ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Եղեռնի հարիւրամեակին նուիրուած «Ոսկէ Ծիրան 12» փառատօնի «Հայկական Համայնապատկեր» խաղարկային ծրագիրը չունեցաւ առաջին մրցանակի արժանի դիմորդ: Վաւերագրական ժապաւէններու «Ոսկէ Ծիրան» մրցանակակիրն էր Արման Երիցեանի «Մէկ, երկու, երեք…» ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէ լքուած ծերունիներու պատումները: Յիշարժան էին, սակայն, երեք ա՛յլ ժապաւէններ` Ատրինէ Գրիգորեանի «Վերադարձ դէպի Կիւրիւն»-ը, Սոնա եւ Մարինէ Քոչարեաններու «Ինչպէս անցնել Ջիլիզից Ջիլիզ»-ը եւ Վահրամ Մխիթարեանի «Հովուի երգը»: «Ոսկէ Ծիրան 12»-ի շուրջ կան հատուկենտ լակոնական ակնարկներ: Կը թուի, թէ ոչ ոք ոգեւորուած է ծիրանի յոբելիանական բերքով:
Վահրամ Մխիթարեան անցեալ տարի ուշադրութիւն գրաւած էր ստանալով կարճատեւ խաղարկային առաջին մրցանակը, Վանօ Սիրադեղեանի «Գառ-ախպերիկ» պատմուածքի հիման վրայ նկարահանած իր «Կաթնեղբայր» ժապաւէնով: Այդտեղ անհասկնալի ձեւով յայտնուած գառնուկ մը կը փոխարինէ գիւղացի տղու, Սեդոյի, մահացող նորածին եղբայրը: Գառնուկը կը սնանի Սեդոյի մօր կաթով (!): Մխիթարեան այժմ կը ներկայանայ ամայացող հայկական գիւղերը պատմող խորհրդանշական այլ «սեւ» ժապաւէնով մը: Կուրացած հովիւի առջինեկ որդին կը ծնի կոյր: Հովիւը այդ կը համարէ երկնային անէծք: Կը հաւատայ, որ անէծքը կարելի է մաքրել միայն մնալով եւ պայքարելով լեռներուն վրայ: Խորհրդանշական յստակ պատգամ: Պէտք է դիտել տալ, որ սնապաշտութեան տարրը ներկայ էր նաեւ «Կաթնեղբայր»-ին մէջ: Սեդօ սպիտակ թաշկինակներ կը կապէ ծառի ճիւղերուն` արագացնելու համար իր եղբօր ծնունդը:
Տաւուշի Գեղատափ գիւղը իսկապէս որ կը մահանայ: Այծարած Խաչիկ իսկապէս որ կորսնցուցած է իր աչքերը բռնութեան պատճառով: Անոր կինը նոյնպէս գրեթէ կոյր է: Կոյր է նաեւ իր առջինեկը` Գրիգորը, որ Երեւանի մէջ տեսողական հարցեր ունեցողներու յատուկ դպրոցի ուսանող է: Խաչիկ փորձած է ապրիլ Երեւանի մէջ, բայց շուտով յայտնաբերած, որ Երեւանի մայթերը աւելի անգութ են, քան լերան քարքարուտը: Խորհրդանշական սեւ պատումը հիմնուած է աւելի սեւ իրականութեան վրայ: Ժապաւէնը ֆինանսաւորած են Լեհական շարժապատկերի հաստատութիւնը եւ «Հայաստանի Ազգային Կինոկենտրոն»-ը: Արժանացած է լեհական «Յանտար 2014» մրցանակին:
«ԻՆՉՊԷՍ ԱՆՑՆԵԼ (ՋԻԼԻԶԻՑ ՋԻԼԻԶ)» վաւերագրական, 15 վ.
Բեմադրիչներ.- Մարինէ եւ Սոնա Քոչարեաններ (ոչ արիւնակից)։ Շուլավարի գետը, որ կ’որոշէ հայ-վրացական սահմանը, երկուքի բաժնած է Ճիլիզա (Խորակերտ) գիւղը: Մօտիկ անցեալին հարազատներ իրարու հանդիպելու համար պարզապէս կ’անցնէին գետակը: Այժմ պարտաւոր են աւելի քան հարիւր քմ. կտրել հասնելու համար սահմանային անցարգել: Բեմադրիչները դժգոհութիւնը արտայայտած են անմեղ մանուկներու աչքերուն եւ խօսքերուն ընդմէջէն: Հարցը, սակայն, շատ հեռու է «անմեղ» ըլլալէ: Վարդան պատմիչ գիւղի հիմնադրութիւնը կը վերագրէ ոչ նուազ քան Հայկի որդի Խոռին: Գետին միւս ափին կանգնած է Խորակերտ վանական համալիրը: Գլխաւոր եկեղեցին` Սբ. Սարգիսը (5-7 դար), հայ ճարտարապետութեան կանգուն մնացած միակ նմոյշն է, որուն ութանկիւն թմբուկի ներքեւի մասը կազմուած է 30 վեցանիստ սիւներէ, որոնք եկեղեցւոյ ներքին կառոյցին մէջ կը յենին վեցաթեւ աստղ կմախքին վրայ:
Գիւղապետ Մհեր Վարդանեանի կը վստահեցնէ, թէ հայկական կողմը պատրաստ է կառուցել կամուրջ եւ անցակէտ: Կը թուի, որ առաջարկը քայլ մըն է վանքի տէ ֆաքթօ վերատիրացման ուղղութեամբ: Այս նիւթին շուրջ գոյ է աւելի քան բաւարար տեղեկութիւն: Եութիւպի վրայ կան տեսերիզներ:
Բեմադրիչները, սակայն, մօտեցած են ա՛յլ անկիւնէ: Ժապաւէնը պատրաստուած է Վրացական Caucadoc (վաւերագրական ժապաւէններու զարգացման) ծրագիրին համար, որ մաս կը կազմէ «Իսթըրն Փարթնըրշիփ»-ի աշխատանքներուն: Այս հարցի քաղաքական խորապատկերին նախապէս մանրամասն անդրադարձած եմ (տես «Հայ-թուրք շարժապատկերի հարթակը» www.aztagdaily.com/archives/208637, 16 հոկտ. 2014): Ծրագիրը կարելի չէ որեւէ իմաստով անմեղ համարել: Բեմադրիչները սակայն կը շահարկեն Լուսինէի եւ Միքոյի անմեղութիւնը: Իբրեւ մերձեցում կը նշանակէ հանդիպիլ սիրելի տատիկին: Մինչդեռ իսկական հարցը քաղաքական մերձեցումն է, «Իսթըրն Փարթնըրշիփ»-ի հովանիին տակ: Կ’ենթադրէ Հայաստանի քաղաքական ուղեգիծի վերանայում:
Ժապաւէնը մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան եւ ԹՈՒՄՕ կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած` «Երիտասարդ վաւերագրողներու» մրցոյթին (յունիս 2014) եւ, ո՜վ զարմանք, արժանացած գլխաւոր մրցանակի: ԹՈՒՄՕ կեդրոնը կը պատկանի Սիմոնեան հաստատութեան, որուն կեդրոնը կը գտնուի Տալլաս, Թէքսաս:
«Վերադարձ Դէպի Կիւրիւն»
Վաւերագրական 64 վ.
Բեմադրիչը՝ Ատրինէ Գրիգորեան: Մասնագիտութեամբ իրաւագէտ է, կը զբաղի մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեամբ: Իմա` ոտն ի գլուխ խրած է քաղաքականութեան մէջ: 2011-ին «Բեմադրիչներ առանց սահմաններու» (ԲԱՍ) ծրագիրի ծիրին մէջ արժանացած է Հայ-թուրք հարթակի գլխաւոր մրցանակին «Վերադարձ դէպի Կիւրիւն»-ի
բեմագրութիւնը իրագործելու համար: ԲԱՍ-ի մասին եւս անդրադարձած յիշուած յօդուածին մէջ: Գրիգորեան կը զբաղի նաեւ գեղանկարչութեամբ:
Վաւերագրական դասակարգին մէջ ժապաւէնը մրցած էր «Սպիտակ գարան երազ»-ին եւ «Սարոյեանի երկիր»-ին հետ:
Ատրինէ Գրիգորեան «Ոսկէ Ծիրան» 2013-ին մասնակցած էր իր վաւերագրական «Բաւական»-ով: Ժապաւէնը կ’արտացոլացնէ պատմութիւնը չորս կիներու, որոնք ստիպուած են յղութիւնը ընդհատել, որովհետեւ սաղմը արու չէր: Թամարա (որ այժմ չափահաս կին է) կը յիշէ, թէ ի՛նչ զգացած է, երբ դպրոցին մէջ գիտցած է, թէ իր անունը «Բաւական» է: Այդ անունը տուած է աղջիկ թոռներէն դժգոհ տատիկը:
Գրիգորեան կ’ըսէ, թէ Հայաստանի մէջ անցեալ քսան տարիներու ընթացքին սպաննուած են 50 հազար սաղմեր: Նման ոճիրներ անշուշտ որ կը կատարուին մութին մէջ: Կ’ենթադրեմ, որ թիւը հիմնուած է վիճակագրական տուեալներու վրայ: Հայաստանի մէջ նորածիններու 46.7 տոկոսը միայն աղջիկ է, մինչդեռ բնական տոկոսն է 49.5 առ հարիւր: Կայ մօտ 2 առ հարիւրի շեղում, որ, ըստ երեւոյթին, կը վերագրուի պարտադրուած վիժումի:
Տեղի ունեցած է ժապաւէնի մասնագիտական քննարկում, որուն մասնակցողներէն էին ազգագրագէտ, մարդագէտ (Anthropolog), հոգեբան, հոգեւորական եւ Առողջապահութեան նախարարութեան բաժնի պետ: Միով բանիւ, Գրիգորեան… ներողութիւն, պիտի ըսէի «Բաւական» ժապաւէնը յաջողած էր գրաւել որոշ ուշադրութիւն: Իսկ թէ ինչո՞ւ իր ժապաւէնին մէջ տեղ չէ տրուած տղամարդու կարծիքին, Ա. Գրիգորեան պատասխանած է.- «Դժուար էր գտնել տղամարդ մը, որ պիտի խօսէր այս հարցին մասին»:
«Վերադարձ դէպի Կիւրին»-ը կը ներկայացնէ բեմադրիչին անձնական պատմութիւնը: Գրիգորեանին պապիկը գրաւոր նկարագրութիւններ թողած է աւանին մասին: «Առանց սահմաններու» ծրագիրի մասնակից թուրք ուսանողի մը հետ կը ճամբորդէ Պոլիսէն մինչեւ Կիւրին: Այո՛ կը սկսի Ճեմալ փաշայի թոռէն, կ’անցնի անխուսափելի Իսթիքլալ ճատտէսիյէն եւ Կալաթայի թուրիստաձիգ աշտարակէն: Ատրինէ, որ ներկայ է գրեթէ բոլոր քատրերուն մէջ, կ’ըսէ. «Ամէն օր ֆիլմին բեմագրութիւնը փոխուում էր, եւ ֆիլմը հէնց այդ մասին է, թէ ինչ խոչընդոտներ են հանդիպում մեզ` որպէս հայ, դէպի Կիւրիւն գնալու ճանապարհին: Այս պատմութեանը, բնականաբար, միաձուլուեց Ցեղասպանութեան թեման»:
Ժապաւէնին մէջ խցկուած են Եղեռնի ծանօթ լուսանկարներ եւ ի հարկէ հայկական տխուր երաժշտութիւն, ինչպէս` «Թռչէի մտքով տուն»: Գրիգորեան խորհուրդներ կը շռայլէ ի ձախ ու աջ: Թէ ինչպէ՞ս կարող են ազգերը շարժիլ յառաջ, երբ կը վախնան ետեւ նայելու:
Գուցէ հարկ էր յուշել բեմադրիչին, թէ համեստութիւնը առաքինութիւն է:
Աւելի՛ն, ժապաւէնին ասքը այն տպաւորութիւնը կը թողու թէ, Ատրինէ Գրիգորեան առաջին խիզախ ռահվիրան է, որ սիրտը ափին մէջ առած կը թափանցէ թշնամիին թիկունքը: Առաջին նախակարապետ ուխտաւորը, որ կը փնտռէ իր պապենական տունը: Առաջին հայը, որ երբեւիցէ խօսած է ոեւէ թուրքի հետ: Ասիկա պարզապէս յաւակնոտութիւն է: Լաւագոյն պարագային` անգիտութիւն:
Ուիլիըմ Սարոյեան 1964-ին կատարած էր շատ աւելի խոր ու հեռու ուխտաւորութիւն եւ Պիթլիսի մէջ մոմ վառած էր իր նախնիներու գերեզմանաքարերուն վրայ: Այս մասին գոյ է ե՛ւ մենագրութիւն, եւ վաւերագրական ժապաւէն: Նոյն շրջանին բազմաթիւ այլ տարագիրներու նման իմ հայրս եւս վերադարձած էր դէպի այն տունը, ուր ճօճած էին իր օրօրոցը: Տան բարեացակամ տէրերը զինք հիւրասիրած էին թէյով: Դառն թէյ:
Վերադառնալ դէպի հօրենական տուն եւ դիմագրաւել նոր տէրերը… բան մը, որ որոշ յանդգնութիւն կը պահանջէր ա՛յդ օրերուն: Այսօր «բնականոնացման» այլազան հարթակներու հովանաւորած ժապաւէնները ո՛չ թէ վտանգաւոր սխրանքներ են, այլ ֆինանսաւորուած եւ մոտայիք «պիզնէս»: Օտար այդ դռներու առաջ հերթի կանգնած երկար շարքերը վկայ:
Ատրինէ Գրիգորեանի յաջորդ ծրագիրը` «Փակ սահմաններ» (40 վ.), նոյնպէս հովանաւորուած է ԲԱՍ-ի եւ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամին կողմէ, որ կը գործակցի Armenia-Turkey Normalisation Process-ին (Բնականոնացման գործընթաց) հետ: Այս առանձին ցաւոտ նիւթ է:
Ներկայացուած նախագիծները մաղող դատական կազմը բաղկացած է հետեւեալներէ` Իպրահիմ Պէթիլ (հանգստեան կոչուած դրամատան նախկին տնօրէն), Սէմա Քըլըչէր (Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի թուրք պատգամաւորական կազմի քաղաքական խորհրդատու), եւ Արեւիկ Սարիբեկեան (Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ հիւպատոսարանի տնօրէն): Նկատել, թէ դատական կազմի անդամներէն ոչ մէկը ֆիլմաշխատող է: Ոչ մէկը կը ներկայացնէ հայկական որեւէ հաստատութիւն: Երկու թուրք անդամները ֆինանսական եւ քաղաքական որակաւորուած, փորձառու մասնագէտներ են, մինչդեռ… :
Մեկնաբանութիւնը կը թողում նուազ կասկածամիտներու:
Խաղարկային ժապաւէններու մէջ ուշադրութեան արժանի են մրցանակակիր «Մասկվիչ»-ը եւ նզովեալ «1915»-ը:
«Մոսկվիչ, իմ սէր» 2012, 88 վ.
Բեմադրիչ` Արամ Շահբազեան: Գլխաւոր դերակատարներ` Մարտուն Ղեւոնդեան եւ Հիլտա Օհանի (պարսկահայ): Հայ-ռուս-ֆրանսական միացեալ արտադրութիւնը ստացած է Քննադատներու FIPRESCI եւ Ecumenic (համաքրիստոնէական) մրցանակները:
Ժապաւէնը կը ներկայացնէ 90-ական թուականներու փլուզումի մթնոլորտը հեռաւոր թշուառ գիւղերուն մէջ: Հիմնուած է իսկական գաղթականի պատմութեան վրայ (Մարտակերտ): Նկարահանումներու 95 առ հարիւրը կատարուած է Ղարաբաղէն ոչ հեռու Վարդենիսի մէջ (Գեղարքունիք): Համոն (Հմայեակ) եւ իր կինը Հայաստան գաղթած են Ազրպէյճանէն:
Կ’ապրին ծայրայեղ անցուկ եւ անդիպուածալից պայմաններու մէջ: Համօ ունի հին (խորհրդային օրերէն մնացած) երազ մը` ունենալ «Մասկվիչ 408»: Անուշադիրներու սիրոյն կը կրկնեմ.- «փոքր մարդ» Համոն ունի «մեծ երազ»: Յանկարծ կ’իմանայ, որ դրացի գիւղին մէջ կը վաճառուի իր երազի առարկան: Բայց ինչպէ՞ս պէտք է ձեռք բերել ամբողջ 800 տոլար: Այդպէս կը սկսի «Թրաժիքոմետիա»-ն: Օրինակ` Համօ Ռուսիա աշխատող տղուն հետ կ’ունենայ հեռաձայնային երեւակայական զրոյցները:
Ժապաւէնը կը պատմէ խորհրդային ժառանգորդ այն սերունդին մասին, որ` «մի օր արթնանում է եւ հասկանում, որ իր իմացածը ոչ մէկին այլեւս պետք չի… Վերնիսաժում մարդիկ իրենց հայրերի ու պապերի արիութեան մետալներն են վաճառում` օրուայ ապրուստի դիմաց: Հմայեակն իր երազանքին հասնելու համար գնում է այդ քայլին, բայց չի կարողանում վաճառել յիշողութիւնը»:
Վարդենիսի մէջ «ոչ մէկի հագին վերջին երկու տասնամեակում արտադրուած հագուստ չկար, ամէն ինչը դեռ այն` սովետական ժամանակներից է պահպանուել», կ’ըսէ բեմադրիչը: Իսկ Մարտուն Ղեւոնդեան կ’ըսէ, թէ դերը շատ քիչ ճիգ պահանջած է, որովհետեւ կը խաղար ինքզինք: Ծերունիին դիմագրաւած միակ դժուարութիւնն էր սորվիլ… ինքնաշարժ վարելը: Այդ «դասընթացքը» յաջողութեամբ աւարտած է երկու օրուան ընթացքին:
Շահբազեան ծնած է 1971-ին, Կոտայք: Աւարտած է Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հաստատութեան բեմադրական բաժինը: Աշխատած է Հայաստանի Հանրային եւ «Շողակաթ» հեռատեսիլի ընկերութիւններու մէջ: 2005-ի երեւանեան «Ես եմ» միջազգային երիտասարդական փառատօնի ծիրին մէջ արժանացած է «Լաւագոյն բեմադրիչ» մրցանակին:
«1915» 82 վ. Բեմադրիչներ` Ալեք Մուհիպեան եւ Կարին (Րաֆֆիի) Յովհաննիսեան
Գլխաւոր դերակատարներ` Սիմոն Աբգարեան եւ Անժելա Սարաֆեան: Ո՛չ, Արսինէ Խանճեանը այս անգամ բացակայ է, բայց ներկայ է Սերժ Թանքեանը:
Կը թուի, թէ բեմադրիչները փորձած են «Արտոյտներու ագարակ»-ի (The Lark Farm, Թավիանի եղբայրներ, 2007) բներգը ներկայացնել Էկոյանական ոճով: Հայ կինը կը սիրահարի այն թուրք սպային, որ կը բնաջնջէ եւ կը տարագրէ իր ընտանիքը: «Արտոյտներու ագարակ»-ին մէջ այդ Նունիկն է, իսկ «1915»-ին մէջ` Անժելան:
Ինչպէս Շէյքսփիրի «Համլէթ»-ին (1599-1602) եւ Էկոյեանի «Արարատ»-ին մէջ (2002), այնպէս ալ այստեղ ահաւոր, «անասելի» ոճիրը կը ներկայանայ որպէս խաղ-խաղի-մէջ: «1915»-ի պարագային` որպէս թատրերգութիւն շարժապատկերի մէջ:
Րաֆֆի Յովհաննիսեան կ’ըսէ.- « Աթոմ Էկոյեան… շատ հաւանեց բեմագրութիւնը եւ ասաց, որ անպայման ֆիլմը նկարահանենք: Մի օր հանդիպեցինք Սերժ Թանքեանին, եւ պարզուեց, որ Էկոյեանը պատմել է նրան ֆիլմի մասին եւ խնդրել երաժշտութիւն գրել»:
Դիպաշարը.– Անորոշ անցեալ ունեցող «բռնատէր» թատերական բեմադրիչ մը հարցեր ունի դերասաններուն հետ, մանաւանդ գլխաւոր դերակատարուհիին, որուն ամուսինն է: Եօթը տարի առաջ զոյգը կորսնցուցած է արու զաւակ, որուն ուրուն կը հալածէ զիրենք: ԴԷպքերու թատրը Լոս ԱնՃելըսի գեղեցիկ, պատմական եւ թատրոն մըն է, զոր հիմնադրած է նոյնինքն Չարլի Չափլինը: Հինաւուրց թատրոնը «բնակուած» է ի՛ր ուրուականներով: Այս բոլորին կու գան միանալու հայկական Եղեռնի տառապահար ոգիները:
Ներկայ է նաեւ… Ալֆրետ Հիչքոքի ոգին, որ այսահարած է Սիմոնը: Բեմադրիչը իր կնոջ հետ կը վարուի Հիչքոքավարի: Տառապահար կինը կը հիպնոսացնէ ու կը մղէ խելագարութեան, որպէսզի կարենայ աւելի լաւ խաղալ իր դերը: Անժելա կը սկսի տեսնել ուրուներ, լսել անդրշիրիմեան ձայներ: Կեանքը կը վերածուի մղձաւանջի:
Բեմադրիչը կ’ընտրէ թատրերգութիւն մը, որուն հերոսուհին` զաւակներու տէր հայ մայր մը, ընտրանք ունի իր կեանքը փրկելու, փախչելով թուրք սպային հետ: Թատրերգութեան ներկայացուցած հաւաքական խոցը եւ ամուսիններու անհատական խոցը անքակտելիօրէն կ’ագուցուին: Կ’ագուցուին քուլիսներու ներսն ու դուրսը: Կ’ագուցուին նաեւ Լուիզայի ընտրանքները: Լուիզա պիտի փախչի ո՛չ թէ թուրք սպային, այլ այն հէգ (ոչ թուրք) դերասանին հետ, որ կը խաղայ այդ դերը:
Կողքի նկարին մէջ հայելին ցոյց կու տայ Անժելայի երկփեղկումը: Այդտեղ կը տեսնենք նաեւ ուրուականային լուսանկար մը:
Ժապաւէնին մէջ անցեալի «վաւերագրական» յաճախանքները, որոնց շարքին եւ սպանդի ահաւոր պատկերներ, կը կրկնուին ամէնուրեք:
Ձայնային «խորապատկերին» մէջ կը կրկնուին «կպչուն» մեղեդիներ, ինչպէս «Արի իմ Սոխակ» օրօրոցայինը (1): Այս ուղղութեամբ Սերժ Թանքեան, կ’ըսէ թէ «ռոք» տարրերը փորձած է միաձուլել հայկական ազգագրական երաժշտութեան հետ:
Քաղաքական.– Հայ մօր ցոյց տուած բարոյական թուլութենէն վրդոված, ցուցարարներ կը ցնցեն թատրոնի փակ դրան ճաղերը: Բեմադրիչին կ’ուղղեն լուտանք եւ սպառնալիքներ, կ’ահաբեկեն դերասաններն ու բարեմիտ արտադրողը: Բեմադրիչները լիովին կը գիտակցին, ուրեմն, որ ժապաւէնը խնդրայարոյց է: Աւելի՛ն, կը թուի թէ ժապաւէնը խնդրայարոյց է կանխամտածուած եւ դիտաւորեալ կերպով: Ժապաւէնի մտայղացումը տեւած է 2 տարի, իսկ նկարահանումը` լոկ 20 օր:
Վրդոված է նաեւ հանդիսատեսներոն մեծ տոկոսը: Տեսնել, օրինակ Սարգիս Տաղտևիրեանի «Պարտուողական պատգամ» վերնագիրով լոյս տեսած զոյգ յօդուածները («Ասպարէզ», 1 մայիս եւ 21 յուլիս 2015):
Հետեւելով Էկոյեանի օրինակին, բեմադրիչները կը փորձեն կոտրել հայկական ժապաւէններու «ճակատային» կաղապարը, որուն ծանօթ նմոյշներէն մէկն է, օրինակ, «Ձորի Միրօն»: Ընթերցողի ներողամտութեան դիմելով` կը մէջբերեմ.- «… Հայերի մեծամասնութիւնը հիմնականում Ցեղասպանութեան շատ պրիմիտիւ (նախնական) ընկալում ունի ու համապատասխան էլ նիւթ ու մատուցում է անկնալում: Մի խօսքով, «1915»-ի դէպքում հանդիսատեսին չի հրամցւում կոտորած, բռնաբարութիւններ, գազանաբարոյ այլ արարքներ, որոնք միայն առերեւոյթ են ի ցոյց դնում հայերի տառապանքները, (ընդգծումը իմ կողմէս- Հ.Պ.) իսկ հոգեբանական, խոր հոգեբանական կողմերը գրեթէ միշտ երկրորդ պլան են մղվում. լաւագոյն դէպքում (2):
«Արտոյտներու ագարակը» ճակատային ֆիլմը ընդունուած էր դրական կերպով, թէեւ այդտեղ գոյ է Նունիկի եւ Էկոնի անկողնային տեսարան: Մինչդեռ հէգ ու տառապեալ Անժելա լոկ հոգեպէս «կը փորձուի» փրկութեան այլընտրանքին դէմ յանդիման: Ագարակին մէջ գոյ է «սեռային չարաշահում» (sexploitation): Կողքին կը տեսնենք համեստ նմոյշներ: Նունէ չի կեղծեր, ան իսկապէս հմայուած է թուրք սպայով: Հայ աղջիկն ու թուրք զինուորը կազմած են հիանալի զոյգ (3): Այսուհանդերձ ժապաւէնը ցուցադրուած է Եղեռնի ոգեկոչման եւ բազմաթիւ այլ հայկական ձեռնարկներու ընթացքին:
Այս բարդ հարցը կը կարօտի առանձին ուսումնասիրութեան:
Անասելին.– Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Կ. Յովհաննիսեան ըսած է.- «Ես ցանկանում էի մի կողմից ներկայացնել մեր անցեալը, բայց նոր ժամանակակից լեզուով, ժամանակակից հանդիսատեսի համար… Ոչ մի ֆիլմ չի կարող իր մէջ յագեցնել այն ցաւը, որը Ցեղասպանութիւնը տուել է մեր ժողովրդին:… Անշուշտ ֆիլմը դատապարտուած է, տապալուած, բայց դա չի նշանակում, որ իզուր է արուած, որ անպէտք է, որ չի կարող արդարութիւն ու լոյս բերել մեր նահատակներին»:
Ինչպէս Գ. Պըլտեան բազմիցս նշած է, աղէտը պիտի որ գոյ ըլլայ արուեստագէտի լեզուին մէջ, այլ ոչ բացայայտ պատկերներու (4): Այս պարագային հայ շարժապատկերի լեզուին մէջ, որ ցաւոք, տակաւին չէ կազմաւորուած:
Ցտեսութիւն:
————————
1).- Բառեր` Ռ. Պատկանեանի, երաժիշտ` ցաւօք անյայտ
2).- Դաւիթ Պ. Վարդազարեան http://kinoashkharh.am/2015/04/10159
3).- Ընտրուած են երկու յոյժ գեղադէմ եւ բարեձեւ դերասաններ: Դիտաւորեա՞լ:
4).- Գրիգոր Պըլտեան, «Աղէտի լեզուով» , 2015 Փարիզ: