ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի երկուշաբթի օր տուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ լարուածութեան սրման առնչութեամբ եւ յայտարարած, որ ասիկա ո՛չ հայերու, ո՛չ ալ ազրպէյճանցիներու շահերուն կը ծառայէ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման յոյս յայտնած է եւ զգուշացուցած «բռնութեան սադրանքի համար թշնամիներու դաւադրութիւններէն»:
Իրանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան մամլոյ քարտուղարը աւելցուցած է, որ Իրան ջանք պիտի չխնայէ այդ շրջանին մէջ լարուածութիւնը նուազեցնելու: