Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան Հաղորդագրութիւնը

June 2, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ  ծառայութիւնը կը հերքէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան երէկ տարածած հաղորդագրութիւնը շփման գիծին մէջ հրամանատարական դիտակէտ եւ տեսադիտարկման համակարգ ոչնչացնելու մասին:

«Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ  ծառայութիւնը քիչ առաջ հանդէս եկած է հերթական ապատեղեկատուութեամբ` նշելով, թէ արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ ոչնչացուած է հրամանատարական դիտակէտ եւ տեսադիտարկման համակարգ` հաղորդագրութեան կցելով անյաջող բեմադրուած տեսագրութիւն: Հակառակորդ կողմի հերթական ապատեղեկատուութիւնը ընդունեցէք իբրեւ տուեալ երկրի ռազմաքաղաքական քարոզիչներու վառ երեւակայութեան հերթական արգասիք», ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

«Առաջնագիծին մէջ կը շարունակուի պահպանուիլ յարաբերական հանգիստ իրադրութիւն», կը վստահեցնէ Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Նախանցեալ օր ալ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած էր նոյն օրը Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած էր, թէ ոչնչացուած է Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին պատկանող երկարաժամկէտ կրակակէտ: «Աւելի՛ն. այսօրուան ընթացքին  զինադադարի պահպանման դրութեան լուրջ խախտումներ չեն արձանագրուած, իսկ նման բովանդակութեամբ ապատեղեկատուութեան տարածումը բացառապէս ուղղուած է ազրպէյճանական լսարանին: Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ լիակատար վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծին մէջ եւ որեւէ կորուստ չէ  ունեցած», ըսուած էր Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան 31 մայիսի հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Մնայուն Յանձնախումբերը Նախագահներու Տեղակալներ Ընտրած Են

Յաջորդը

Իրաքցի Շիիներու Աշխարհազօրը Կը Հերքէ Մուտք Գործած Ըլլալ Սուրիա

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.