Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի 127-րդ նիստին արտասանած է Հայաստանի խօսքը, որուն մէջ նախ շնորհաւորած է Կիպրոսը` կոմիտէի յաջող նախագահութեան առիթով:
Խօսելով կիպրական նախագահութեան առաջնահերթութիւններէն նկատուող մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին` նախարարը շեշտած է, որ ասիկա շատ կարեւոր է հայ ժողովուրդին համար, որ մշակութային արժէքներու հսկայական կորուստներ կրած է իր պատմութեան ընթացքին եւ վերջերս ալ` Ազրպէյճանի մէջ այդ երկրի կառավարութեան ձեռքով, նաեւ Սուրիոյ մէջ` ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ: Նախարար Նալբանդեան յայտնած է, որ կիպրական նախագահութեան մէկ այլ առաջնահերթութիւն` կրթութեան միջոցով ժողովրդավարութեան հաստատումը, համերաշխ եւ հանդուրժողական հասարակութիւններու ստեղծման կարեւոր միջոց է: «Ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխարգիլման առումով առանցքային դեր կը խաղայ ժողովուրդներու յիշողութեան իրաւունքը, անոնց իրաւունքը յիշատակը յարգելու, կրթութեան միջոցով իրազեկ դառնալու անցեալին տեղի ունեցած ողբերգութիւններուն մասին», աւելցուցած է ան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը խօսած է «Ժողովրդավարական անվտանգութեան» հայեցակարգին մասին, որուն համաձայն, ժողովրդավար երկիրներու պարագային հաւանականութիւնը աւելի նուազ է պատերազմի սկսելու: Իբրեւ օրինակ ան վկայակոչած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, զոր Ազրպէյճան սանձազերծեց Արցախի ժողովուրդին դէմ` կատարելով միջազգային մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներ:
Ան շեշտած է, որ ապրիլեան դէպքերէն ետք գումարուած է երկու վեհաժողով, որոնց ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է խաղաղութեան հոլովոյթի յառաջ մղման նպատակով բարենպաստ պայմաններու ստեղծման, սակայն Պաքու կը հրաժարի գործադրել այս համաձայնութիւնները` հակառակ անոր որ անոնց կարեւորութիւնը բազմիցս ընդգծուած է, նաեւ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու վերջերս` 28 ապրիլին կայացած եռակողմ հանդիպման ընթացքին: Աւելի՛ն, հակադրուելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն եւ միջազգային հանրութեան հետեւողական կոչերուն` խստօրէն պահպանելու զինադադարի դրութիւնը, Պաքու կը շարունակէ կոպիտ կերպով խախտել եռակողմ զինադադարի համաձայնագիրները: