«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով պելճիքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Պրիւքսէլի կեդրոնական կայարանին մէջ զինուորներու կողմէ երեքշաբթի երեկոյեան սպաննուած ահաբեկիչին մօտ պայթուցիկ մեծ սարք մը եղած է, սակայն ան չէ գործածած զայն: Այս մասին յայտնած է Պելճիքայի ներքին գործոց նախարար Եան Եամպոն:
Երեքշաբթի երեկոյեան զինուորները Պրիւքսէլի գնացքի կեդրոնական կայարանին մէջ սպաննած էին փոքր պայթում իրականացուցած տղամարդ մը: Մարդկային վնասներ չէին արձանագրուած: Դաշնակցային դատախազութիւնը տեղի ունեցածը բնորոշած է իբրեւ ահաբեկչութիւն:
Նախարարը նշած է, թէ տղամարդուն մօտ գտնուած է պայթուցիկ մը, «որ փոքր ինքնաշէն ռումբ չէր»: Ան աւելցուցած է. «Կրցած ենք խուսափիլ յոռեգոյնէն»:
Պելճիքական «Տեռնիեր Էօր» օրաթերթը, վկայակոչելով իր աղբիւրները, հաղորդած է, որ տղամարդը ապրած է Մոլենպեք թաղամասին մէջ, ուր կ՛ապրէին Փարիզի եւ Պրիւքսէլի մէջ նախապէս գործուած ահաբեկչութիւններուն կազմակերպիչները եւ անոնց գործակիցները:
Պելճիքայի կառավարութեան կից գործող ճգնաժամային կեդրոնը յայտնած է, որ երկրին իշխանութիւնները որոշած են ուժեղացնել անվտանգութիւնը Պրիւքսէլի գնացքի կայարաններուն եւ փապուղիներուն մէջ: