Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանը յայտնեց. «Ահաբեկչութեան եւ անոր աջակցողներուն դէմ պայքարը պիտի շարունակուի ամենայն վճռականութեամբ»:
Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիսի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին դրուատեց ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային դաշինքի ղեկավարութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դերը:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած է նաեւ ահաբեկչութեան ու ծայրայեղականութեան դէմ պայքարին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համակարգումի մեքանիզմները արդիականացնելու հարցը, ինչպէս նաեւ երկու կողմերուն միջեւ զինուորական ու պաշտպանական համագործակցութիւնը: