ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շատ զգացական էք եւ անկեղծ. ասիկա անշուշտ առաւելութիւն մըն է, սակայն զգոյշ եղէք, ձեր շրջապատի անդամները կրնան ձեզ շահագործել, ուրեմն քիչ մը աւելի իրապաշտ եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրը շատ յարմար է ծրագիրներ կատարելու: Եթէ արուեստագէտ էք, ձեր մարզին մէջ յաջողութիւններ պիտի ունենանք: Փայլուն աստղերը ձեր կողքին են:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխատանքի մէջ շատ բծախնդիր էք եւ ամէն ինչ կատարեալ ընել կ՛ուզէք, նաեւ կ՛ուզէք, որ ձեր ընկերներն ալ նոյնը ընեն, սակայն անոնք յաճախ անտարբեր կը գտնուին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շատ յաջող օր մը պիտի բոլորէք. առիթը օգտագործեցէք եւ ձեր բոլոր գործերը կատարեցէք, հաճելի հանդիպումներ պիտի ունենանք եւ նուէրներ պիտի ստանաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ ինքնավստահ էք եւ ձեր կարծիքները փոխել չէք ուզեր. նոյնիսկ ձեր շուրջիններուն ուղղութիւնները կ՛անտեսէք, անշուշտ ձեր կեանքը դուք պիտի դասաւորէք, սակայն երբեմն ուրիշներուն կարեւորութիւն տուէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այսօր կարծէք տօնական օր մըն է ձեզի համար. ձեր տրամադրութիւնը բարձր է. երեկոյեան ձեր բարեկամները հրաւիրեցէք, որպէսզի ձեր ուրախութիւնը իր գագաթնակէտին հասնի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Վերամուտին կատարելիք ծրագիրներ կը պատրաստէք. նախ ամրան եղանակը վայելեցէք: Հաճելի արձակուրդէ մը վերջ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ զանոնք իրագործելը. ամէն բան իր ժամանակը ունի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Երկար աշխատանքէ ետք հանգիստ ընելու մասին մտածեցէք: Շաբաթավերջի կատարեալ առանձնութիւնը ձեր տրամադրութիւնը պիտի փոխէ. բնութեան ծոցին մէջ աւելի իրատես կը դառնաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Յաճախ ձեր գործերը պատահականութեան կը ձգէք եւ կը զղջաք. աւելի հեռատես եղէք եւ լաւ սերտեցէք ձեր ծրագիրները, որպէսզի սխալներ չգործէք, այս ձեւով ձեր գործը աւելի կը դիւրանայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր աշխատավայրին մէջ անհասկացողութիւններ կան, ինչ որ կեանքին մաս կը կազմէ: Դուք ձեր կարելին ըրէք, որպէսզի գործը չկաղայ, ձեր բարեացակամութիւնը պիտի գնահատուի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այս առաւօտ բարձր տրամադրութեամբ պիտի արթննաք, օրը շատ յաջող պիտի անցնի, իսկ երեկոյեան հրաւէր մը պիտի ստանաք եւ բարեկամներու հետ սեղան պիտի նստիք: Բարի վայելում:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այս երեկոյ ընթրիքի մը ընթացքին պիտի ծանօթանաք, նոր անձերու, որոնցմէ մէկը ձեզ շատ պիտի հետաքրքրէ, այս հետաքրքրութիւնը երկուստէք պիտի ըլլայ, ճկուն գտնուեցէք: