ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր աշխատավայրին մէջ ի շահ ձեզի փոփոխութիւններ պիտի կատարուին: Ձեր պաշտօնը պիտի բարձրանայ, եւ անշուշտ կոկիկ յաւելում մըն ալ պիտի ունենաք: Արդարացուցէք այս պաշտօնը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պատասխանատու գործ մը պիտի վստահուի ձեզի: Ղեկավարի դեր մը պիտի ստանձնէք, զոր շատ լաւ պիտի վարէք: Ի գործ դրէք ձեր բոլոր գիտելիքները եւ փաստեցէք, որ դուք կարողութիւն ունիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր արձակուրդին բարեկամներ հրաւիրեցէք, որպէսզի հաճելի անցնին ձեր օրերը: Աշխատանքի տաղտուկէն ետք ոչինչ մտածեցէք: Երբեմն անտարբերութիւնը իր բաքիները ունի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ արձակուրդի համար ծրագիրներ չունիք, կրնաք հաճելի օրեր ապրիլ: Ընտանիքով եւ կամ ընկերներով կարճ պտոյտներ կազմակերպելով` ձեր առօրեայ հոգերը կը մոռնաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ուրախանալու շատ առիթներ ունիք, սակայն գնահատել չէք գիտեր, միայն ձեր աշխատանքին վրայ մտածելը ձեզ կրնան յոգնեցնել: Ձեր պատեանէն դուրս ելէք եւ կեանքը այլ աչքերով դիտեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր անձին վրայ կեդրոնացած մի՛ մնաք, ընկերութեան մէջ մտէք, ուր շատ բաներ ունիք սորվելիք: Պիտի տեսնէք, թէ կեանքը միշտ ալ ժխտական չէ: Ձեր կեանքը դասաւորել գիտցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Լաւ մտածելով գործ մը սկսելու համար կարեւոր ներդրում մը պիտի կատարէք: Գործը ամուր հիմերու վրայ դնելով` յաջողութիւն պիտի ունենաք այնքան մը, որ ձեր շուրջինները պիտի զարմանան:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Որոշում մը տալէ առաջ շատերուն կարծիքին պիտի դիմէք: Այս բոլորը մէկտեղելով` ընտրութիւնը ձեզի կը մնայ: Լաւագոյն գաղափարով ճամբայ ելէք եւ յաջողութիւնը դիմաւորեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընկերային կեանքին մէջ անտարբեր մի՛ գտնուիք եւ ցոյց տուէք ձեր կարողութիւնները: Դուք կրնաք շատ բան փոխել ի նպաստ ընկերութեան, նոյնը կրնաք ընել ընտանեկան յարկէն ներս:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր զգացումները արտայայտելու դժուարութիւն ունիք, նոյնիսկ ձեր սիրած անձին չէք կրնար ձեր սիրտը բանալ: Գիտցէք, որ անձ մը կը սպասէ սիրոյ խօսքեր լսել: Արթնցէք եւ համարձակութիւն ունեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընտանեկան կարգ մը անհասկացողութիւններէ ետք միջին լուծում մը պիտի գտնուի, ամէն մէկ անձ պարտականութիւն մը ստանձնելով` ամէն ինչ կարգի պիտի մտնէ, եւ բոլորը հանգիստ պիտի ապրին:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ամրան տաքին անհոգ մի՛ մնաք: Աշխատանքէն ետք կարելի է զբաղումներ գտնել` մարզանք ծով եւ կամ զբօսավայրեր: Այս բոլորը ձեր տրամադրութիւնը կը բարձրացնէ: