Բազմաթիւ այլ երկիրներու նման, Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց փինկ փոնկի ազգային խումբերը իրենց մասնակցութիւնը բերին գերմանական Տիւսելտոլֆ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած փինկ փոնկի աշխարհի ախոյեանութեան:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 106 երկիրներէ 325 տղաք եւ 262 աղջիկներ:
Լիբանանցի մարզիկներն էին` Աւօ Մումջողլեան, Մոհամետ Համիէ, Ղալեպ Ֆահըս, Մէյսա Պըսէյպես, Թալիա Ազար եւ Միրիամ Հապաշ:
Երէկ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց լիբանանցի մարզիկներուն արձանագրած արդիւնքները:
Աւօ Մումջողլեան, որ մաս կազմեց 61-րդ խմբակին, յաղթեց Կիպրոսի ախոյեան Քրիսթոֆ Սաւայի (4-0), ապա պարտուեցաւ Հոլանտայի ախոյեան Ռաժքօ Կոմրասէն (4-0) եւ նիկերիացի Օժ Օնալապուէն (4-0):
Տղոց զոյգի մրցումներուն Աւօ Մումջողլեան-Մոհամետ Համիէ զոյգը պարտուեցաւ Թրոմըր-Օսթանտըր (Հոլանտա) զոյգէն:
Խառն զոյգի մրցումներուն, Աւօ Մումջողլեան-Մէյսա Պըսէյպես զոյգը յաղթեց Նաւլի Պապլի-Այուսիֆ Էլիա (Կիպրոս) զոյգին` 3-2 արդիւնքով, ապա 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Նարիտի Նինօ-Ճոհանսըն Պինօ (Վիեթնամ) զոյգէն:
Այս ախոյեանութեան իրաւարարներէն եղաւ նաեւ լիբանանցի Փիեռ Հանի: