Շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ բազմաթիւ առաջարկներ ստացած է, յայտնեց ֆութպոլիստին գործակատարը` Մինօ Ռայոլա:
«Իպրահիմովիչի մօտ ամէն ինչ լաւ է: Ան բազմաթիւ առաջարկներ ստացած է Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ տեղերէ: Կու գամ նշելու, որ ան չի պատրաստուիր խաղալու Նափոլիէն, ո՛չ ալ առաջարկ մը ստացած է Ա. Սէ. Միլանէն», ըսաւ Ռայոլա:
35 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ կ՛աւարտի 30 յունիս 2017-ին:
Նախորդ տարեշրջանին ան անգլիական ակումբին հետ 46 մրցումի ընթացքին 28 կոլ նշանակելէ ետք վիրաւորուեցաւ եւ այժմ ապաքինումի ընթացքի մէջ է: