ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Յաջող օր մըն է ընտանեկան եւ այլ գործունէութեան հարցերով: Ուշադրութեամբ կատարեցէք օրուան աշխատանքները:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դուք ձեզի համար հաճելի գործունէութիւն պիտի կատարէք ձեր օգտին համար` առանց վնասելու ձեր պիւտճէին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բոլորին ուշադրութեան պիտի արժանանաք: Թոյլ տուէք, որ ձեզ քիչ մը շփացնեն, բայց` ոչ միշտ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ընտանեկան ոչ մէկ տօն աննկատ կը թողուք: Ձեր բախտը կախեալ է նման պատահարներէն: Դուք ձեզ բախտաւոր նկատեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Առիթներ պիտի ունենաք ձեր հին բարեկամները տեսնելու, ինչ որ ձեր նախկին օրերը պիտի յիշեցնեն եւ ձեզ պիտի երիտասարդացնեն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դուք ձեզ մի՛ պարտադրէք ապագայի վերաբերեալ գործունէութիւն մը: Կատարեցէք ձեր գործերը` ըստ օրուան պահանջին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք, որ պիտի խանդավառէ ձեզ: Ձեր վերադարձին այդ մասին պիտի արտայայտուիք ուրախութեամբ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ակնարկ մը նետեցէք ձեր հաշուեթուղթերուն վրայ: Ասիկա ձեր միտքը պիտի հանդարտեցնէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր հանդարտութիւնը վերագտնելու համար կատարեցէք մարզանք եւ եոկա: Գիտէի՞ք, որ այս հանգստութիւնը պիտի զօրացնէ ձեր ջիղերը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Խումբով քալելու պիտի երթաք եւ պիտի օգտուիք նման մարզանքէ: Սիրով կատարեցէք նման խմբային պտոյտներ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մարզանքի մէջ շատ բարձր դիրքի պիտի հասնիք: Օրը շատ յաջող պիտի ըլլայ մարզական կեանքին մէջ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընտանեկան այցելութիւն մը պիտի կատարէք, որով մօտեցում մը պիտի ունենաք: Օրը շատ զուարթ մթնոլորտի մէջ պիտի անցնի:
