ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ամէն ինչ ձեր փափաքածին պէս լաւ չ՛անցնիր: Ամէն պարագայի պէտք է դիմակալէք անակնկալ պատահարները:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրը շատ լաւ է աշխատանքի մէջ լաւ կէտեր նշանակելու համար եւ` հաստատելու ձեր տարբերութիւնը ուրիշներէն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեզի օգտակար պիտի ըլլան կարող մարդիկ, որոնք արդէն համբաւի տիրացած են: Ջանացէք հետեւիլ այսպիսի օրինակներուն յօգուտ ձեզի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մեծ պատահարներ պիտի ըլլան աշխատանքի մէջ: Որոշ խոստումներ պիտի չկատարուին: Յուսախաբ մի՛ ըլլաք եւ համբերեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Գիրքեր կան, որոնց մէջ եթէ մխրճուիք, դժուարաւ կրնաք դուրս ելլել, եւ այս կը ջղայնացնէ ընտանիքին կարգ մը անդամները:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ունիք կարգ մը խնդիրներ` կազմակերպչական մարզի մէջ: Ջանացէք գտնել որոշ առիթներ` յաղթահարելու համար դժուարութիւնները:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեզ կը բաղդատեն ուրիշներու հետ եւ ասիկա ամբողջովին հաւասար է ձեր կարողութեան: Դուք մնացէք ձեր կարողութեան սահմանին մէջ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ միայն աշխատանք ունիք կատարելիք, բայց կայ նաեւ ձեր գործակիցներուն մտահոգութիւնը: Հաւասարակշռեցէք ձեր վիճակը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աշխատանքի վայրին մէջ շատ մեղմ յարաբերութիւն պիտի ունենաք այնպիսի հարցերու վերաբերեալ, որոնք աւելի լուրջ է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ժառանգական հարցերու դիմաց պիտի գտնուիք: Անցեալի վէճերը պիտի յայտնուին դարձեալ, մթնոլորտը պիտի խանգարուի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այսօր միջնորդի դեր մը կատարելու պարտականութիւն պիտի ունենաք: Ձեր կեցուածքը պէտք է ըլլայ արդար եւ ոչ կողմնակալ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր գործունէութեան մէջ որեւէ բան մի՛ նախաձեռնէք առանց այդ մասին խօսած ըլլալու: Որոշումը հաւաքական պէտք է ըլլայ: