Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ նախարար Լեւոն Մկրտչեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուտիթ Ֆարնուորթինը եւ Բրիտանական խորհուրդի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Արեւիկ Սարիբեկեանը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարարը կարեւոր նկատած է Հայաստանի մէջ դեսպանատան եւ Բրիտանական խորհուրդի գործունէութիւնը` յատկապէս կրթութեան համակարգին մէջ իրականացուող թիրախային ծրագիրներու առումով: Անդրադառնալով կրթութեան համակարգին մէջ ընթացող բարեփոխումներուն` Լեւոն Մկրտչեան նշած է, որ ներկայիս կը մշակուի օտար լեզուներու դասաւանդման զարգացման հայեցակարգը: Այդ շրջագիծին մէջ` նախարարը կարեւոր նկատած է մեր երկրին մէջ անգլերէնի խորացուած ուսուցումով դպրոցներու թիւի բարձրացման, ուսուցիչներու վերապատրաստման, անգլերէնի տարածման եւ զարգացման ուղղութեամբ գործնական քայլերը:
Հանդիպումին ընթացքին նախարարը ներկայացուցած է կրթական բարեփոխումներուն հիմնական ուղղութիւնները:
Իր կարգին, դեսպան Ֆարնուորթին շնորհակալութիւն յայտնելով կրթական մարզին մէջ համագործակցութեան համար` հաստատած է, որ դեսպանատունը գործուն մասնակցութիւն պիտի ունենայ կրթական համակարգի տարբեր օղակներուն մէջ համագործակցութեան աշխուժացման եւ ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են հետագայ համագործակցութեան առնչուող շարք մը աշխատանքային հարցեր:
«Հայկական Երազանքի Նաւը Տանիլ Դէպի Մեծ Ծով»
23 յունիսին տեղի ունեցած է «Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոց եւ համայնքային կեդրոն» կրթական համալիրի առաջին շրջանաւարտներու աւարտական հանդիսութեան արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան:
Շնորհաւորելով շրջանաւարտները` նախարար Լեւոն Մկրտչեան ըսած է. «Կան արժեհամակարգեր, որոնց վրայ կառուցուած են աշխարհընկալումն ու աշխարհաճանաչումը. հայու տեսակի աւելի քան 5000 տարուան աշխարհընկալման հիմքը յայտնի եռանկիւնն է` անհատը` իր իրաւունքներով եւ պատասխատուութեամբ, այդ անհատներէն կազմուած ընտանիքը եւ ընտանիքներու միութիւնը հանդիսացող ազգը: Այս հիման վրայ է, որ մարդկութիւնը կը շարունակէ իր ճամբան: Այս գաղափարախօսութեան հիման վրայ կը գործէ այս կրթական օճախը: Ճամբու կը դնենք մեր զաւակները, որոնք կը մտնեն կեանքի շեմէն ներս` դիմագրաւելով բարդ մարտահրաւէրներ, ուստի շատ կարեւոր է, որ անոնք կարողութիւնը ունենան զանազանելու հիմնականը երկրորդականէն, հասկնալու եւ ընդունելու պարտութիւնը` իրենց մտքին մէջ միշտ յաղթանակը ունենալով: Այս գաղափարական հիման վրայ կառուցուած է մեր կրթական համակարգը: Կարեւոր է, որ մեր զաւակները գիտակցին, որ իրենք դերակատարութիւն ունին նաւակը գետին մէջ նաւարկելու առումով, որպէսզի կարելի ըլլայ ի վերջոյ մեր հայկական նաւը տանիլ մեծ ծով, ուր անիկա ի զօրու պիտի ըլլայ դիմակալելու մեծ ճամբորդութեան հզօր ալիքները եւ մեր ազգային երազը պիտի դարձնէ իրականութիւն»:
Նախարարը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան` տարիներ շարունակ կրթական համակարգի կողքին կանգնելուն համար:
Հանդիսութեան ներկայ եղան նաեւ պոլսահայ «Ակօս» թերթի խմբագիր, նահատակ Հրանդ Տինքի այրին` Ռաքել Տինք, բարերարներ Էդուար եւ Քամելա Աւետիսեաններ: