Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իմ Եւ Նախագահ Աունի Միջեւ Կայ Համաձայնութիւն Մը Եւ Նոյնութիւն Մը, Որ Ներդաշնակութենէ Մը Աւելի Է» Շեշտեց Պըրրի

June 21, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Մամլոյ սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքը լիբանանեան օրէնք է, լիբանանեան համաձայնութիւն մը եւ համախոհութիւն մը` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերը երեսփոխանական աթոռներ պիտի կորսնցնեն, սակայն ի վերջոյ երկիրը կը մնայ առաջին շահաւորը:

Պըրրի շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքը բոլոր լիբանանցիներուն համար իսկական յաղթանակ մըն է` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ գոյացած համախոհութիւնը լաւատեսութեան եւ ապահովութեան մթնոլորտ մը տարածած է լիբանանցիներուն շուրջ:

Ան անհրաժեշտ նկատեց մագնիսական կամ ելեկտրոնային քարտին դրութիւնը` աւելցնելով, որ այդ քարտը ապահովելը հրաշքի համազօր չէ:

Պըրրի նշեց, որ այդ քարտին միջոցով կարելի է ամրապնդել երեսփոխանական ընտրութիւններուն թափանցիկութիւնը եւ ապահովել քուէարկող քաղաքացիին ու թեկնածուին արժանապատուութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ իր միջեւ յարաբերութիւններուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի ըսաւ. «Իմ եւ նախագահ Աունի միջեւ կայ համաձայնութիւն մը եւ նոյնութիւն մը, որ ներդաշնակութենէ մը աւելի է»:

Անդրադառնալով շաբաթական դրութեամբ հանրապետութեան նախագահին այցելելու աւանդութեան` Պըրրի յայտնեց, որ այդ աւանդութիւնը չի յարգուիր ապահովական պատճառներով:

Ան ընդգծեց խորհրդարանին մէջ կիներու ներկայացուցչութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ողջունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ ընտրական օրէնքն ու երեսփոխանական աթոռները իրենց տեղերը պահելու իմաստով արձանագրուած դրուատիքը:

Ան ողջունեց նաեւ Լիբանանի ապահովական իրավիճակը` շեշտելով, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը ճիգ չեն խնայեր եւ լաւապէս կը գործակցին երաշխաւորելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանին, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց ընտրական օրէնքի վաւերացման յաջորդող փուլը եւ կառավարութեան ստանձնելիք աշխատանքները, յատկապէս տնտեսական առումով:

Հասպանի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ առողջապահութեան մարզին զարգացման համար որդեգրուած միջոցառումները, ինչպէս նաեւ առողջապահական իմաստով Միջին Արեւելքի դիմագրաւելիք ապագայի մարտահրաւէրները:

Պաապտայի մէջ տեղի ունենալիք հինգշաբթի օրուան հանդիպումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հասպանի յայտնեց, որ այդ հանդիպումը դրական շարք մը արդիւնքներու պիտի յանգի, յատկապէս կառավարութեան եւ խորհրդարանին աշխատանքները աշխուժացնելու առումով:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հասպանի ընդգծեց, որ մագնիսական քարտը պայման չէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու առումով` աւելցնելով, որ 11 ամսուան ժամկէտը խորհրդարանին պաշտօնավարութեան կը վերաբերի, իսկ երեսփոխանական ընտրութիւնները որեւէ ատեն եւ ամէնէն մօտիկ ապագային ալ կարելի է կատարել` մագնիսական քարտէն բացի գործնական այլ միջոցներով:

Հասպանի անհրաժեշտ նկատեց կիներուն ներկայացուցչութիւնը խորհրդարանին մէջ` հաստատելով, որ քաղաքական կեանքին մէջ կիներուն դերակատարութիւնը պէտք է ըլլայ հիմնական եւ այս իմաստով ան կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն, որ յաջորդ ընտրութիւններուն անվարան առաջադրեն կին թեկնածուներ:

Ֆիթրի տօնին առիթով Պըրրի շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ Սուրիոյ եւ Ալճերիոյ խորհրդարանի նախագահներ Հատիէ Ապպասէն եւ Սայիտ Պոհժայէն:

 

Նախորդը

Հարիրի. «Ժամանակն Է Վերջ Տալու Ասատի Վարչակարգին Եւ Սուրիացի Գաղթականներուն Անվտանգ Տունդարձը Ապահովելու»

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը, Իսկ Վաղը Խորհրդակցական Նիստ` Պաապտայի Մէջ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.