Կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին քննարկուելիք հիմնական հարցը պիտի ըլլայ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման վերաբերող թղթածրարը:
Իսկ վաղուան օրակարգին համաձայն, նախագահական պալատը պիտի հիւրընկալէ հանդիպում մը` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն միջեւ:
Ցարդ յստակ դարձած է, թէ կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերուն բոլոր ղեկավարները ներկայ պիտի գտնուին խորհրդակցական հանդիպումին, բացի Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն, որ երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով պիտի ներկայացուի կրթութեան նախարար Մարուան Համատէով, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայէն, որուն ներկայացուցիչը տակաւին յստակ չէ: (Կը նախատեսուի, որ սէյիտ Նասրալլան ներկայացնէ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատը կամ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմը):
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց նախարար Համատէն, որուն հետ քննարկեց պետական քննութիւններուն ընթացքը, ինչպէս նաեւ նախարարութեան որդեգրած վարչական, ապահովական եւ գումակային բոլոր միջոցառումները, որոնց շնորհիւ պետական քննութեանց հոլովոյթը դիւրաւ ընթացած էր ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Նախագահ Աուն մաղթեց, որ պետական քննութիւններուն արդիւնքները շուտով հրապարակուին` ընդգծելով լիբանանեան վկայականներուն մակարդակը բարձր պահելու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Համատէ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին, որ զօրակցեցաւ նախարարութեան եւ նախաձեռնութիւններ առաջադրեց` պետական քննութիւններուն հեզասահ ընթացք ապահովելու համար:
Համատէ յայտնեց, որ նախագահ Աունի նախաձեռնութեամբ եւ ստորագրած հրամանագիրով 52 միլիառ լ. ոսկիի փոխանցում մը կատարուած է պետական պիւտճէի պահ դրուած գումարէն` պայմանագրութիւն ստորագրած ուսուցիչներուն աշխատավարձերը Ֆիթրի տօնէն առաջ վճարելու նպատակով:
Համատէ աւելցուց, որ այդ նախաձեռնութիւնը շատ դրական մթնոլորտ մը ստեղծած է պետական քննութիւնները կազմակերպելու, գործադրելու եւ սրբագրելու իմաստով:
Համատէ նշեց նաեւ, որ նախագահ Աունին յայտնած է, թէ վաղուան հանդիպումին ընթացքին ինք պիտի ներկայացնէ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որ Մոսկուա պիտի ըլլայ:
Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Համատէ ըսաւ, որ պրէօվէի պետական քննութեան արդիւնքները պիտի հրապարակուին 29 յունիսին: