Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Քաթարի մէջ ամերիկեան «Ատիտ» ռազմակայանի ճակատագիրին մասին առաջին անգամ ըլլալով մեկնաբանութիւն կատարելով յայտարարեց, որ մեծաթիւ երկիրներ պատրաստ են հիւրընկալելու ամերիկեան ուժերը, եթէ անոնք հեռանան Քաթարէն:
«Քրիշչըն Պրոտքասթինկ նեթուըրք» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով Քաթարի մէջ ամերիկեան ուժերու ապագային մասին հարցումի մը, ան ըսաւ. «Եթէ ստիպուինք հեռանալ, ապա գոյութիւն ունին շուրջ 10 երկիրներ, որոնք կ՛ուզեն այլ ռազմակայան մը կառուցել մեզի համար, եւ հաւատացէք, անոնք յանձն պիտի առնեն ատոր ծախսերը»:
«Մենք Քաթարի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունինք եւ չենք նախատեսեր, որ ռազմակայանին շուրջ հարցեր յառաջանան», շեշտեց ան, սակայն աւելցուց. «Եթէ այլընտրանքային ռազմակայանի մը պէտք ունենանք, ապա այլ երկիրներ մեծ հաճոյքով զայն պիտի կառուցեն»:
Թրամփ վերահաստատեց քաթարեան տագնապին վերաբերեալ իր կեցուածքը եւ ըսաւ. «Անոնց հետ (քաթարցիներուն, «Ա.») յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկուեցան, որովհետեւ ծանօթ էին իբրեւ ահաբեկչութիւնը ֆինանսաւորող կողմ, եւ մենք իրենց ըսինք, որ ատիկա չէք կրնար կատարել»:
«Պէտք է մինչեւ մահ սովի մատնենք հրէշը, իսկ հրէշը ահաբեկչութիւնն է: Կարելի չէ հրէշին սնունդ մատակարարող հարուստ երկիրներու գոյութիւնը արտօնել», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս երէկ հերքեց, թէ իր երկիրը շրջանին մէջ լարուածութեան լոյսին տակ քաթարեան «Ատիտ» ռազմակայանին այլընտրանք մը կը փնտռէ` շեշտելով, որ այդ լարուածութիւնը որեւէ ազդեցութիւն չունի Քաթար գտնուող ամերիկեան ուժերու գործողութիւններուն վրայ, եւ Ուաշինկթըն որեւէ կարիք չի տեսներ այդ ռազմակայանին այլընտրանք մը փնտռելու:
«ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին համար օգտագործուող ամէնէն կարեւոր վայրերէն մէկը նկատուող ռազմակայանին մէջ կը գտնուին շուրջ 11 հազար ամերիկացի զինուորներ, անիկա տակաւին կը շարունակէ անդադար գործել, մատակարարումներ կը ստանայ, եւ կարիքը չունինք անոր այլընտրանք փնտռելու», ըսաւ Մաթիս` աւելցնելով. «Այդ չի նշանակեր, որ չենք ուզեր հարցը կարելի եղածին չափ շուտ լուծել, եւ մենք ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ ենք, ո՛չ միայն Քաթարի, այլեւ բոլորին կողմէ»:



