաջ Նիսի սահմռկեցուցիչ ահաբեկչութեան մասին գրուածներուն չուզեցինք հաւատալ: Աստուա՜ծ իմ, այնտեղերն էինք:

Այս յուլիս 14-ի առտուն նոր վերակառուցուած Անգլիացիներու շքեղ ճեմուղին անապատի պէս դատարկ է աչքիս. շատ մարդ չկայ. վախէ՞ն: «Մասենա» թանգարանի պարտէզին կը մօտենամ. քիչ ետքը տեղի պիտի ունենայ միջկրօնական արարողութիւնը:

Տրամադրութիւնս բարձրացաւ երբ տեսայ ֆրանսական հեռատեսիլի առաջին կայանի հայազգի մեր լրագրող Անի Պաշարին ժպիտով ինծի մօտենալը, եւ իբրեւ յատուկ թղթակից` «անվուայէ սփեսիալ», հարցնելը, թէ այս օրը ինծի համար ի՞նչ յատուկ նշանակութիւն ունի: Ան այսօր այս հարցումը պիտի ընէ իր ուշադրութիւնը գրաւած անցորդներուն:

Նորէն, անցեալ տարուան հրավառութենէն տուն դարձին շշմեցանք, երբ իմացանք սահմռկեցուցիչ ահաբեկչական արարքին զոհ գացած 86 անմեղներուն մահուան, եւ չորս հարիւր վիրաւորներուն եւ հազարաւոր հոգեկան խանգարում ունեցածներուն մասին: Քաղաքն ու ամբողջ Ֆրանսան սուգի մէջ մտան, կեանքը փոխուեցաւ, եւ աւելի լաւ քոյր-եղբայրներ եղանք իրարու, ոչ թէ խօսքով, այլ` իսկապէս, մեր սրտերը աւելի ազնուացան, յոյսը, հաւատքն ու սէրը իմաստ ստացան:

Ցարդ` անգլիացիներուն ճեմուղի կամ «Փրոմընատ տէ զ՛անկլէ անժ»: Այս առտուն հոն խիստ հսկողութեան տակ է, անցարգելներու մէջէն կ՛երթանք դէպի պայուսակ խուզարկող քննիչներ: «Նեկրեսքօ» պանդոկի ետեւի թաղի սրճարանին մէջ ծանօթ դէմք կը տեսնեմ. քիչ ետքը անոր հետ բեմ պիտի ելլենք մեր աղօթական կարճ պատգամը տալու` քաղաքական եւ կրօնական պետերուն եւ հրաւիրեալ երեք հարիւր սգաւորներուն եւ վիրաւորներուն:

Ամէն տարիքի զոհերը, բազում ազգաց եւ կրօնից պատկանող, հիմա հրեշտակներ, երկինքէն պիտի տեսնեն իրենց սգաւոր ընտանիքներն ու աշխարհաքաղաքացի բարեկամները: Անոնց համեմատական մեծամասնութիւնը իսլամ էր, հայաշխարհն ալ ունեցաւ երկու «հրեշտակներ», որոնց հոգեհանգիստը կատարեցինք կիրակի, 16 յուլիսին:

Զոհերուն վերապրած հարազատներուն հոգ տարած մեր եկեղեցւոյ երգչուհի Տիգրիսը զիս կը ծանօթացնէ լուսահոգի Նարինէին ամուսինին` Կարէնին: Հայաստանէն հրաւիրուած է իր մօրն ու իր մազապուրծ փրկած երեք տարեկան մանչուկին հետ. տղեկը հօրմէն չի բաժնուիր, չի ձգեր, որ տեղէն շարժի: Հիւրասենեակին մէջ զոհերուն անունները կարդացող գեղուհին կ՛ուզէ ստուգել, որ անսխալ կ՛արտասանէ վրացահայ մեր հոգելոյս «հրեշտակ» Ռոման Եկմալեանին անունը:

Կրօնական եւ քաղաքական պետերն ու կրօնից ներկայացուցիչները թափօրով պարտէզ կը մտնեն: Բեմին վրայ են Եաէլ Թըպուլ` հրեայ. Քրիսթոֆ Ֆրանչեթի Զեն` պուտտայական, Ֆիլմի Ասօ` ֆրանսացի կաթողիկէ, Միշէլ Սելինիոթաքիս` յոյն ուղղափառ, Խաչատուր Պօղոսեան` հայ առաքելական, Պուպեքէօր Պեքրի` իսլամ, Փաուլօ Մորլաչեթի` աւետարանական:

Բեմին առջեւ մոմերը կը վառին մէկ-մէկ, ութսունվեց զոհերու անուններուն արտասանման հետ: Հոգեւորականները իրենց աղօթական կարճ պատգամները կու տան մխիթարական խօսքերով պճեղ մը մխիթարութիւն եւ հանգստութիւն տալու զոհերուն ալեկոծեալ հարազատներուն եւ անոնց մտքին ու հոգիին մէջ ցանելու առողջութեան, յոյսի, հաւատքի, համբերութեան, քաջութեան եւ սիրոյ սերմեր: Ի նշան եղբայրութեան` իրարու ձեռք կը բռնեն այս ոգեկոչման արարողութիւնը կազմակերպած միջկրօնական Նիսի եղբայրութիւնը` «Ֆրաթերնիթէ»-ի ներկայացուցիչները: Աւարտին, եբրայերէն, չինարէն, ֆրանսերէն, յունարէն, հայերէն, արաբերէն եւ իտալերէն լեզուներով կրօնականները կը պատգամեն` «ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԱՄԵՆԵՑՈՒՆ»:

Ներկաները իրարու ձեռք բռնելով` կը յառաջանան դէպի նորակառոյց յուշարձանը` մէկական ճերմակ վարդ զետեղելու զոհերուն նորակառոյց յուշարձանին` արցունքով:

Եկեղեցականներ եւ քաղաքական պետեր կ՛ողջունեն իրենց մօտեցող սգակիրները: Հոգելոյս Նարինէ Գասպարեանին քոյրը իր մատղաշ մանչուկը գրկած` մօրը հետ կու գայ խօսելու: Հայաստանէն եկած են քաղաքապետարանին հրաւէրով, իրենց հարազատին առաջին տարելիցին արարողութեանց ներկայ ըլլալու: Վաղը պիտի վերադառնան: Նիսեցի ֆրանսացի հայր մը իր մանչ ու աղջիկ երկու աչքերը թաց աչքերով զաւակներուն հետ կու գայ սիրտը բանալու եւ պատմելու իրենց «հրեշտակ»-ին մասին, ան կը շփէ ճկոյթին անցուցած իր զոհուած աղջկան ժառանգ թողած թանկագին մատանին, որ իր մատէն պիտի չելլէ բնաւ: Այս մասին այսքանը…

Յուլիս 14-ի յետմիջօրէին Նիսի գլխաւոր Մասենա հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսաւոր տօնակատարութիւն` ներկայութեամբ հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, ներքին գործոց նախարար Ժերար Քոլոնի (հոս, փակագիծ բանալով յայտնեցինք, որ Ժերար Քոլոնի նախարար նշանակուելէն էտք Լիոնի քաղաքապետ ընտրուեցաւ բժիշկ Գէորգ Քեփենակեանը) Նիսի քաղաքապետ` Քրիսթիան Էսթրոզիին, նահանգապետ` Ճորճ Ֆրանսուա Լըքլերին, որոնք բարձրաստիճան զինուորականներու հետ միասին Ֆրանսայի բարձրագոյն շքանշանով զարդարեցին կուրծքերը անցեալ տարի ահաբեկչութեան ընթացքին հերոսացած արանց եւ կանանց: Հանդէս եկան Նիսի երգչախումբն ու նուագախումբը, յայտնի դերասան արուեստագէտներու մէջ էր հայազգի աշխարհահռչակ երաժիշտ Միշէլ Լըկրանը. որ իր ասմունքի աւարտին տագնապ մը ունեցաւ, տեսայ, որ մէկը պատգարակով տարին դէպի շտապ օգնութեան մեքենան, անիկա թեթեւ տագնապ մը անցուցած Միշէլ Լըկրանն էր, որ տեղւոյն վրայ բժշկական շտապ խնամք ստացած էր: Տպաւորիչ տողանցքին ատեն հինգ մարտական օդանաւեր երկինքը ճեղքելով` ներկեցին եռագոյնով: Աւարտին, 86 երիտասարդներ զոհերուն անուններով սիրտ մը գծեցին պաստառին վրան:

Յուլիս 14-ի իրիկունը, մետասաներորդ ժամուն, սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ «Նեկրեսքօ» պանդոկի  ետին գտնուող Սեն Փիեռ Տ. Արեն եկեղեցւոյն մէջ, որուն հոգեւոր հովիւը` հայր Ժիլ Ֆլորինին հարցումիս ի պատասխան ըսաւ, որ ահաբեկչութենէն անմիջապէս ետք եկեղեցին բացած էր հարիւրաւոր խուճապահարներուն առջեւ` ուտելիք, խմելիք եւ հանգիստ տալով հոն եկողներուն:

Յուլիս 13-ի երեկոյեան հին «Վիէօ Նիս»-ի կաթողիկէ Սեն Ռեփարաթ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ յիշատակի հանդիսաւոր սուրբ պատարագ` ձեռամբ Նիսի եպիսկոպոս Անտրէ Մարսոյի։ Պաշտօնական հիւրերուն կարգին էին Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեանի ներկայացուցիչ  Գրիգոր աբղ. Խաչատրեան եւ Նիսի հոգեւոր հովիւ Խաչատուր Ա. քհնյ. Պօղոսեան:

Նիս, 16 յուլիս 2017

 

Նախորդը

Կարելի՞ Է Ապրիլ Հսկայ Սեքոա Ծառի Մը Մէջ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ներածականը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?