ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Խնայողութիւն ընելը լաւ է, սակայն պէտք չէ չափազանցել: Երբեմն պէտք է կարենաք ձեզի հաճոյք պատճառող բաներ գնել, եւ ինչո՞ւ չէ, նոյնիսկ պէտք է ուրախացնէք ձեր մօտիկները:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Գործ մը յաջողցնելու համար օգնութեան պէտք ունիք: Ձեր մտերիմները պատրաստ պիտի գտնուին ձեզի նեցուկ կանգնելու: Բարեկամութիւնը հաշիւ չի ճանչնար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ ձեր առողջութեան մասին չմտածէք եւ անտարբեր գտնուիք, շատ շուտ կը կորսնցնէք զայն: Ուրեմն զգաստացէք եւ դուք ձեզի խնամք տարէք, որպէսզի ձեր շրջապատին օգտակար ըլլաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կատարելիք շատ ծրագիրներ ունիք: Այս ամէնը դասաւորեցէք եւ սերտելէ ետք կարեւորագոյնէն սկսեցէք եւ պատահականօրէն մի՛ աշխատիք, որպէսզի սխալներ չգործէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Արձակուրդի շրջանին նոյնիսկ ձեր գործին մասին կը մտածէք: Ասիկա արձակուրդ չեղաւ: Մոռցէք ամէն բան եւ միայն ձեր հանգիստի մասին մտածեցէք: Գործը միշտ պատրաստ է: Ներկայ պահը վայելեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ճամբորդութեան մը ընթացքին նորութիւններու պիտի հանդիպիք: Տեղւոյն մշակոյթով շատ պիտի հետաքրքրուիք, ձեր գիտութիւնը պիտի զարգացնէք եւ կայտառ մտքով տուն պիտի վերադառնաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Յաջողութեան գաղտնիքը իրապաշտ ըլլալու մէջ է, պատահականութեամբ պէտք չէ աշխատիք: Ձեր անտեղի եւ անիրականալի ծրագիրները մէկ կողմ դրէք եւ կարեւորագոյնէն սկսեցէք եւ այդպէս շարունակեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Յաճախ ձեր ընտանիքին անդամներուն կարծիքը կ՛ուզէք գործ մը ընելու համար: Ամէն մէկը բան մը կ՛ըսէ, եւ դուք կը շուարիք: Երբեմն առանձին որոշումներ տուէք, որպէսզի տարակարծութիւններ չպատահին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մերժել չէք գիտեր եւ ձեր աշխատանքէն դուրս պարտականութիւններ կը վստահին ձեզի: Ձեր առողջութեան համար յաճախ պէտք է մերժէք, որպէսզի վարժութիւն չըլլայ: Քիչ մը դուք ձեր մասին մտածեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ընկերներով եւ կամ ընտանիքով պտոյտ մը պիտի կազմակերպէք: Եթէ նոյնիսկ երկու օրուան պտոյտ մըն է, շատ հաճելի պիտի անցնի, եւ ամէն մարդ շատ գոհ պիտի մնայ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շատ արդիական կեանքի չէք հետեւիր եւ միշտ ձեր անցեալով կ՛ապրիք, ինչ որ հաճելի չէ ձեր շրջապատին: Հին բարքերը յարգելով հանդերձ, քիչ մըն ալ նորութիւններ մտցուցէք ձեր կեանքին մէջ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անցեալին շատ վերապահ եղած էք, սակայն կեանքի պայմաններուն հետ փոխուած էք եւ աւելի ընկերային դարձած էք, ինչ որ ձեզի ալ հաճոյք կը պատճառէ: Այսպիսով, կեանքին հետ քայլ կը պահէք: