Սէուտական պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ հրապարակուած է թագաւորական հրամանագիր մը, որ Մոհամետ պըն Նայեֆ պըն Ապտել Ազիզ իշխանը ազատ կը կացուցէ գահաժառանգի, փոխվարչապետի եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնէն:
Մէկ այլ հրամանագիրով Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանը կը նշանակուի գահաժառանգ եւ փոխվարչապետ` պահպանելով պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը:
Ապտել Ազիզ պըն Սէուտ պըն Նայեֆ իշխանը իր կարգին նշանակուած է ներքին գործոց նախարար:
Սէուտական լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ պաշտօններու հռչակման մարմինի 34 անդամներէն 31-ը Մոհամետ պըն Սալմանը ընտրած են գահաժառանգ: