Քոմի նահանգապետի քաղաքական եւ անվտանգութեան հարցերով օգնական Ահմետ Ժամալի յայտարարեց, որ անցեալ օրերուն ընթացքին ահաբեկչական բջիջ մը վնասազերծուած է:
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ժամալի Քոմի նահանգապետական խորհուրդի ժողովին ընթացքին յայտնած է, որ Քոմ քաղաքը կը նկատուի ՏԱՀԵՇ-ի հարուածել ցանկացած գլխաւոր թիրախներէն մէկը:
Ան նշած է, որ Թեհրանի մէջ վերջերս արձանագրուած ահաբեկչական գործողութիւններուն ժամանակ անվտանգութեան մարմինները յաջողած են Քոմի մէջ ահաբեկչական բջիջի մը անդամները ձերբակալել:



