Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինսքի Խմբակի Յայտարարութեան Կարեւորութիւնը Շեշտող Հայաստանեան Եւ Արցախեան Արձագանգներ

Մայիս 20, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

18 մայիսին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կատարած յայտարարութիւնը ընդհանրապէս եւ զինադադարի դրութիւնը խախտողը ուղղակիօրէն նշելու երեւոյթը մասնաւորաբար արժանացան ուշադրութեան հայաստանեան եւ արցախեան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, որոնք համապատասխան կեցուածքներ արտայայտեցին:

19 մայիսին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան արձագանգած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն յայտարարութեան` նշելով, որ առաջին անգամն ըլլալով է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Ազրպէյճանի դէմ ուղիղ հասցէագրուած քննադատութիւն կը կատարեն: «Ասիկա կը վկայէ այն մասին, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛ընթանայ ժողովրդավարութեան ուղիով: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն յայտարարութեամբ կը հաստատուի այն իրողութիւնը, որ Հայաստանը իր բոլոր ջանքերը ի գործ կը դնէ ղարաբաղեան տագնապին լուծման բացառապէս խաղաղութեամբ հասնելու: Ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն, որոնց  պատկերացուցած ուղին զինուորական յարձակողական է: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն յայտարարութիւնը փաստ է այն մասին, որ մեր դիւանագիտական գործունէութիւնը յաջողած է: Մենք պիտի շարունակենք զօրացնել խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը», շեշտած է ան:

Համանախագահներուն յայտարարութեան մասին խօսած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան  նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան, որ դիտել տուած է, թէ համանախագահներուն հասցէագրուած յայտարարութիւնը նոր որակ կը հաղորդէ զինադադարի դրութեան պահպանման ջանքերուն:

«Ասիկա շատ դրական զարգացում է: Մենք բազմիցս ըսած ենք` ժամանակն է, որ յայտարարութիւնները ըլլան հասցէագրուած եւ խիստ: Գուցէ առաջին անգամն է, որ այսպիսի համախմբուած ու հասցէագրուած յայտարարութիւն կը կատարուի, եւ յստակ կը նշուի, որ 15 մայիսին Ազրպէյճան խախտած է զինադադարի դրութիւնը, հարուածած է զինուորական սարք մը եւ ի պատասխան ատոր, արցախեան կողմը ստիպուած դիմած է պատասխան գործողութիւններու: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ նոր որակ ստացած են զինադադարի դրութեան պահպանման ջանքերը», շեշտած է Դաւիթ Բաբայեան:

Ըստ անոր, եթէ յայտարարութիւնը հասցէագրուած է, կայ յստակ գնահատական, իրերը կը կոչուին իրենց անուններով, ուրեմն ատիկա հիմք է, որ ընթացք առնէ նոր հոլովոյթ մը, եւ զինադադարը խախտողը պատասխանատուութիւն կրէ իր ըրածին համար:  «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի յայտարարութիւնը կը խօսի այն մասին, որ բոլորը շահագրգռուած են շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանումով», յայտնած է Բաբայեան` աւելցնելով, որ Ալիեւի արկածախնդրութիւնը, ներքին խնդիրներէն հասարակութեան ուշադրութիւնը նման վտանգաւոր ձեւերով շեղելը անընդունելի են: Ան նշած է, որ այս յայտարարութեան պիտի յաջորդէ համապատասխան հոլովոյթ, թերեւս ոչ հրապարակային, բայց եւ այնպէս այդ չէ կարեւորը, հիմնականը այն է, որ միջազգային հանրութիւնը իր դիրքորոշումը աւելի յստակ ու խիստ կերպով կը ներկայացնէ:

 

 

Նախորդը

Նալբանդեան Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու Կոմիտէին Ուշադրութեան Կը Յանձնէ Ազրպէյճանական Զինադադարի Խախտումները

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Յայտարարութիւնը` Շփման Գիծին Մէջ Վերջին Զարգացումներուն Վերաբերեալ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?