Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան. «Հայրենի Բնութեան Պահպանութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Իւրաքանչիւրիս Առաքելութիւնը»

June 6, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան ուղերձ մը յղած է Շրջակայ միջավայրի համաշխարհային օրուան առիթով: Ուղերձին մէջ մասնաւորաբար կը նշուի.

««Ես բնութեան հետ եմ» կոչը ընտրած է երկրագունդի բնակչութիւնը իբրեւ Շրջակայ միջավայրի համաշխարհային օրուան 2017-ի կարգախօս: Անիկա կը բարձրացնէ մեր ժամանակներու համամարդկային ամէնէն կարեւոր հարցերէն մէկը: Այսօր մարդու գործունէութիւնը այնպիսի ծաւալներ ու բնոյթ ստացած է, որ օրինաչափ հարց կը ծագի` մարդը բնութեան դէ՞մ է, թէ՞ հետ: Մարդկութեան ապագայի տեսլականը կը թելադրէ մէկ պատասխան` ժողովուրդներու կայուն զարգացումը եւ յարատեւումը կարելի է միայն բնութեան հետ ներդաշնակ ապրելով:

«Հարցը մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ մեր երկրին եւ ժողովուրդին համար: Այսօր մեր պատմական մեծ բնօրրանէն մեզի բաժին հասած փոքր հատուածի հարուստ եւ ինքնատիպ բնաշխարհը պահպանելու եւ արժանապատուօրէն սերունդներուն փոխանցելու հրամայականին առջեւ  կանգնած ենք: Այդ գիտակցութիւնը պէտք է գերակայէ մեր գործունէութեան բոլոր մարզերուն, ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն մէջ: Տնտեսութեան զարգացումը պէտք է յենի ոչ թէ բնական պաշարներու գերշահագործման վրայ, այլ պահպանուած բնութիւնը ինքնին իբրեւ արժէք եւ արժէք ստեղծող հենք դիտարկելու:

«Այս եւ բնապահպանական այլ հարցեր կարելի չէ լուծել միայն պետական գործիքակազմով: Հայրենի բնութեան պահպանութիւնը պէտք է ըլլայ  իւրաքանչիւրիս առաքելութիւնը` մանկահասակ երեխայէն մինչեւ հասուն քաղաքացիի, պետական ծառայողէն մինչեւ բնական պաշարներու հաշուոյն ձեռներէցութեամբ զբաղուողի: Բնապահպանութիւնը պէտք է դառնայ կենսակերպ:

«Շրջակայ միջավայրի պահպանութեան գաղափարը պէտք է իր կայուն տեղը ունենայ մեր ժողովուրդի արժէքային համակարգին մէջ: Բնապահպանութիւնը մեր պետականութեան հիմնաքարերէն մէկն է եւ կը պահանջէ բոլորիս համարժէք մօտեցումը»:

Նախորդը

Հարաւային Լիբանանի Մէջ. Հայկական Խաղաղապահ Ուժերու Հերթափոխի Պաշտօնական Արարողութիւն

Յաջորդը

Վիգէն Սարգսեանը ՀՀԿ Եւ «Ծառուկեան» Խմբակցութիւններուն Ներկայացուցած Է «Ես Եմ» Եւ «Պատիւ Ունիմ» Ծրագիրները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.