22 մայիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն` նուիրուած զինուորական կարգապահութեան ամրապնդման եւ մարտական հերթապահութեան կազմակերպման պայմաններու կատարելագործման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներու քննարկման:
Հեռահաղորդակցութեան միջոցներու եւ տեսակապի միջոցով խորհրդակցութեան ներգրաւուած էին բանակային զօրամիաւորումներու, Երեւանի եւ Գիւմրիի կայազօրի հրամանատարական կազմերու ներկայացուցիչները, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան զինուժի ընդհանուր հրամանատարին զեկուցած են զինուորներու զգօնութեան բարձրացման եւ կարգապահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ իրականացուող նախաձեռնութիւններու մասին:
Խորհրդակցութեան ընթացքին զինուժի ընդհանուր հրամանատար, զօրավար Մովսէս Յակոբեանը յանձնարարած է շարունակել առաջնագիծին եւ մնայուն տեղակայման վայրերուն մէջ անձնակազմի զգօնութեան, մարտական հերթապահութեան պայմաններու, ամրաշինական կառոյցներու կատարելագործման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները եւ կեդրոնացնել ջանքերը հակառակորդի սադրանքներէն ու ոտնձգութիւններէն զերծ մնալու, դիրքապահ զինուորներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Այս առնչութեամբ հազարապետ-զօրավար Մովսէս Յակոբեան առաջադրած է որոշակի խնդիրներ, տուած շարք մը ցուցմունքներ: