Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Երկրորդ Փուլ Անցած Են Չորս Հայ Թեկնածուներ

June 14, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Նոր Յառաջ» կը գրէ, որ կիրակի, 11 յունիսին Ֆրանսայի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջին փուլի ընթացքին 7882 թեկնածուներու շարքին եղող չորս հայ թեկնածուներ հաւաքած են երկրորդ փուլ անցնելու համար անհրաժեշտ քանակութեամբ քուէներ: Միայն չորս թեկնածուներ յաջողած են առաջին փուլէն ընտրուիլ:

Նախնական արդիւնքներու համաձայն,  Օ տը Սենի 7-րդ ընտրատարածքին մէջ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հիմնած «Յառաջ ընթացող հանրապետութիւն» կուսակցութեան թեկնածու Ժաք Մարիլոսեան 48,48 առ հարիւր քուէներով գրաւած է առաջին դիրքը: Ան երկրորդ փուլին պիտի մրցի Հանրապետականներ կուսակցութեան թեկնածու Էրիք Փերթոաթիի դէմ, որ հաւաքած է քուէներուն 27,91 առ հարիւրը:

Ռոնի 13-րդ ընտրատարածքին մէջ Մաքրոնի կուսակցութեան թեկնածու Տանիէլ Ղազարեան գրաւած է առաջին դիրքը` ստանալով քուէներուն 33,99 առ հարիւրը: Ան երկրորդ փուլին պիտի մրցի Հանրապետականներ կուսակցութեան թեկնածու Ֆիլիփ Մէոնիէի դէմ, որ ստացած է քուէներուն 20,81 առ հարիւրը:

Պուշ տիւ Ռոնի առաջին ընտրատարածքին մէջ Մաքրոնի կուսակցութեան թեկնածու Փասքալ Շամասեան գրաւած է առաջին դիրքը` ապահովելով քուէներուն 29,43 առ հարիւրը: Ան երկրորդ փուլին պիտի մրցի Հանրապետականներ կուսակցութեան թեկնածու Վալերի Պուայէի դէմ, որ հաւաքած է քուէներուն 24,38 առ հարիւրը:

Շերի երկրորդ ընտրատարածքին մէջ «Ժողովրդավարական շարժում» կուսակցութեան թեկնածու Նաթիա Եսայեան գրաւած է առաջին դիրքը` ապահովելով քուէներու, 33,6 առ հարիւրը: Ան երկրորդ փուլին պիտի մրցի համայնքի ղեկավար Նիքոլա Սանսիւի դէմ, որ ապահոված է քուէներուն 24,40 առ հարիւրը:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Վաւերացնէ Համամասնական Դրութեան Վրայ Հիմնուած Ընտրական Օրէնքը

Յաջորդը

Էդուարդ Նալբանդեան. «Ատիկա Ազրպէյճանի Երեւակայութիւնն Է»

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.