Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ, 14 յուլիսին շարունակուեցաւ ռուս լրագրող Ալեքսանտր Լափշինի դատավարութիւնը:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, թէ դատախազութիւնը դատարանէն պահանջած է 6,5 տարուան բանտարկութեան դատապարտել լրագրողը` աւելցնելով, թէ ան պատիժը կրելէն անմիջապէս ետք պէտք է արտաքսուի երկրէն:
Այնուհետեւ, պաշտպան փաստաբանները դատաւորէն ժամանակ խնդրած են` իրենց ելոյթի նախապատրաստութեան համար:
Դատավարութիւնը պիտի շարունակուի 19 յուլիսին:
Յիշեցնենք, որ ռուսական, ուքրանական եւ իսրայէլեան քաղաքացիութիւն ունեցող Լափշին կը հետապնդուի Արցախ այցելելուն եւ անոր անկախութիւնը ճանչնալու մասին կոչեր կատարելուն համար: