Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին 9-րդ օրը` երէկ, Ռուսիան ներկայացնող հայ թենիսմեն Կարէն Խաչանովի յաղթական ընթացքը կասեցուեցաւ, երբ ան 6-3, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Դ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին, աշխարհի թիւ 1 դասուած անգլիացի մարզիկ Էնտի Միւրէյէն: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 2 ժամ եւ 5 վայրկեան:
Պէտք է նշել սակայն, որ 21 տարեկան Խաչանով բաւական տպաւորիչ ելոյթներ ունեցաւ եւ արձանագրեց ուշագրաւ արդիւնքներ:
Դ. հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց եւ քառորդ աւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ 2-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ` սպանացի Ալպերթ Ռամոսը (19-րդ) 7-6, 6-1 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով:
Աղջկանց մրցումներուն, մրցաշարքը չկրցաւ շարունակել եւ Դ. հանգրուանին պարտութիւն կրեց 10-րդ դասուած ամերիկացի Վինըս Ուիլիըմզ, որ 5-7, 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով պարտուեցաւ 30-րդ դասուած զուիցերիացի Թիմէա Պաքսինսզքիէն (27 տարեկան): Ուիլիըմզ 36 տարեկան է:



