Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղած է աշխուժ մասնակցութիւն բերելու երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին եւ ձայն տալու Հայ դատի բարեկամներուն: Այդ մասին նշուած է յանձնախումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
«Առաջին փուլէն առաջ մենք մեր զօրակցութիւնը յայտնած էինք այն թեկնածուներուն, որոնք եղած են եւ միշտ պիտի շարունակեն ըլլալ մեր կողքին: Անոնցմէ ոմանք, հակառակ Ազգային ժողովին մէջ իրենց նշանակալի աշխատանքին, չանցան երկրորդ փուլ: Կ՛ուզենք ողջունել անոնց ջանքերը եւ խորին շնորհակալութիւն յայտնել: Կը Վերահաստատենք մեր զօրակցութիւնը երկրորդ փուլ անցած թեկնածուներուն, եւ կոչ կ՛ուղղենք համախմբուելու` ապահովելու համար անոնց վերընտրութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Յանձնախումբը դիմած է բոլոր անոնց, որոնք չեն մասնակցած առաջին փուլի քուէարկութեան, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք այլ նախընտրութիւններ ունեցած են` կոչ ուղղելով համախմբուելու, որպէսզի «Հայ դատը Ազգային ժողովին մէջ ունենայ առաւելագոյն թիւով բարեկամներ»:
Հայ դատի յանձնախումբը իր զօրակցութիւնը յայտնած է հանրապետականներէն Վալերի Պուայէին, Մարին Պրենիէին, Կի Թեյիէին, Ընկերվարական կուսակցութենէն Լիւք Քարվունասին, Ֆրանսուա Փուփոնիին, Նաժատ Վալօ-Պելքասեմին, «Յառաջդիմող հանրապետութիւնը» կուսակցութենէն Կիոմ Գասպարեանին, Ֆրանսուա Միշել Լամպերին, Ժողովրդավարներու եւ անկախներու միութենէն Ֆրանսուա Ռոշպլուանին: Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղած է Ռոնի 13-րդ ընտրատարածքի ընտրողներուն իրենց ձայնը տալու «Յառաջդիմող հանրապետութիւնը» կուսակցութենէն Տանիէլ Ղազարեանին:
Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնած է, որ Թուրքիոյ աջակցութեամբ ստեղծուած կուսակցութիւնը` Հաւասարութիւն եւ արդարութիւնը չկրցաւ յաղթահարել 1 առ հարիւրի սահմանը, որուն պատճառով պիտի զրկուի պետական օժանդակութենէն:
«Սիրելի՛ բարեկամներ, սիրելի՛ հայրենակիցներ, երեսուն տարի առաջ` 18 յունիս 1987-ին, Եւրոպական խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ կոչ ուղղած է քաղաքական լուծում գտնելու: Այդ խորհրդանշական օրը` 18 յունիսին, պէտք է տեղի ունենայ զանգուածային քուէարկութիւն` Հայ դատի բարեկամներու օգտին: կը վստահինք ձեր համախմբումին: Պէտք է համոզել ձեռնպահ մնացածներուն քուէարկելու այն թեկնածուներու օգտին, որոնք ապագայ Ազգային ժողովին մէջ պիտի հանդիսանան մեր հիմնական զօրակիցները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: