Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոքթ. Զարեհ Մալճեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով. Խունկ Ու Ծաղիկ` Շիրիմիդ, Սիրելի՛ Տոքթոր

Յունիս 24, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդէն տարի մը անցած է 18 յունիս 2016-ի այն մահագուժ օրէն, երբ մեզմէ անվերադարձ բաժնուեցաւ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի (ՀՀՀ) վարչական անդամ, գաղափարակից մեր գործընկերը` տոքթ. Զարեհ Մալճեանը: Ծնունդով` արաբկիրցի, հպատակութեամբ` լիբանանահայ, բնակութեամբ` սուրիահայ, աշխարհասփիւռ հայութեան նման, մէկէ աւելի պատկանելիութիւններով դրոշմուած, բայց ազգային հասարակաց հիմնական մէկ թիրախ` հայ ազգին ու Հայ դատին ծառայութեան նուիրուելու վճռակամութեամբ տոգորուած` հազուագիւտ անձնուրացներէն էր տոքթ. Զարեհ Մալճեան:

Շատ բան խօսուեցաւ ու գրուեցաւ  ազգային գաղափարական վեհ մօտեցումներով  ծանօթ համեստ ու գործունեայ այս հայորդիին մասին: Սուրիահայ գաղութին մէջ անոր ունեցած գործունէութենէն կ’արժէ յիշել, օրինակ, խումբ մը ընկերներու հետ «Հայ մտքի բարեկամներու խմբաւորում»-ի հիմնումին կամ ստեղծման իր նախաձեռնութիւնը, ինչպէս կը վկայէ իր այդ օրերու  գործընկերներէն տոքթ. Զաւէն Բախտիկեանը` հանգուցեալին նուիրուած իր մահագրութեան մէջ: Նախաձեռնութիւն մը, որ մտաւորական լիցքաւորումով հարստացուցած էր հալէպահայ, սուրիահա՛յ  գաղութի մտաւորական հենքը: Սակայն ամէն անգամ որ զինք յիշենք, կամ իր մասին գրութիւն մը կարդանք, անխուսափելիօրէն կը ծագի նման անձնուրացներու քանակային յաւելման կարիքը: Փաստօրէն 2011-էն ի վեր  Սուրիոյ մէջ բռնկած ահաւոր դէպքերու խաժամուժին մէջ տոքթ. Մալճեանը եւս հարկադրուեցաւ Լիբանան ապաստանիլ գէթ ժամանակաւորապէս: Սակայն անողոք պատերազմը իր մահասփիւռ աւերներով  կ’արգելակէր անոր վերադարձը: Ծանրակշիռ օրերու երկար շարքին տակ չյուսալքուող ու չկքող այս հայորդին վճռեց ոչինչէն վերակերտել ու վերահաստատել իր ասպարէզն ու ընտանեկան բոյնը: Սակայն հակառակ ֆիզիքապէս հեռացած ըլլալուն`  տոքթ. Մալճեան ճիգ չխնայեց շարունակելու իր ազգային հասարակական գործունէութիւնը ի խնդիր սուրիահայ (նաեւ` լիբանանահայ) իր ազգակիցներու օժանդակութեան համար: Շաղուելով լիբանանահայ ազգային, ընկերային, առողջապահական մարզերու գործունէութեան մէջ, ան իր կամաւոր ու ազգօգուտ ներդրումը ունեցաւ յատկապէս սուրիահայ թէ սուրիացի գաղթականներու օժանդակութեան ծով կարիքին մեղմացման մէջ: Կը բաւէ յիշել,օրինակ, համացանցի վրայ անոր զետեղած արաբերԷն մէկ ծանուցումը, ըստ որուն ան կը խոստանար 85 առ հարիւր համեմատութեամբ զեղչով բուժելու  եւ դարմանելու հիւանդները:

Յաճախ կը նշուի, թէ անփոխարինելի անձ չկայ, սակայն ազգային, հասարակական, միութենական գործունէութեան մէջ անխուսափելի է  յաւակնութիւններէ, աթոռամոլութենէ, պոռոտախօսութենէ հեռու` շինիչ ոգիով,  ժրաջան, յանձնառու, անաչառ ու տրամաբանական մօտեցումով գործող հեղինակաւոր անձնուրացներու դրոշմն ու ազդեցութիւնը: Տոքթ. Զարեհ Մալճեանը այդ հազուագիւտ անձնուրացներէն էր, որ արհամարհելով օր ըստ օրէ զինք ֆիզիքապէս մաշեցնող  անողոք հիւանդութիւնը` իր կարողութեան սահմաններուն մէջ շարունակեց իր ազգային, միութենական, հասարակական գործունէութիւնը:

ՀՀՀ-ի վարչական նիստերու ընթացքին ընդհանրապէս իր լուռ կեցուածքով իսկ յարգանք կը պարտադրէր: Կրկնութեան գնով կրնանք վկայել, թէ  խնդրայարոյց տուեալ հարցի մը շուրջ կարծիքներու երկար փոխանակումէ ետք, երբ ինք ալ  ի՛ր կարծիքը կու տար, ինքնաբերաբար կը համոզուէինք ու կ՛որդեգրէինք իր տեսակէտը, կարծէք` տողատակի մեզի կը հասկցնէր` «Դուք վիճեցէք, ես կը վճռեմ»:

Դժբախտաբար Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումը (ՀՀՀ) սուրիահայութիւնը, լիբանանահայութիւնը, հայութիւնը կանուխ կորսնցուցին ի խնդիր Հայ դատին եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած զինուորագրեալ մը: Ան ակամայ հեռացաւ մեզմէ իր գործունէութեան ամէնէն հասուն եւ արդիւնաւէտ շրջանին: Մեր միակ մխիթարանքը իր տիպարն է` իբրեւ օրինակ ու փարոս նկատելու, իր օրինակով շարունակելու մեր ճամբան , անկեղծ ու անբիծ նկարագրով հետեւելու իր ուղիին` հայ ազգի ծառայութեան մեր ճամբուն վրայ:

Սփիւռքահայ արդի պատմութեան «խոնարհ հերոսներ»-ու շառաւիղին մէջ ոսկի տառերով պիտի դրոշմուի տոքթ. Զարեհ Մալճեանին անունը:

Թող այս տողերը խունկ ու ծաղիկ ըլլան շիրիմիդ, սիրելի՛ տոքթոր:

Յիշատակդ յաւե՛րժ մնայ:

ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

 

Նախորդը

Անհրաժեշտ Հեռանկար Մը

Յաջորդը

Աթլեթիզմ Պոլթի Նախավերջին Ելոյթը` Մոնաքոյի Մէջ

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?