Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Ծրագիրի Վաւերացման Առիթով` «Աշխուժ Եւ Պատասխանատու Աշխատանք Պիտի Տանինք» Յայտարարեց Վարչապետ Կարապետեան

June 24, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

23 յունիսի կառավարութեան նիստի աւարտին վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայտարարած է, որ Ազգային ժողովը համաձայնութիւն տուած է կառավարութեան ծրագիրին: «Մենք յայտարարած ենք, որ գիտենք` ի՛նչ պէտք է փոխուի, մանրամասն կերպով, ըստ ոլորտներու: Յայտարարած ենք, որ դիւրին ճամբան չեն ընտրած, բայց ընտրած ենք այնպիսի ուղի մը, որ որակական փոփոխութիւն պիտի բերէ քաղաքացիին կեանքի որակին մէջ: Ուստի շատ պատասխանատու եւ հետեւողական աշխատանք պիտի տանինք»:

Վարչապետ Կարապետեան նոյն օրը ընդունած է Հայաստանի մէջ Լիթուանիոյ Հանրապետութեան դեսպան Էրիքաս Փեթրիքասը` նշելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած են ամուր բարեկամական կապեր, եւ Հայաստան պատրաստակամ է խորացնելու յարաբերութիւնները փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ:

Վարչապետն ու դեսպանը քննարկած են հայ-լիթուանական տնտեսական համագործակցութեան հետագայ զարգացման վերաբերող հարցեր: Կողմերը համակարծիք եղած են այն մասին, որ առկայ է չօգտագործուած մեծ ներուժ, եւ պէտք է գործնական քայլերու ձեռնարկել` այդ ներուժը լաւագոյնս սպառելու համար:

Առեւտրատնտեսական կապերու աշխուժացման պարունակին մէջ վարչապետը կարեւոր նկատած է աշխատանքը հայ-լիթուանական միջկառավարական յանձնախումբին, որուն երկրորդ նիստը նախատեսուած է գումարել այս աշնան, Երեւանի մէջ: Զրուցակիցները անդրադարձած են միացեալ գործարար համաժողովներու կազմակերպման, երկկողմանի ու բազմակողմանի ձեւաչափերով գործակցութեան ընդլայնման եւ ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւններուն:

Կարէն Կարապետեան եւ Էրիքաս Փեթրիքաս միտքեր փոխանակած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու եւ Եւրոպական Միութեան շրջանակին մէջ Հայաստան-Լիթուանիա համագործակցութեան շուրջ:

 

Նախորդը

Նախարար Մկրտչեան Ընդունեց Բրիտանիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Ակնարկ. Քրտական Գործօնի Աշխարհաքաղաքական Շահարկումը

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.