
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ երէկ յայտարարուեցաւ, որ Ռամունաս Պութաութաս (Լիթուանիա) նշանակուեցաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբի մարզիչ:

53 տարեկան նոր մարզիչը իր երկրին ազգային խումբին հետ 2007-ին Եւրոպայի ախոյեանութեան հանդիսացաւ երրորդ, իսկ անկէ առաջ` 2004-ին, Լիթուանիոյ 20 տարեկանէն վար խումբին հետ տիրացաւ պրոնզ մետալի:
Ան այժմ Լիբանանը պիտի պատրաստէ լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու համար Ասիա-2017-ի ախոյեանութեան եւ պիտի փորձէ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել Ասիոյ յառաջիկայ ախոյեանութեան` ապահովել կարենալու համար 2019-ի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի տոմս մը:
Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց փլէյ-օֆի ախոյեանութեան առաջին մրցումին, երէկ գիշեր Հուփս իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ Բ. դասակարգի Անթունիէ խումբէն` 86-72 արդիւնքով: