Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աքսայի Մզկիթին Վրայ Գերիշխանութեան Շուրջ Յորդանան-Իսրայէլ Բանավէճ

Յուլիս 17, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւելի քան երկու օր Աքսայի մզկիթին դռները փակ պահելէ ետք, իսրայէլեան ուժերը երէկ կէսօրին անոր բանալիները յանձնեցին Իսլամական կալուածներու բաժանմունքին, սակայն իրենց մօտ պահեցին երեք դռներու` Պապ Ասպաթի, Պապ Մալեք Ֆայսալի եւ Պապ Մաժլեսի բանալիները:

Աքսայի շէյխերը մերժեցին մուտք գործել մզկիթ, մինչեւ որ իսրայէլեան իշխանութիւններուն ներխուժումէն առաջ տիրած կացութիւնը վերականգնի:

Իսրայէլեան իշխանութիւնները Աքսայի մզկիթը տնօրինող շէյխ Օմար Քասուանիին յայտնած էին, որ կիրակի կէսօրին պիտի վերաբանան մզկիթին դռները, որոնց մուտքերուն ելեկտրոնային դռներ զետեղած են:

Յորդանանեան արքունիքը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ապտալլա Բ. թագաւորը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ` նշելով, որ Աքսայի դռները պէտք է բացուին նամազ կատարողներուն առջեւ: Թագաւորը շեշտած է, որ իր երկիրը ամբողջովին կը մերժէ Աքսայի փակման շարունակութիւնը:

Յորդանանի թագաւորը նաեւ շեշտած է Աքսայի շուրջ կացութիւնը հանդարտեցնելու եւ մագլցումը կանխարգիլելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծած է, որ որեւէ կողմի պէտք չէ արտօնել անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը խաթարել եւ յաւելեալ բռնարարքներու եւ ծայրայեղականութեան առիթներ ստեղծել:

Արքունիքի հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, որ Ապտալլա թագաւորը դատապարտած է ուրբաթ օր Երուսաղէմի մէջ կատարուած յարձակումը` յայտնելով իր մերժումը ամէն տեսակի բռնարարքներուն, մասնաւորաբար սրբավայրերու եւ աղօթավայրերու մէջ:

Միւս կողմէ, «Իսրայէլ Նիուզ 24» կայքը հաղորդեց, որ Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Կիլատ Արտան ձայնասփիւռային հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. «Իսրայէլ Աքսայի վերաբերեալ իր որդեգրած որոշումներուն գործադրութեան վերաբերող բոլոր հարցերուն մէջ Յորդանանի կեցուածքը նկատի ունենալու որեւէ պարտաւորութեան տակ չէ»:

«Նկատի ունենալով, որ Աքսայի վրայ գերիշխանութիւնը կը պատկանի Իսրայէլի, ապա այլ երկիրներու կեցուածքները անկարեւոր են, ուստի եթէ որոշ պատճառներով որոշումներ որդեգրուին, զանոնք պէտք է գործադրենք առանց արտաքին ճնշումներու ենթարկուելու», նշած է ան:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» կայքը իր կարգին Յորդանանի թագաւորին ու Նեթանիահուի միջեւ հեռաձայնային հաղորդագրութիւնը որակեց «հազուադէպ, որուն նմանը երկար ատենէ ի վեր տեղի չէր ունեցած»:

Նախորդը

Ըստ Իրաքեան Ապահովական «Բազէներ» Բջիջի Ղեկավարին. Պաղտատին Տակաւին Ողջ Է

Յաջորդը

«Ահաբեկչութեան Եւ Անոր Աջակցողներուն Դէմ Պայքարը Պիտի Շարունակուի Ամենայն Վճռականութեամբ» Կ՛ըսէ Պըն Սալման Իշխանը

RelatedPosts

Իրանի Մէջ Երկրաշարժ.  3 Զոհ Եւ 816 Վիրաւոր
Միջազգային

Իրանի Մէջ Երկրաշարժ. 3 Զոհ Եւ 816 Վիրաւոր

Յունուար 30, 2023
Իրան Ձախողութեան Կը Մատնէ Իսֆահանի Մէջ  Զինուորական Գործարանի Մը Վրայ Անօդաչու  Թռչող Սարքերով Յարձակում Մը
Միջազգային

Իրան Ձախողութեան Կը Մատնէ Իսֆահանի Մէջ Զինուորական Գործարանի Մը Վրայ Անօդաչու Թռչող Սարքերով Յարձակում Մը

Յունուար 30, 2023
Իսրայէլ Երուսաղէմի Մէջ  Պաղեստինցիներու Բնակարաններ Քանդեց
Միջազգային

Իսրայէլ Երուսաղէմի Մէջ Պաղեստինցիներու Բնակարաններ Քանդեց

Յունուար 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In