ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Դատարանին մէջն եմ:
«Ամէնքս ոտքի». բարձրաձայն կը յայտարարէ ոստիկան պաշտօնեան, երբ դատաւորը մուտք կը գործէ ետեւի դռնէն, ու բոլորս ոտքի` կը սպասենք իր հրահանգին:
«Կրնաք նստիլ», ու ինքն ալ իր կարգին տեղ կը գրաւէ կեդրոնի բազկաթոռին մէջ:
Բարեբախտաբար կը գտնուիմ իբրեւ դատական կազմի անդամ, եւ ոչ` որպէս դատապարտեալ:
Ամերիկեան ժապաւէններու միջոցով որոշ չափով գաղափար մը կազմած ենք, թէ ինչպէ՛ս տեղի կ’ունենան դատավարութիւնները, եւ միամտաբար այն տպաւորութիւնը ունէինք, թէ դատաւորն է, որ կ՛որոշէ դատապարտեալի մը վճիռը` մեղաւո՞ր, թէ՞ անմեղ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ժողովրդավար երկիր են (գէթ` անունով), եւ դատավարութիւնները տեղի կ’ունենան ժողովրդավարական ձեւով:
14 հոգիէ բաղկացած դատական կազմէն կախեալ է դատապարտեալի մը անմեղ կամ մեղաւոր նկատուիլը:
Որո՞նք են այդ կազմի անդամները:
Ես, դուն եւ ան:
18 տարիքը ամբողջացուցած ոեւէ ամերիկեան քաղաքացի կրնայ կանչուիլ դատարան` իբրեւ դատական կազմի անդամ: Կարեւոր չէ այդ անձին դատական օրէնքներէ գաղափար ունենալը: Կը պատահի, որ կատարեալ տգէտ անձ մը կանչուողներու ցանկին մէջ գտնուի, եւ մեղադրեալի մը մահու-կենաց վճիռը կախեալ ըլլայ 14 հոգիէ բաղկացած կազմէ մը, որոնցմէ քանի մը հատը կրնան տգէտներ ըլլալ:
Պատանեկութեանս տարիներուն կարդացած էի Արամ Հայկազէն` «Դատարանին մէջ» խորագիրով գրութիւն մը, եւ` զարմացած, թէ ինչպէ՛ս կարելի է դատական օրէնքներէ գաղափար չունեցող մարդոց վստահիլ անձի մը ճակատագիրը, դատի մը վճիռը:
Ամերիկայի մէջ ամէն բան կարելի է ակնկալել, թէպէտ ժողովրդավարական այդ օրէնքը, մեր քով հասած է երկա՜ր տարիներ առաջ…Յունաստանէն:
Արամ Հայկազի այդ գրութիւնը կարդալէս քանի մը տասնեակ տարիներ անցած են: Հաստատուած եմ Լոս Անճելըս, եւ յանկարծ նամակներուս մէջ կը հանդիպիմ ծրարի մը` ուղարկուած իմ անունիս` Լոս Անճելըսի դատարանէն:
Ահ ու դողով կը բանամ ծրարը: Ամերիկայի մէջ ամենափոքր «յանցանքի» մը համար կրնաս յանկարծ դատի կանչուիլ:
Շունչ մը կը քաշեմ, երբ կը կարդամ, որ դատարան հրաւիրուած եմ մասնակցելու որպէս դատական կազմի անդամ:
Երկուշաբթի առաւօտ կ’ուղղուիմ դատարան:
Հսկայ սրահը լեցուն է տարբեր տարիքի կիներով ու այրերով, որոնք զբաղած են լեցնելու իրենց ուղղուած հարցարանը:
Ես ալ, իմ կարգիս, կ’ամբողջացնեմ քանի մը էջերէ բաղկացած հարցարանը, եւ համբերութեամբ կը սպասեմ երկա՜ր, մինչեւ որ կը լսեմ անունս, եւ մեր քանի մը տասնեակ հոգիէ բաղկացած խմբակը կ’առաջնորդուի տարբեր սրահ մը:
Դատաւորը իւրաքանչիւրիս կը հարցնէ, թէ ոեւէ մէկս պատճառ ունի՞նք մեզի վստահուած դատին մասնակցելէ հրաժարելու:
Շատեր կը ջանան փախուստ տալ եւ կարելի եղածին չափ տրամաբանական պատճառաբանութիւններով կ’ուզեն վերադառնալ իրենց գործերուն:
– «Գործատէրս բացակայած ժամերս չի վճարեր»:
Ուրիշ մը` «Նորածին երեխայ մը ունիմ, որուն հոգ պէտք է տանիմ»:
– «Լսողութիւնս լաւ չէ»:
– «Դատարանին մէջի զովացուած օդը հազ կը պատճառէ ինծի» ու անդադար կը հազայ: Որքա՞նը իսկական հազ է, եւ որքա՞նը արհեստական…յստակ չէ:
Դատաւորը, երբ համոզուի տրուած պատճառաբանութիւններուն, մէկ մասը տուն կը ճամբէ:
«You’re excused, կրնաս մեկնիլ»:
Հարցաքննուելու կարգը իմս է:
Երկար կը մտածեմ կեղծ պատճառաբանութեան մը մասին, սակայն կը նախընտրեմ պարկեշտօրէն պատասխանել` ըսելով, թէ` «որեւէ արգելք չունիմ», մանաւանդ` որպէս պետական պաշտօնեայ, գործատեղիէս բացակայած ժամերս կը վճարուիմ, երբ փաստեմ դատարան գտնուիլս` որպէս դատական կազմի անդամ, տրուած ըլլալով, որ քաղաքացիական պարտականութիւն մըն է այդ մէկը:
Առաջին անգամն է, որ դատարան կը ներկայանամ եւ հետաքրքիր եմ տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս տեղի կ’ունենայ դատավարութիւն մը:
* * *
Յաջորդ առաւօտ հարիւրաւոր ներկայացողներէն ընտրուած ենք 14 հոգի:
Մեզ կ’առաջնորդեն դատարանի բազմաթիւ սրահներէն մին ու կը գրաւենք մեզի վերապահուած թուագրեալ աթոռները, որոնք կը գտնուին դատարանի աջ կողմը եւ բաւական հեռու է ներկայ «հանդիսատեսներէն»:
Ինծի վերապահուած է թիւ 14 աթոռը:
Մուտք կը գործեն երկու փաստաբաններ, իւրաքանչիւրը` ընկերակցութեամբ իր պաշտպանեալին, ու կը գրաւեն իրենց տեղերը:
Կեդրոնը դատաւորի բազկաթոռն է, որուն սեղանին վրայ կը նշմարուի բաւական մեծ փայտէ մուրճ մը:
Աջին նստած է իգական պաշտօնեայ մը, որ դատավարութիւնը իր ամբողջ մանրամասնութիւններով կ’արձանագրէ իւրայատուկ գրամեքենայով մը, իսկ ձախին կը գտնուի վկաներու ամպիոնը:
Դատարանի պաշտօնեաներէն մին կը կարդայ մեղադրողին ու մեղադրեալին անունները:
Առաջինը ծերունի մըն է, որ դատի կանչած է երիտասարդ անձ մը, որու անուն-մականունէն` ո՛չ մէկ կասկած, որ հայ մըն է:
Նախքան պատճառը իմանալս` բնազդաբար համակրանք մը կ’ունենամ հայուն հանդէպ: Վերջ ի վերջոյ ազգակիցս է, թէկուզ` անծանօթ. մինչ ծերունին` խեղճուկ եւ անմեղ արտաքինով անձ մը, որուն, համակրանքէն աւելի, տեսքէն դատելով, կը խղճամ:
Այս մտմտուքներու մէջ եմ, երբ կը կարդացուի դատին դրդապատճառը:
* * *
Լոս Անճելըսի խճողուած ճամբաներուն մէջ Ճիմ Սմիթ (իսկական անունը չէ), անուշադրութեամբ իր ինքնաշարժը կը քսէ իր կողքէն անցնող Գ. Արկածեանի (երեւակայական անուն մը) ինքնաշարժին, եւ ինչպէս օրէնքը կը պարտադրէ, փոխանակ կանգ առնելու, ապահովագրութեան վաւերաթուղթ եւ ինքնաշարժ վարելու արտօնագրի թիւը փոխանակելու, Սմիթ կը շարունակէ ճամբան, կարծես ոչինչ պատահած ըլլար:
Արկածեան, հակառակ ճամբաներու խճողումին, կը յաջողի հասնիլ ետեւէն, եւ ծերունին բռնի, ինքնաշարժէն դուրս քաշելով` կը սկսի անխնայ ծեծել, մինչեւ որ անցորդներ կը հեռաձայնեն ոստիկանութիւն, որ անմիջապէս հասնելով դէպքին վայրը` կը ձերբակալէ Արկածեանը ու կը տանի ոստիկանատուն, իսկ Սմիթ կը փոխադրուի հիւանդանոց, ուր կը մնայ որոշ շրջան մը, մինչ Արկածեան քանի մը ժամ ետք, փրկագինով, ժամանակաւոր ազատ կ’արձակուի:
Առաջին հերթին խօսք կ’առնէ Արկածեանի պաշտպան փաստաբանը ու ճարտասանական այնպիսի թոնով մը կը նկարագրէ իր պաշտպանեալը, կարծես աշխարհի ամենապարկեշտ եւ ամենաազնիւ անձերէն մէկը ըլլար ան:
Անհատնում գովասանական խօսքերով, յաճախ ձանձրացուցիչ կրկնութիւններով կը ջանայ փաստել անոր անմեղութիւնը:
«Չափազանց համեստ նկարագրով, օգնող, տիպար քաղաքացի մըն է իմ պաշտպանեալս: Քիչով գոհացող: Կը գործածէ պա՜րզ «Ֆոքսվակըն» ինքնաշարժ մը»:
Իր աշխատած ընկերութեան մէջ բոլորէն յարգուած ու սիրուած անձ մըն է: Հազուադէպ պարագաներու միայն ուշացած է իր գործատեղիէն, եւ իրեն վստահուած գործերը միշտ կատարած է պարկեշտօրէն ու խղճմտանքով:
Առտու կանուխ գործի երթալու ժամանակ էր, երբ պատահեցաւ այդ «աննշան» դէպքը, որ ըստ ամերիկեան սովորութիւններուն, չափազանցեցին, վերածեցին «մահացու մեղքի» մը:
«Այդ օր, Լոս Անճելըսի բնականէն աւելի խճողուած ճամբաներու պատճառով, չուզեց ուշանալ իր գործէն, սակայն Ճիմ Սմիթ, որ ըստ երեւոյթին հանգստեան կոչուած է, եւ Արկածեանի նման տեղ հասնելու պարտաւորութիւնը չունի, փոխանակ կանգ առնելու եւ ներողամտութիւն խնդրելով փոխանակելու ապահովագրութեան վաւերաթուղթերը` անտեսեց օրէնքը ու շարունակեց ճամբան, կարծես ոչինչ պատահած ըլլար»:
«Արկածեան տեսնելով պր. Սմիթի անտարբեր վերաբերմունքը, շատ բնական երեւոյթ է քիչ մը ընդվզիլը, ու հասնելով անոր ինքնաշարժին, «փոքրիկ ապտակով» մը ուզեց զգաստութեան հրաւիրել եւ յիշեցնել, որ օրէնքի դէմ էր զինք անտեսելով` ճամբան շարունակելը»:
«Նորութիւն մը չէ, որ մարդիկ, առիթի կը սպասեն դիմացինը յանցաւոր նկատելով` նիւթապէս օգտուելու կամ մեղաւորներու շարքին դասելու:
Կը ցաւիմ ըսելու, որ պր. Սմիթ այդ անձերէն մէկը կը թուի ըլլալ»:
Խօսքը հազիւ աւարտած` դատաւորը, սեղանին վրայի մուրճի հարուածով մը, բոլորիս ուշադրութիւնը կը գրաւէ:
Կը սպասենք կարեւոր յայտարարութեան մը, որ կը վերջանայ քանի մը բառով.
– Կէս ժամ դադար, եւ մեզ` դատական կազմի անդամներուս ուղղելով խօսքը, կը զգուշացնէ, որ հեռու կենանք երկու փաստաբաններէն, ինչպէս նաեւ` անոնց պաշտպանեալներէն:
Լոս Անճելըսի յաւիտենական գարնան պայծառ օրերէն մէկն է: Կ’իջնենք պարտէզ ու մէկական գաւաթ սուրճի շուրջ իւրաքանչիւրը կը փոխանակէ իր կարծիքը. բոլորը ինծի պէս կը հաւատան Արկածեանի անմեղութեան:
Բնականաբար միակողմանի կարծիք, քանի` տակաւին Ճիմ Սմիթի պաշտպան փաստաբանը լսելու առիթը չենք ունեցած:
* * *
Արար երկու: Բոլորս ոտքի: Դատաւորի մուտք, ապա` «Կրնաք նստիլ», ու կը վերագրաւենք մեր թուագրեալ աթոռները:
Խօսելու կարգը Ճիմ Սմիթի փաստաբանուհիինն է:
Երիտասարդ, վայելուչ կին մը, որ դատի վերջաւորութեան կ’իմանանք, թէ նոր ստացած էր փաստաբանական վկայականը, եւ այս մէկը իրեն վստահուած առաջին դատն է:
Կը խօսի հանդարտ: Ձեռքի ոչ մէկ աւելորդ շարժումներ, ինչ որ նկատելի էր Արկածեանի փաստաբանին մօտ:
«Երբ նկատի ունենանք պաշտպանեալիս յառաջացած տարիքը, կրնանք հետեւցնել, որ նոյնիսկ չնկատեց, որ անուշադրութեամբ իր ինքնաշարժը քսուեցաւ քովէն անցնող ինքնաշարժին, եւ ո՞վ կրնայ փաստել, թէ այդ վայրկեանին ո՛վ էր յանցաւորը: Ըստ պաշտպանեալիս վկայութեան, որուն հարիւր տոկոս հաւատք կ’ընծայեմ, Արկածեան անդադար գիծ կը փոխէր: Պաշտպանեալս աճապարելու պատճառ մը չունէր, մինչդեռ պրն. Արկածեան վստահաբար խճողումի պատճառով ուշացած էր իր գործէն»:
«Եթէ վայրկեան մը ենթադրենք, կը կրկնեմ, ենթադրենք, որ պաշտպանեալս էր այսպէս ըսած «յանցաւորը», եւ ձեռքերուն երկու մատները չակերտներու նմանցնելով` «Այնքան մահացու յանցա՞նք էր գործած, որ անխնայ խոշտանգուի եւ արիւնլուայ վիճակի մէջ հասցնեն զինք հիւանդանոց, ուր մնացած է աւելի քան երկու շաբաթ», եւ ցոյց կու տայ հիւանդանոցի մէջ անցուցած օրերու փաստաթուղթեր, նաեւ նկարներ, ուր ակնյայտ է, որ անխնայ բռունցքի եւ կիցի հարուածներ ստացած է:
«Կը բնակինք աշխարհի ամենաքաղաքակիրթ երկրին մէջ, ուր օրէնքը ի զօրու է: Պրն. Արկածեան, նաեւ պայման էր, որ ազնուօրէն յիշեցնէր պաշտպանեալիս, թէ «յանցանք» գործած է. պահանջէր ապահովագրութեան թուղթերը, եւ ոչ թէ բռունցքներու ու կիցերու հարուածներով ուշակորոյս գետին փռէր»:
Պաշտպանեալիս ինքնաշարժը ապահովագրուած է, եւ վստահաբար պրն. Արկածեան պիտի հատուցուէր եւ կարենար նորոգել իր ինքնաշարժը:
Սակայն` ո՜չ: Ըստ երեւոյթին, ան կ’ապրի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու այն թուականները, երբ իրաւունքը զօրաւորին էր, եւ աննշան դէպքի մը պատճառով մարդիկ զիրար կը սպաննէին: «Ներկայիս ոչ միայն աններելի է իր ըրածը, այլ` մահացու մեղքերու շարքին կարելի է դասել, երբ անկար ծերունի մը անխնայ ծեծի տակ կրնար նոյնիսկ մահանալ, եթէ ոստիկանութիւնը շուտով չհասնէր դէպքի վայրը»:
Վկաներու ամպիոնը կը հրաւիրուի ախտաճանաչումի մասնագէտ բժիշկ մը, եւ տարրալուծարաններու մէջ իր կատարած քննութիւններուն արդիւնքներէն հիմնուելով` կը վկայէ, որ պրն. Սմիթի դէմքի վրայի վէրքերը հետեւանք են կիցերու բազմաթիւ հարուածներու:
* * *
Դատավարութիւնը կը տեւէ լման շաբաթ մը:
Իւրաքանչիւր փաստաբանի համոզիչ խօսքերէն յաճախ կարծիքս կը փոխեմ:
Մերթ Արկածեանին իրաւունք կու տամ, մերթ Սմիթին:
«Անուշ լեզուն օձը ծակէն կը հանէ», կ’ըսէ հայկական արածը: Երկու փաստաբաններու համոզիչ խօսքերը ուղղակի կը մոլորեցնեն ինծի պէս գրեթէ բոլոր դատական կազմի անդամները:
Ժամանակը եկած է, որ դատական կազմը արձակէ իր վճիռը:
14 հոգինոց դատական կազմէն 12 հոգիի իրաւասութիւն կը տրուի մասնակցելու վճիռի որոշումին: Ամբողջ դատի ընթացքին, նոյնիսկ գաղափար չունէի, որ որոշում կայացնողներու ցանկէն դուրս մնացած ենք երկու հոգի:
Թիւ 13 եւ 14 թուանշանները կրողներս ներկայ ենք միայն փոխարինելու դատական կազմէն մէկը կամ երկուքը` բացակայելու պարագային:
Դատական կազմի 12 անդամները կ’ուղղուին ժողովասրահ, իսկ մենք` երկուքս, քանի մը օր, երկար ժամեր պարտէզին մէջ կը վայելենք պայծառ օդը:
Բարեբախտաբար ընկերակիցս երաժիշտ է, եւ երկուքս հետաքրքրող խօսելիք նիւթերը` այնքա՜ն շատ:
Մոռցած ենք դատավարութիւնը ու կը խօսինք տարբեր նիւթերու շուրջ: Մեր երկուքը հետաքրքրող նիւթ: Երաժշտութիւն:
Ես բաւական ծանօթ եմ ամերիկեան երաժշտութեան, սակայն ինք բնաւ գաղափար չունի հայկականէն:
Առիթը յարմար դատելով` տեղեկութիւններ կու տամ մեր այնքա՜ն անուշ հայկական երաժշտութեան մեծահամբաւ տաղանդներէն Սայաթ Նովայի ու Կոմիտասի մասին, իսկ ինք մեծ հետաքրքրութեամբ մտիկ կ’ընէ:
Հետագային իրեն ուղարկեցի մեր սքանչելի հայկական երաժշտութենէն քանի մը խտասկաւառակներ, եւ ամերիկացի երիտասարդ «ռաք» երաժիշտը որոշ չափով ծանօթացաւ մեր հանճարներուն:
* * *
Կրկին հաւաքուած ենք դատարան` լսելու դատական կազմին վճիռը:
Երաժիշտ բարեկամս ու ես, դատաւորին ու ներկաներուն նման, անհամբեր ենք իմանալու վճիռը:
Թուղթի կտորի մը վրայ արձանագրութիւն մը դատական կազմը կը յանձնէ պաշտօնեային, որ առանց բանալու` կը փոխանցէ դատաւորին:
Դատաւորը հանդարտօրէն կը բանայ ու կը կարդայ արձանագրուած վճիռը:
«Յանցաւո՛ր»:
Իրարանցում սրահին մէջ: Ներկաներէն մաս մը ուրախ է, իսկ ուրիշներ` դժգոհ:
Երիտասարդ կնոջ մը լացի ձայնը լեցուցած է սրահը: Արկածեանին նշանածն է:
Երկու ոստիկաններ Արկածեանին երկու ձեռքերը կապանքի տակ դրած` կը փոխադրեն բանտ, իսկ իր այնքան ճարտասան պաշտպան փաստաբանը անյայտացած է:
* * *
Դատաւորին գրասենեակն ենք:
Շնորհակալութիւն յայտնելով` մեզմէ իւրաքանչիւրին անուն-մականունն ու տան հասցէն կը փափաքի ունենալ եւ քանի մը օր ետք իրմէ կը ստանանք շնորհակալական բացիկ մը:
Խիստ արտաքինով դատաւորը ներկայիս բոլորովին տարբեր անձ մըն է:
Ժպտուն է ու մեզի հետ այնպիսի պարզութեամբ կը խօսի` կարծես երկար տարիներու բարեկամներ եղած ըլլայինք:
Մեղադրեալի «յանցաւոր» վճիռէն ետք դատաւորն է, որ կ՛որոշէ անոր կալանքի տակ մնալու տեւողութիւնը:
«7 տարի բանտարկութիւն,- ու ապա կ՛աւելցնէ: Այնքան ժամանակ, որ դատավարութիւնը չէր աւարտած ու վճիռ չէր տրուած, բացարձակապէս իրաւունք չունէիք ոեւէ մէկուն տեղեկութիւններ տալու, նոյնիսկ` ձեր ընտանիքի անդամներուն:
Այժմ ազատ էք: Կրնաք խօսիլ ու պատմել այդ մասին: Եթէ ձեր մէջ գրողներ կը գտնուին, կրնաք նոյնիսկ գիրք գրել, ո՛չ մէկ արգելք»:
Բոլորս կը խնդանք: Ըստ երեւոյթին, գրողներ չկան մեր խմբակին մէջ:
Այս տողերը գրողը մտքէն իսկ պիտի չանցընէր, որ տասնամեակ մը ետք հայկական թերթերու մէջ յօդուածներ պիտի ստորագրէր:
Այդ դատի առնչութեամբ, գիրք մը գրելու յաւակնութիւնը չունիմ, սակայն համեստ յօդուածով մը կ’արժէ յիշել դատարանի առաջին փորձառութիւնս:
Արդէն իսկ գրած եմ այդ մասին եւ, սիրելի՛ ընթերցող, այս վայրկեանին աւարտեցիր այդ յօդուածիս ընթերցումը:
Լոս Անճելըս, 2017