Հայաստանի Ազգային ժողովի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ 31 մայիսին տեղի ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու նիստեր, որոնց օրակարգերուն վրայ եղած է յանձնախումբերու նախագահներու տեղակալներու ընտրութեան հարցը:
«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 138-րդ յօդուածին համաձայն, ընտրուած են Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու նախագահներու տեղակալները:
Ազգային ժողովի առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահի տեղակալ ընտրուած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Աղուան Վարդանեան:
Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահի տեղակալի պաշտօնին ընտրուած է ՀՀԿ խմբակցութեան անդամ Հերմինէ Նաղդալեան:
Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահի տեղակալ ընտրուած է Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան անդամ Կարէն Աւագեան:
Եւրոպական համարկման հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահի տեղակալ ընտրուած է Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան անդամ Սամուէլ Ֆարմանեան:
Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահի տեղակալ ընտրուած է Ազգային ժողովի «Ծառուկեան» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Մանուկեան:
Պետական-իրաւական եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահի տեղակալ ընտրուած է Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան անդամ Ռուստամ Մախմուդեան:
Տարածքային կառավարման, տեղական ինքնակառավարման, գիւղատնտեսութեան եւ բնապահպանութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահի տեղակալ ընտրուած է Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան անդամ Արայիկ Յովհաննիսեան:
Տնտեսական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահի տեղակալ ընտրուած է ազգային ժողովի «Ծառուկեան» խմբակցութեան անդամ Արգամ Աբրահամեանը:
Ֆինանսավարկային եւ պիւտճէական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահի տեղակալ ընտրուած է Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան անդամ Մանէ Թանդիլեան: