Ֆրանսայի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու երկրորդ փուլ անցած հայ եւ հայամէտ թեկնածուներուն գրեթէ բոլորը յաղթանակ արձանագրած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»:
Հայազգի թեկնածուներուն մեծ մասը առաջադրուած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ղեկավարած «Յառաջ ընթացող հանրապետութիւնը» կուսակցութեան կողմէ:
Ռոնի 13-րդ ընտրատարածքին մէջ յաղթանակ արձանագրած է «Յառաջ ընթացող հանրապետութիւնը» կուսակցութեան թեկնածու Տանիէլ Ղազարեան` ապահովելով քուէներուն 55,18 առ հարիւրը: Նոյն կուսակցութեան թեկնածու Ժաք Մարիլոսեան ընտրուած է Օ-տը-Սենի 7-րդ ընտրատարածքէն` ստանալով ձայներուն 57,8 առ հարիւրը: Երրորդ հայազգի յաղթական թեկնածուի անունն է Կիյոմ Գասպարեան: Հայազգի թեկնածուներէն պարտութիւն կրած է միայն Մաքրոնի կուսակցութեան թեկնածու Փասքալ Շամասեան, որ պարտութիւն կրած է «Հանրապետականներ» կուսակցութեան թեկնածու Վալերի Պուայէէն, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծերէն մէկուն հեղինակն է:
Ֆրանսայի տարբեր շրջաններուն մէջ ընտրուած են նաեւ տարբեր կուսակցութիւններու անդամ հայանպաստ դիրքորոշում ունեցող բազմաթիւ թեկնածուներ, ինչպէս Կի Տեսիէն, Ֆրանսուա Միշել Լամպերը, Ժան Լիւք Քարվունասը, Ֆրանսուա Փուփոնին, Վալերիա Ֆոր-Մունթիանը, Պրիւնօ լը Մերը, Ժան Քրիսթոֆ Լակարտը եւ ուրիշներ:
Հայանպաստ դիրքորոշում ունեցող պարտութիւն կրած ամէնէն յայտնի թեկնածուն Ֆրանսուա Ռոշպլուանն է: