Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատասխանելով Ռուսիոյ Կատարած Սպառնալիքին` Փենթակոն. «Վտանգուելու Պարագային` Պիտի Չտատամսինք Մենք Մեզ Եւ Մեր Գործընկերները Պաշտպանելու»

June 22, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց. «ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի գործողութեանց կեդրոնը Իրաքի հետ սահմանին մօտ սուրիական վարչակարգին պատկանող առանց օդաչուի թռչող սարքի կործանիչներու կողմէ վար առնուելէն առաջ կապ չհաստատեց Սուրիոյ մէջ ռուսական գործողութիւններու կեդրոնին հետ»:

Փենթակոնի բանբեր Ժեֆ Տէյվիս յայտնեց, որ «Էֆ-15» տիպի ամերիկեան օդանաւ մը երկուշաբթի օր Թանաֆ շրջանին հիւսիսը եւ Եփրատ գետին արեւմուտքը գտնուող տարածքի մը վերեւ վար առած է նշեալ օդանաւը:

Պատասխանելով Սուրիոյ մէջ ապահով գօտիներու վերաբերեալ երկու կողմերուն միջեւ «հաղորդակցութեան կապը» առկախելու Ռուսիոյ յայտարարութեան մասին հարցումի մը` Տէյվիս ըսաւ. «Հաղորդակցութեան կապը միջազգային դաշինքին կողմէ բաց է եւ կը գործէ: Իսկ ինչ կը վերաբերի ռուսական կողմին, ապա կը յանձնարարեմ, որ այդ մասին հարցնէք Ռուսիոյ»:

«Դէպքը տեղի ունեցաւ շատ արագ: Կացութեան հրատապութեան պատճառով առիթ չունեցանք ռուսերուն հետ կապ հաստատելու», ըսաւ ան:

«Միջազգային դաշինքը սկիզբը ջանաց օդանաւը վար առնելէ առաջ արգելք հանդիսանալ անոր», նշեց Տէյվիս` աւելցնելով. «Արգելք հանդիսանալու գործողութեան եւ վար առնուելուն միջեւ վայրկեաններ գոյութիւն ունին»:

Փենթակոնի բանբերը նաեւ յայտնեց, որ ամերիկեան օդուժը սուրիական վարչակարգին ու անոր կողմնակիցներուն վերջին քայլերէն ետք Սուրիոյ մէջ իր գործողութիւններուն վերաբերեալ կարգ մը վերադասաւորումներ կատարած է:

Սուրիական օդանաւի վար առնուելու միջադէպէն ետք Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ Սուրիոյ մէջ օդուժի մարտական խնդիրներու կատարման շրջաններուն մէջ որեւէ օդանաւ կամ անօդաչու թռչող սարք Ռուսիոյ հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներուն կողմէ պիտի ընկալուի իբրեւ թիրախ:

Փենթակոնի բանբերը, պատասխանելով այդ մասին հարցումի մը, յայտարարեց. «Տեղեակ ենք ռուսական յայտարարութենէն: Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-էն բացի որեւէ կողմի հետ տագնապ չենք ուզեր, սակայն պիտի չտատամսինք մենք մեզ կամ մեր գործընկերները պաշտպանելու, եթէ վտանգուինք»:

Նախորդը

Իրանեան Քոմ Քաղաքին Մէջ Վնասազերծուած Է Ահաբեկչական Բջիջ Մը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.