ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կազմակերպեցէք ընտանեկան միացում մը: Այս լաւ առիթ մը պիտի ըլլայ վերյիշելու անցեալի գեղեցիկ օրերը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Գործի առաջարկ մը պիտի ընդունիք տարբեր շրջանի մը մէջ: Ասիկա նկատառելի փոփոխութիւն մը պիտի ըլլայ ձեր կեանքին մէջ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մեծ չափով յառաջդիմութիւն պիտի ունենաք օտար լեզուի մը մէջ` կարդալով այդ լեզուով գիրքեր, ոչ թարգմանուած:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դրամական եկամուտ մը պիտի ունենաք այնպիսի ատեն մը, ինչպէս` ծարաւը յագեցնող ըմպելի ջուր:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Նախքան ժամանակ անցընելու իտէալ վայր մը գտնելը` պէտք է լրջօրէն փնտռել: Բազմապատկեցէք այցելութիւնները:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մեծութիւն ցուցադրելը ձեր նկարագրին յարմար չէ: Այսպիսով, ամէն մարդ կ՛օգտուի ձեզմէ: Մնացէք համեստ վիճակի մէջ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այնքան ատեն որ կրնաք, կարելի եղածին չափ հեծիկ քշեցէք, ինչ որ մարզանքի լաւ ձեւ մըն է ձեզ առողջ պահելու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Միշտ փափաքը ունիք անցեալի պատահածին վրայէն գիծ մը քաշելու, ինչպէս նաեւ` անհաճոյ հարցերուն վրայ, ինչ որ դիւրին չէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ կը փափաքիք տուն մը գնել, կը նախընտրէք, որ անիկա ըլլայ դալար կանաչութեան մը մէջ: Կրնաք իրագործել ձեր փափաքը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ինչ որ ալ ըլլան ձեր գործունէութիւնները, դուք պիտի մօտենաք դրական իմաստով: Մնացէք նոյն տրամադրութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նոր ծրագիր մը պիտի գործադրէք, որ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ եւ մեծ հետաքրքրութիւն պիտի ստեղծէ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Խելացի եւ ձեր բարիքը փափաքող անձ մը ձեզի լաւ խրատներ պիտի տայ: Ընդունեցէք այս փորձառու անձին առաջարկը: