Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Մայիս 1967)

Մայիս 22, 2017
| Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կոմիտասեան Բարբառի Անխոնջ Սպասարկու
Բազմավաստակ Երաժիշտ-Երգահան
Բարսեղ Կանաչեան
Շիջեցաւ Երէկ Առաւօտ Պէյրութի Մէջ

Խոր ցաւով կը հաղորդենք հայ երաժշտութեան մեծանուն վարպետ Բարսեղ Կանաչեանի մահը, որ տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 21 մայիս, առաւօտեան ժամը 6:00-ին, «Մախլուֆ» հիւանդանոցին մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:

Ամիս մը առաջ ութսունամեայ վարպետը Պաղտատէն փոխադրուած էր Պէյրութ` գրեթէ յուսահատական վիճակի մէջ եւ յանձնուած` բժիշկներու խնամքին: Յառաջացած տարիքին բերումով, Կանաչեան չկրցաւ տոկալ այն հիւանդութեանց, որոնք տկարացուցած էին արդէն իսկ յոգնաբեկ մարմինը: Մեռաւ` շրջապատուած իր սիրելիներով, անպատում սուգի մատնելով հայ ժողովուրդը, որ Կանաչեանի մէջ տեսած ու հաստատած էր Կոմիտասի արժանաւոր յաջորդը, իր երգին, իր հարազա՛տ երգին  նոյնքան հարազատ արտայայտիչը:

Կանաչեանի մահով հայ երգը, արտասահմանի մէջ թէ հայրենիքի, կը կորսնցնէ մէկը այն հազուագիւտ վաստակաւորներէն, որոնք տիրացած էին անոր գաղտնիքին, անոր թաքուն գանձերուն:

Առիթը կ՛ունենանք տակաւին արտայայտուելու սիրելի Վարպետին մասին, որ իր արուեստին ուժով հայը հաղորդակից դարձուց իր հայրենի գեղեցկութիւններուն եւ փառքերուն:

Առ այժմ, սեղմ գիծերու մէջ, կու տանք բազմավաստակ երաժիշտ-երգահանին կենսագրութիւնը.

Բարսեղ Կանաչեան ծնած է 1885-ին, Ռոտոսթօ: Կօշկակարի մը զաւակն է: Երեք տարեկանին կը մեկնի Պոլիս եւ կը յաճախէ Կետիք Փաշայի ազգային վարժարանը: 90-ական թուականի դէպքերուն կը գաղթէ Պուլկարիա եւ կը շարունակէ ազգային ուսումը: Վառնայի մէջ կ՛աշխատի վաճառականի մը քով` իբրեւ գրագիր, երբ դեռ պատանի է: Միեւնոյն ատեն ջութակի դասեր կ՛առնէ:

Կ՛երթայ Ռումանիա, երաժշտութեան մասնաւոր դասեր կ՛առնէ, կ՛երգէ եկեղեցիներու մէջ եւ ջութակով կը մասնակցի նուագախումբերու:

Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք կը վերադառնայ Պոլիս եւ հոն կը կազմէ ու կը վարէ հայկական առաջին նուագախումբը` «Քնար»:

Պոլսոյ մէջ կը հանդիպի Կոմիտաս վարդապետին, ներկայ կ՛ըլլայ անոր համերգին: Չափազանց ազդուած` խումբին կը մասնակցի իբրեւ պաս: 300 հոգինոց խումբէն Կոմիտաս վարդապետ 16-18 հոգի կ՛ընտրէ իբրեւ սան, որոնց թիւը հետզհետէ կ՛իջնէ 5-ի: Անոնցմէ մէկն է Կանաչեան: Վրայ կը հասնի 1914-ի պատերազմը: Կանաչեան զինուոր է: Ամբողջ զինուորութեան շրջանին Կանաչեան կը նուագէ զինուորական նուագախումբերու մէջ, մինչեւ որ կ՛աքսորուի Տիգրանակերտ, ուր ծանր կերպով կը հիւանդանայ: Զինք կը ղրկեն Հալէպ: Հոն հասնելէն քիչ ետք զինադադար կը կնքուի:

Կանաչեան Հալէպի մէջ կը հաւաքէ գաղթական զինուոր տղաքը եւ երկսեռ երիտասարդութիւնը եւ համերգներ կը կազմակերպէ` մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հայ եւ օտար հասարակութեան մէջ:

Կ՛անցնի Կիլիկիա. հոն ալ համերգներ կու տայ եւ կը վերադառնայ Պոլիս:

Կոմիտաս չկայ այլեւս: Անոր հինգ սաները կը միանան Պոլսոյ մէջ եւ կը կազմեն «Կոմիտաս սանուց միութիւն»-ը: Համերգներ կու տան,  Կոմիտասի ֆոնտ կը կազմեն եւ Կոմիտասի երգերը կը հրատարակեն: Կանաչեան այս շրջանին կը գրէ իր գլուխ գործոցներէն մէկը` «Օրօր»-ը, մեներգի եւ խմբերգի համար:

Կոմիտասի սաները կը ղրկուին Փարիզ` իրենց ուսումը կատարելագործելու:

Կանաչեան Փարիզէն ետք կ՛անցնի Եգիպտոս եւ համերգներ կու տայ: Հոն կը գրէ «Տալիլօ»-ն: Կիպրոսի Մելգոնեան հաստատութենէն կը կանչուի իբրեւ ուսուցիչ: Կիպրոս կը մնայ եօթը տարի: Իր գլխաւոր գործերը գրած է Կիպրոսի մէջ, ուսուցչութեան շրջանին: Կիպրոսէն կ՛անցնի Եգիպտոս եւ անկէ, 1933-ին, կու գայ Լիբանան:

Լիբանանի մէջ կը գրէ «Վարդերի հետ»-ը, «Աբեղայ» օփերան, «Նանոր Նանոր»-ը, մեներգներ, որոնց թիւը կը հասնի 25-ի: Ունի մանկական երգերու շարք մըն ալ, որոնցմէ 20-ի չափ հրատարակուած են առանձին գրքոյկով: Կանաչեան դաշնաւորած է նաեւ արաբական երգեր` առաջին անգամ ըլլալով:

1933-1950 շրջանին, Կանաչեան ամէն տարի կանոնաւորաբար տուած է մէկ կամ երկու մեծ համերգ Պէյրութի մէջ, նոյնքան թիւով համերգներ` շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ, երբեմն, Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայաշատ կեդրոնները, ինչպէս` Հալէպ, Պիթիաս, Սօուք Օլուք, Դամասկոս, Թրիփոլի, Լաթաքիա, Զահլէ` արժանանալով հայ եւ օտար հասարակութեան գնահատանքին: 1946 մայիս 30-ին, Պէյրութի մէջ համազգային շուքով տօնուեցաւ իր երաժշտական գործունէութեան քառասնամեակը:

1945 թուականին Կանաչեան կորսնցուց իր աչքերուն լոյսը, աչքի ջիղերու քայքայումին պատճառով եւ հակառակ այս ծանր հարուածին` երբեք չյուսահատեցաւ, շարունակեց իր վսեմ առաքելութիւնը, մինչեւ որ այլեւս իր ուժերը  լքեցին զինք եւ հանգիստ պարտադրեցին իրեն:

1960-ին Կանաչեան մեկնեցաւ Պաղտատ, ուր մնայուն բնակութիւն հաստատեց: Ամառները կու գար Լիբանան: Եւ ամէն գալուն յայտնի էր, որ բան մը աւելի փլած է այս մեծ մարդէն, որ գիտցաւ երբեք չկորսնցնել իր զուարթամտութիւնը եւ արուեստագէտի հոգին:

Կանաչեան կը մեկնի անդարձ:

Իր երգը կ՛ապրի ժողովուրդի շրթներուն վրայ եւ հոգիին մէջ, անվերջ ու յաւերժ:

* * *

Մեծ Վարպետին յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ ազգային շուքով, չորեքշաբթի, 24 մայիս, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ս. Նշան եկեղեցիին մէջ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի 30-ամեակի Հունձքը

RelatedPosts

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Մարտ 18, 2020
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Մարտ 17, 2020
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?