Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 4 յունիսին տեղի ունեցաւ Ժեզզինի 6-րդ ռելին` մասնակցութեամբ 24 ինքնաշարժներու:
Ապտօ Ֆըղալի իր օգնականին` Մարք Հատտատի հետ («Ֆապիա Սքոտա»), հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 1 ժամ 12’13” արդիւնք մը:
Անոր մեծ եղբայրը` Ռոժէ Ֆըղալի, իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ («Միթսուպիչի լանսըր-Էվօ-10»), գրաւեց 2-րդ դիրքը (1 ժամ 13’23”):
Իսկ փոտիում բարձրացող երրորդ վարորդը հանդիսացաւ Թամեր Ղանտուր, որ իր օգնականին` Սելիմ Ժալիլաթի («Էվօ-10») հետ արձանագրեց 1 ժամ 15’37” արդիւնք մը:
Ժոզեֆ Հընտիի օգնականը` Վիգէն Գընլըճեան, հանդիսացաւ չորրորդ («Էվօ-10»)` արձանագրելով 1 ժամ 16’07”:
Այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն էր 272.111 քմ:
27 ինքնաշարժներէն 17-ն, յաջողեցան աւարտել այս ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի 2017 տարեշրջանի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Ռելիին աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` «Ա.Թէ.Սէ.Էլ.»-ի պատասխանատուներուն կողմէ: