Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Էրտողան Կը Խոստանայ Հակադարձել. Թիլըրսըն. «Էրտողանի Թիկնապահներուն Դէմ Ամբաստանագիրը Յստակ Պատգամ Մըն Է, Թէ Ուաշինկթըն Խօսքի Ազատութիւնը Ճնշելու Փորձերը Չի Հանդուրժեր»

Յունիս 17, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն, մեկնաբանելով Ուաշինկթընի ոստիկանութեան` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներէն 12-ը Ուաշինկթընի մէջ 16 մայիսին ցուցարարներուն դէմ կատարուած յարձակումի հարցով ձերբակալելու հրամանագիրը, յայտնեց. «Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներուն դէմ ամբաստանութեանց ցանկը յստակ պատգամ մըն է, թէ Ուաշինկթըն խօսքի ազատութիւնը ճնշելու փորձերը չի հանդուրժեր»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոյերթ յայտարարեց, որ առաջադրուած մեղադրանքները կը վկայեն, որ Միացեալ Նահանգներ բացարձակապէս չեն հանդուրժեր բոլոր անոնք, որոնք կ՛ահաբեկեն ու բռնութիւն կը կիրարկեն, որպէսզի ճնշեն խօսքի ազատութիւնը:

Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի քննարկէ յաւելեալ քայլերու ձեռնարկման անհրաժեշտութիւնը:

Նշենք, որ ամերիկեան իշխանութիւնները յայտնած էին, որ ձերբակալման հրամանագիրը կիրարկելի է միայն ամերիկեան հողամասերուն վրայ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին մեկնաբանելով հրամանագիրը դատապարտեց զայն: «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» հաղորդեց, որ Էրտողան յայտնած է, թէ ամերիկեան ձերբակալման այդ գիրերուն դէմ պիտի դնէ քաղաքական գետնի վրայ: Թրքական «Սապահ» օրաթերթին համաձայն, Էրտողան յայտնած է.«Հարցը լուծելու համար քաղաքական եւ դիւանագիտական գետնի վրայ մեր կարելին պիտի ընենք»:

Թրքական լրատուամիջոցները նաեւ կը հաղորդեն, որ ան ըսած է. «Անոնք իմ տասներկու թիկնապահներս կալանաւորելու հրաման արձակած են: Եթէ թիկնապահներս չեն կրնար զիս պաշտպանել, ապա իբրեւ ի՞նչ ես զիրենք հետս Միացեալ Նահանգներ կը տանիմ»:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած է Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը եւ անկէ բացատրութիւն պահանջած Էրտողանի տասներկու թիկնապահները կալանաւորելու որոշումին վերաբերեալ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն այդ որոշումը կոչած է «անօրինական, անարդար եւ անընդունելի»:

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են.«Մենք Միացեալ Նահանգներու դեսպանին ըսինք, որ Ուաշինկթընի մէջ մեր դեսպանատան դիմաց ծեծկռտուքը տեղի ունեցած է այն պատճառով, որ տեղական իրաւապահ մարմինները չեն ձեռնարկած անհրաժեշտ միջոցառումներուն: Եթէ Միացեալ Նահանգներ ձեռնարկէին այն քայլերուն, որոնք կը կատարուին այդպիսի բարձրաստիճան այցելութիւններու ժամանակ, այդպիսի խնդիր չէր ըլլար, հետեւաբար մեր քաղաքացիները պատասխանատուութեան չէին ենթարկուեր»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն նշած են, որ որոշումը տրուած է առանց անկողմնակալ ու անկախ հետաքննութեան:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունեց Ուաշինկթընի քաղաքապետ Մուրիէլ Պաուզըրի եւ Ուաշինկթընի ոստիկանապետ Փիթըր Նիւշըմի կողմէ մանրամասն հետաքննութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք 18 մարդու, ներառեալ Էրտողանի 12 թիկնապահներու ձերբակալման որոշում տրուեցաւ: Յանձնախումբը կատարուածը որակած է իբրեւ «նշանակալի քայլ դէպի արդարութիւն»:

«Մենք բարձր կը գնահատենք գործունէութիւնը քաղաքապետ Պաուզըրի, ոստիկանապետ Նիւշըմի եւ առնչակից բոլոր իրաւապահ մարմիններուն, որոնք այդպիսի քայլ կատարած են` մեղաւորները արդարութեան բերելու գործին մէջ, եւ կ՛ակնկալենք շարունակել աշխատանքը համապատասխան մարմիններու հետ` բացայայտելու բոլոր մեղսակից անձերը: Օրինապահ մարմինները կ՛ընեն գործի իրենց բաժինը, այժմ ժամանակն է, որ Թրամփի վարչակարգը գործի անցնի եւ Թուրքիայէն պահանջէ վերցնել դիւանագիտական անձեռնմխելիութեան պահանջները այս յանցանքին բոլոր մեղսակիցներուն համար, որպէսզի քրէական գործը յառաջ ընթանայ եւ արդարութիւն հաստատուի», ըսաւ Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

 

Նախորդը

Վաղը` Ֆրանսայի Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Երկրորդ Փուլ. Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կոչ Կ՛ուղղէ Քուէարկելու Հայ Դատի Բարեկամներուն

Յաջորդը

Արա Բաբլոյեան Սահմանագիծ Այցելեց

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով  Կը Շարունակեն Նստացոյցը
Հայկական

Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակեն Նստացոյցը

Յուլիս 14, 2025
Ըստ Հայաստանի Արտաքին  Գործոց Նախարարութեան.  Պաքուն Ամէն Ինչ Պիտի Ընէ ՔՈՓ29-էն Ետք  Նոր Նախայարձակումի Համար
Հայկական

Բադալեան. «Երեւան Ապու Տապիի Հանդիպումը Կը Նկատէ Յաջող, Եւ Կը Հաստատենք, Որ Անիկա Կրնայ Խաղաղութեան Հոլովոյթի Հետագայ Իրականացման Լուրջ Հիմք Հանդիսանալ»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?