Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Եւրոպացի Ընկերներ»-ու Տնօրէնին Ու Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներուն Յայտարարութիւնը

Յուլիս 12, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ Ֆրանք Էնկել, Ճոսու Խուարիսթի, Փիթըր Նիէտերմիւլլեր, Եարոմիր Շթեթինա, Ժոզեֆ-Մարիա Թերիքապրաս եւ «Հայաստանի եւրոպացի ընկերներ»-ու տնօրէն Տիէկօ Փինթօ յայտարարութեամբ մը կոչ ուղղած են` անմիջապէս սաստելու Ազրպէյճանի ռազմական նախայարձակումը: Ստորեւ յայտարարութիւնը.

«Ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ հակամարտութեան սրումը փաստող վերջին դէպքերը, որոնք, ցաւօք, դարձեալ մարդկային կորուստներու պատճառ դարձան, խիստ մտահոգիչ են բոլորիս համար, որովհետեւ մենք կը հաւատանք խաղաղութեան եւ փոխըմբռնման արժէքներուն: Այդ առիթով, մենք մեր ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք զոհուածներուն հարազատներուն եւ ընկերներուն:

«Զահրա Կուլիեւան եւ անոր մեծ մայրը` Սահիպան, Ազրպէյճանի կողմէ զինադուլի դրութեան խախտման իբրեւ հետեւանք արձանագրուած վերջին լարուածութեան հերթական զոհերն են: Ազրպէյճանի համար սովորական գործելաոճ դարձած է կրակ բանալ Լեռնային Ղարաբաղի ուղղութեամբ քաղաքացիական բնակավայրերուն շատ մօտ դիրքերէ (այս գործելաոճը մեծապէս կը քննադատուի Ժընեւի հռչակագիրով, եւ ինքնին կը համարուի պատերազմական յանցանք)` վտանգի տակ դնելով սեփական բնակիչները:

«Այս երկու անունները կ՛աւելնան ցանկին վրայ հայ եւ ազրպէյճանցի բոլոր այն զոհուած քաղաքացիներուն եւ զինուորներուն, որոնք անդառնալի գին վճարած են միջազգային ընտանիքի անտարբերութեան եւ ձախողութեան պատճառով, որովհետեւ չեն կանխարգիլուած Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ զինադուլի դրութեան խախտման փորձերը:

«Անցեալ տարուան քառօրեայ պատերազմին յաջորդող շրջանին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մերժեց համաձայնութիւն տալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հսկողութեան հնարաւորութիւններու ընդլայնման առաջարկին, որուն հետեւանքով Ազրպէյճան ո՛չ միայն ուժեղացուց իր հակահայ քարոզչութիւնը եւ աւելցուց պատերազմի սպառնալիքներու սրութիւնը` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դէմ, այլ նաեւ աշխուժացուց սադրիչ գործողութիւնները: Ասիկա Պաքուի պատասխանն է երկիրի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ մամլոյ ազատութեան սահմանփակման վերաբերեալ արտաքին քննադատութիւններուն ու ճնշումներուն, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին Ազրպէյճանի` ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն զէնք վաճառելու վերաբերեալ տեղեկութիւններու տարածման:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք` անմիջապէս սաստելու Ազրպէյճանի ռազմական նախայարձակումը, եւ կը վերահաստատենք մեր այն համոզումը, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է խաղաղ լուծում ստանայ` տեղւոյն ժողովուրդին ազատ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ: Ասիկա միակ ուղին է` դադրեցնելու երկու կողմերուն քաղաքացիական եւ զինուորական անձերու հաւանական մահերը:

«Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք Եւրոպական Միութեան` աշխուժօրէն նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման` աջակցելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն եւ առկախելով քաղաքական համագործակցութիւնը Ազրպէյճանի հետ` այնքան ատեն որ այդ երկիրը տակաւին կը շարունակէ խախտել զինադուլի դրութիւնը եւ ոտնահարել մարդու իրաւունքները»:

Նախորդը

Արսալի Մէջ Բանակը Սպաննեց Երկու Ահաբեկիչներ Եւ Ձերբակալեց Երեք Ուրիշներ

Յաջորդը

Իրան Մտահոգ Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Լարուածութեան Սրումէն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?