22 մայիսին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀ) հիմնադրման 25-ամեակին նուիրուած յոբելենական վեհաժողովը, որուն նախորդեցին ՍԾՏՀ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի յատուկ նիստն ու կազմակերպութեան աւագ պաշտօնեաներու կոմիտէի արտահերթ նիստը: Վեհաժողովին բացումը կատարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Կը մասնակցէին Յունաստանի, Մոլտովայի նախագահները, Ռուսիոյ վարչապետը, շարք մը երկիրներու փոխվարչապետներ, արտաքին գործոց նախարարներ եւ փոխնախարարներ:
Վեհաժողովին եւ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը ղեկավարեց եւ ելոյթներով հանդէս եկաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան:
Վեհաժողովին իր ելոյթին ընթացքին արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը անդրադարձաւ անցած 25 տարիներուն ընթացքին կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ իրականացուած աշխատանքին` կարեւոր նկատելով կազմակերպութեան տնտեսական բաղադրիչի զարգացման ու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը: Ան ընդգծեց, որ շրջանային տնտեսական համագործակցութիւնը, բազմակողմանի եւ երկկողմանի ձեւաչափերով մշակուած տնտեսական նախագիծերը չեն կրնար լիարժէք իրականացուիլ փակ սահմաններու առկայութեան պարագային, իսկ շրջանային տնտեսական նախագիծերը պէտք է ներառեն բոլոր անդամ պետութիւնները` բացառելով որեւէ խտրականութիւն:
Անդրադառնալով վեհաժողովին Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատովի ելոյթին ընթացքին Հայաստանին հասցէագրուած մեղադրանքներուն` Աշոտ Յովակիմեանը նշեց, որ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը կրկին փորձ կատարեց օգտագործելու ՍԾՏՀ-ի ամպիոնը` ներկայացնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին աղաւաղուած պատկերը: «Մենք համոզուած ենք, որ այս վեհաժողովը այն տեղը չէ, իսկ ՍԾՏՀ-ն այն ձեւաչափը չէ, ուր պէտք է քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը: Ատիկա կատարելով` ազրպէյճանական կողմը ցուցադրեց իր անյարգալից վերաբերմունքը ՍԾՏՀ-ի կանոնադրութեան, կազմակերպութեան սկզբունքներուն ու նպատակներուն եւ այս վեհաժողովին նկատմամբ», նշեց Յովակիմեան:
Ազրպէյճանի շարունակական ռազմատենչ քաղաքականութեան, յատկապէս, ապրիլեան յարձակումներուն եւ անոր հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն ծիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը ներկայացուց այդ ջանքերուն տապալման ուղղութեամբ Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուող քայլերը` ընդգծելով, որ «մեղադրանքները, ռազմատենչ կեցուածքը եւ միակողմանի առաւելապաշտական պահանջները չեն կրնար լուծել տագնապը: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործին մէջ կարելի է հասնիլ յառաջընթացի, եթէ Ազրպէյճան հրաժարի ուժ գործադրելու քաղաքականութենէն եւ բարեխղճօրէն ներգրաւուի բանակցութիւններուն մէջ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու համաձայնեցուած ձեւաչափի շրջագիծին մէջ»:
Վեհաժողովը ընդունեց ՍԾՏՀ-ի յոբելենական հռչակագիրը, ուր անգամ մը եւս վերահաստատուեցաւ կազմակերպութեան տնտեսական բնոյթը:



