Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւելի Քան 35 Քոնկրեսականներ Թուրքիոյ Զէնքերու Վաճառքը Կասեցնելու Կոչ Կ՛ուղղեն

July 3, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահներ Տէյվ Թրաթի եւ Ֆրենք Փալոնի, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան Հետախուզական հարցերու յանձնախումբի ատենապետ Տեւըն Նունիեզի, նոյն յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էտըմ Շիֆի եւ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էլիըթ Էնկըլի գլխաւորութեամբ, աւելի քան 35 քոնկրեսականներ նամակ մը յղած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, որպէսզի անմիջապէս կասեցնէ Թուրքիոյ հետ գոյացած զէնքերու վաճառքի համաձայնութիւնը, որուն պատճառով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներուն արդիական զէնքեր պիտի տրամադրուին:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան իր կարգին ողջունեց քոնկրեսականներուն սոյն քայլը` շեշտելով, որ ամերիկեան զէնքեր պէտք չէ տրամադրուին այն թիկնապահներուն, որոնք Էրտողանի նման բռնատէրի մը հրահանգով մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ խաղաղ ցուցարարներու վրայ յարձակեցան 16 մայիսին:

Թրաթ բացատրած է, թէ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ ժողովրդավարական տարրական սկզբունքները վայրագօրէն ոտնակոխելու Էրտողանի կամակատարներուն արարքը կարելի չէ՛ ընդունիլ, եւ թէ նման զէնքերու յանձնումը Թուրքիոյ` պարզապէս պիտի քաջալերէ Էրտողանը, որ նման անօրէնութիւններ շարունակէ:

Նշենք, որ 16 մայիսի յարձակումէն ետք, Հայ Դատի կայքին միջոցով հազարաւորներ դիմած են իրենց քոնկրեսականներուն` դատապարտելով յարձակումը եւ պահանջելով Անգարայի դէմ որդեգրել պատժական քայլեր, որոնցմէ մէկն է զէնքերու վաճառքի համաձայնութեան կասեցումը: Այս արշաւին կարելի է միանալ` այցելելով anca.org/NoGunsforTurkey կայքը:

Յիշեցնենք, որ Ներկայացուցիչներու տունը Էրտողանի թիկնապահներուն կողմէ գործադրուած վայրագ յարձակումը դատապարտող թիւ 354 բանաձեւը վաւերացուց միաձայնութեամբ (397 թեր եւ 0 դէմ քուէով):

Նաեւ, Ներկայացուցիչներու տան աւելի քան 100 անդամներ եւ ծերակուտականներ հանրային յայտարարութիւններով դատապարտեցին Էրտողանի թիկնապահներուն բռնարարքները: Իսկ յունիսի կիսուն, Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր դատախազութիւնը ձերբակալութեան հրամանագիր հրապարակեց Էրտողանի 12 թիկնապահներուն դէմ:

Նախորդը

Բրիտանիոյ Վարչապետը Ներում Հայցած Է Լոնտոնի «Կրենֆել» Աշտարակի Հրդեհէն Վնասուածներուն «Ոչ Բաւարար» Աջակցութեան Համար

Յաջորդը

Յունաստանի, Պուլկարիոյ Եւ Թուրքիոյ Մէջ Աննախադէպ Տաք Եղանակ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.